İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԿԵՐՊԱՐ

Երէկ յետմիջօրէին, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանը։ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան ընդառաջ մեզի համար օրհնաբեր այցելութիւն մըն էր այս մէկը։ Տէր հայրը, որ միեւնոյն ժամանակ մեր տաներէցն է, մեզի յանձնեց թանկագին նուէր մը։ Արդարեւ, ան հեղինակած է նոր գիրք մը, որ կը կոչուի՝ «Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեան Գատըգիւղի հետքերով»։ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ կողմէ լոյս ընծայուած է այս գիրքին, որու հրատարակութիւնը կը զուգադիպի երանաշնորհ պատրիարքի վախճանման 100-րդ տարելիցի շրջանին։ Տէր հայրը բազմակողմանի աշխատանք տարած է եւ այդ մէկը ձօնած՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բազմաբեղուն այս սպասաւորի երանելի յիշատակին։

Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան վերջին տարիներուն եկեղեցական անդաստանէ ներս սպասաւորութեան առընթեր, կարեւոր նպաստ մը կը բերէ նաեւ մեր մտաւորական կեանքին։ Իր ուսումնասիրութեամբ հրատարակուած գիրքերը անփոխարինելի նշանակութիւն կ՚ունենան մեր հաւաքական յիշողութիւնը վառ պահելու եւ մերօրեայ սերունդներուն անցեալի վերաբերեալ գիտակցութիւն առթելու, նաեւ այդ անցեալէն այսօրուան համար աւիշ ստանալու առումով։

Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի այս նոր գիրքը կը բաղկանայ 112 էջէ։ Բովանդակութիւնը առաւել չափով կը վերաբերի Օրմանեան Պատրիարքի եւ Գատըգիւղ թաղի յարաբերութիւններուն՝ մանաւանդ, որ լուսահոգի պատրիարքը վախճանած է Գատըգիւղի մէջ։ Անոնք, որոնք տարրական տեղեկութիւն մը ունին մեր համայնքի պատմութեան շուրջ, գիտեն՝ որ Օրմանեան Պատրիարք Գատըգիւղի մէջ թողած է անջնջելի հետքեր եւ անոնք մինչեւ այսօր հաւատացեալներուն համար ներշընչ-ման աղբիւր են եւ թաղի հոգեւոր սպասաւորներուն տեսակէտէ ուղեցոյց։ Օրմանեանի եւ Գատըգիւղի առընչութիւնները բիւրեղացնելու տեսակէտէ շատ կարեւոր գիրք մըն է այս մէկը ու նոյնքան կարեւոր է, որ ճիշդ ժամկէտով, ճիշդ ժամանակին հասած է հրատարակութեան։ Արդարեւ, մեր իրականութեան մէջ, դժբախտաբար, որոշ շարժառիթով մը նախատեսուած բազում հրատարակչական ծրագրեր կեանքի կը կոչուին տուեալ պահի անցնելէն վերջ, ինչ որ ստուեր կ՚ածէ անոնց նշանակութեան, կարեւորութեան վրայ։ Ուստի, տէր հայրը այնպիսի կարգապահութիւնով մը աշխատած է, որ յաջողած է ժամկէտի մէջ տեղաւորուիլ ու գիրքին հրատարակութիւնը հասցնել՝ Օրմանեանի վախճանման 100-րդ տարելիցի ներկայ շրջանին։ Սփիւռքեան մամուլի մէջ ալ բազում հեղինակներ վերջին շրջանին կ՚անդրադառնան Օրմանեանին՝ վախճանումէն դար մը անց։ Ուստի, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի այս գիրքը կը միանայ մամուլի էջերու մէջ կատարուած այդ հրատարակութիւններուն, կու գայ համալրելու այդ յիշատակութիւնները, սակայն միեւնոյն ժամանակ, ձեւով մը այդ բոլորը կը գերազանցէ՝ առանձին գիրքի մը ձեւաչափով լոյս տեսած ըլլալու բերումով։ Ներկայ տարուան տեւողութեան Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւորականաց դասու զանազան անդամները սփիւռքի մէջ կարեւորութեամբ շեշտեցին Օրմանեան Պատրիարքի գործունէութեան նշանակութիւնը եւ յիշատակեցին անոր՝ արդէն վաղուց պատմութեան սեփականութիւնը դարձած կերպարը։ Սփիւռքի մէջ, ըստ երեւոյթին, այս գիրքը միակն է, որ լոյս տեսած է Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի վախճանման 100-րդ տարելիցին առթիւ։ Միջանկեալ պէտք է յիշեցնել, որ Հայաստանի մէջ ալ այս տարելիցի հանգրուանը արժեւորուեցաւ պատշաճ ձեւով եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինն ալ վերջերս Օրմանեանի ժառանգութիւնը արժեւորեց առանձին գիրքով մը։

