ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երկարակեցութեան գաղտնիքը տակաւին չէ բացայայտուած։ Երկարակեացներու մեծամասնութեան կարծիքով գաղտնիքը կը կայանայ՝ առողջ ապրելակերպի, բնական սնունդի, մաքուր օդի, ջուրի եւ ամենէն կարեւորը՝ աշխատասիրութեան մէջ։ Աշխարհի հին ժողովուրդներէն՝ հայերը, թէպէտ ամենաերկարակեայց ազգերու առաջին շարքերը չեն զբաղեցներ, զոր օրինակ՝ ճաբոնցիները, իզլանտացիները, սակայն թէ՛ Հայաստան աշխարհի եւ թէ աշխարհասփիւռ հայութեան մէջ ունին դար մը ապրած կաղնիներ։ Այժմ կ՚ուզեմ պատմել անոնցմէ մէկուն՝ պոլսահայ 104-ամեայ Հեղինէ եաեայի՝ «Օրթագիւղի չինարի» մասին։
Ես նոյնպէս կը դասուիմ շարքին այն երջանիկներու, որոնց բախտ վիճակած է՝ ծանօթանալու, ճանչնալու, զրուցելու, գրեթէ ժամ մը վայելելու դարակերտ թագուհիի ներկայութիւնը։ Պատկառաշատ օրթագիւղցի մեծ մայրիկը այսօր բաւականին թարմ տեսք ունի։ Տարիները, տասնամեակները, անգամ դարը՝ կարծես գեղանի տիկնոջ քովէ՛ն անցած ըլլան։
Ամբողջ դար մը բոլորած, պատմութեան թոհուբոհի մէջէն անցած Հեղինէ Ուրուշան Եոլտաշը կը պատմէ, թէ ծնած է՝ հին տոմարով 1337 մարտի 10-ին, Եոզղատի Չորքոտան գիւղին մէջ։ Ծնողքը բնիկ չորքոտանցի էր։ Հայրը՝ Հայրապետ Ուրուշան անասնապահութեամբ ու այգեգործութեամբ կը զբաղէր, իսկ մայրը՝ Աննա Ուրուշան տնային տնտեսութեամբ։ Ութամեայ աղջնակի ընտանիքը՝ հայրը, մայրն ու պզտիկ եղբայրը, քանզի այլեւս գիւղի ու առհասարակ Եոզղատի մէջ գրեթէ հայ չէր մնացած, օր մը կղպելով գիւղական տան դուռը՝ մէկընդմիշտ լքեցին հայրենի օճախը։ Ինչպէս որ այդ թուականներուն բազում հայ ընտանիքներ, Ուրուշանները եւս Պոլիս հաստատուեցան։
104-ամեայ հայուհիի յիշողութեան մէջ տակաւին թարմ են մանկութենէն՝ ծննդավայր Չորքոտան գիւղէն, կարգ մը անջնջելի դրուագներ. «Յաճախ ընկերուհիներուս հետ զանազան խաղեր կը խաղայինք։ Մայրիկս զիս ու ինձմէ երեք տարի պզտիկ եղբայրս՝ Գիրգորը կ՚առնէր ու դրացիներուն կ՚երթար։ Անոնք ալ մեզի կու գային։ Կարգ մը դրացիներու հետ մտերմիկ յարաբերութիւններու մէջ էինք։ Տան պարտէզին մէջ ունէինք գետնափոր թոնիր մը, որու մէջ հաց կը թխէինք։ Գիւղի տղամարդիկ ու տարեցները միասին կը հաւաքուէին, կրակ կը վառէին։ Բորբոքուած կրակի շուրջ՝ քարաշէն նստարաններու վրայ կը նստէին ու կը զրուցէին։ Սովորաբար երեկոյեան ժամերուն այս ձեւով ժամանակ կ՚անցընէին», հայեացքը անցեալին յառելով կը պատմէ դար մը ապրած տիկինը։ «Երբ Իսթանպուլ եկանք, սկզբնական շրջանին՝ երկու ընտանիք նոյն սենեակին մէջ կը մնայինք։ Ամէնքս զատ անկողին ունէինք։ Գիշերները գետինը կը փռէինք անկողինները ու կը պառկէինք։ Ճաշ կ՚եփէինք մէկ սանի մէջ, ուրկէ կ՚ուտէինք բոլորս։ Պնակ չունէինք, որպէսզի ամէն մարդ իր պնակէն ուտէր» կը շարունակէ Հեղինէ եաեան։
Ուրուշան ընտանիքը Պոլիս գաղթելէ ետք հաստատուեցաւ Օրթագիւղ թաղամասին մէջ։ 104-ամեայ մեծ մայրիկի հայրը՝ քրոջ