Գիրքը սկիզբ կ՚առնէ Օրմանեան Պատրիարքի «Տղաքս, Հայ մնացէք, պատիւ է Հայ ազգին համար աշխատիլ» իմաստալից պատգամով։ Ապա, Գատըգիւղի քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան «Գատըգիւղէն կը հնչեն Մաղաքիա Պատրիարքի սկզբունքները» խորագրեալ գրութեամբ կը ներբողէ երանաշնորհ պատրիարքի օրհնաշատ ծառայութիւնը։ Ան այս առթիւ կը մատնանշէ. «Սորվեցաւ իր ազգի անցեալն ու աւանդութիւնները, իւրացուց զանոնք ամենայն սիրով, զարգացուց զանոնք արդիական գիտելիքներով ու փոխանցեց այլոց, որպէսզի հայ ժողովուրդը ընթանայ դէպի յոյս եւ դէպի անմահութիւն»։

Գրքի հեղինակ Տ. Գրիգոր Ա. Քահանայ Տամատեան երախտագիտական ջերմ զգացումներով իր սրտի խօսքը կ՚ուղղէ Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի վախճանման 100-երորդ տարելիցին առթիւ յատուկ գրութիւնով մը ու կը մատնանշէ գրքի հրատարակութեան նպատակը. «Մեծանուն հոգեւորականի յիշատակին ձօնուած այս համեստ աշխատութիւնը նպատակ ունի լոյս սփռելու գծիկով մը անջատուած իր ծննդեան եւ վախճանման թուականներէն երկրորդին վրայ։ Բացի յուղարկաւորութեան հանդիսաւոր արարողութենէն, համայնքային պաշտօնական անձեր եւ հաւատացեալ ժողովուրդը, գլխաւորութեամբ Պատրիարքական Աթոռի, յարգանքի շօշափելի արտայայտութիւններ ունեցած են, իր շիրմին եւ յուշարձանին կերտման ու բացման հանդիսութեանց առիթներով, Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մէջ։ Վստահ ենք, թէ Մաղաքիա Պատրիարքի հոգին պիտի հրճուի տեսնելով այդ ցուրտ դամբարանին այցելութեան եկող իր զաւակները։ Վախճանման դարադարձին առթիւ խորին ակնածանօք կը խոնարհինք երանաշնորհ պատրիարք հօր երախտաշատ վաստակի յիշատակին առջեւ, հայցելով ի Տեառնէ հանգիստ՝ իր հոգւոյն»։

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի հովանաւորութեամբ՝ թաղի անցեալի հրատարակչական գործունէութիւնը շարունակելու նպատակով անցեալ տարի հաստատուած էր «Սուրբ Թագաւոր մատենաշար»ը։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերու եւ թաղային խորհուրդի կողմէ համատեղ յղացուած գաղափարի մը հիման վրայ ծնունդ առած է այս մատենաշարը, որ արդէն կու տայ իր ողջունելի պտուղները։ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի ներկայ գիրքը սոյն մատենաշարի ծիրէն ներս կեանքի կոչուած երկրորդ ծրագիրն է։ Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին, կրնան այս հատորը ապահովել՝ դիմելով Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցին։

Հատորի մեկենասութիւնը ստանձնած է Գարթալի Ս. Նշան եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը, ի յիշատակ Հայ Եկեղեցւոյ բազմարդիւն սպասաւորին՝ Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի վախճանման 100-րդ տարելիցին։ Կողքի գեղարուեստական ձեւաւորումը կատարուած է Մուրատ Կսսրկ. Կոստանեանի կողմէ։

Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի հեղինակած գիրքին մէջ տեղ գտած են՝ պատմական լուսանկարներ, Օրմանեան Պատրիարքի կենսագրական գիծերը, Գատըգիւղի մէջ յառաջ տարած հոգեւոր առաքելութեան հիմքերը, մինչեւ իր վախճանը Գատըգիւղի հետ առընչուած յիշատակները, ինչպէս նաեւ իր վախճանման եւ յուղարկաւորութեան պարագաները։ Մասնաւորապէս խոշորացոյցի տակ առնուած է Օրմանեանի կեանքի վերջին փուլի առաքելութիւնը, որն էր որբախնամ գործունէութիւնը։ Որպէս յաւելուած ի մի համախմբուած են Շիշլիի գերեզմանատան իր շիրիմի, յիշատակարանի եւ յուշարձանի բացման հանդիսութիւններու վերաբերեալ տուեալներ։ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան այս գիրքը կը մատուցէ՝ որպէս համեստ գործ մը, սակայն իրականութեան մէջ անոր նշանակութիւնը շատ բարձր է։ Իր նման բարձր մտաւորական կարողութիւններով ու լայն պաշարով հոգեւորականի մը Օրմանեան Պատրիարքի ժառանգութեան վրայ աշխատանք տանիլը անշուշտ մեծապէս ողջունելի է։ Ուստի, ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանը այս գիրքի հրատարակութեան առթիւ՝ վստահ ըլլալով, թէ ժամանակի ընթացքին ալ աւելի պիտի բիւրեղանայ իր այս աշխատանքին նշանակութիւնը։


http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F14-12-2018-առաքելութիւն-եւ-կերպար

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın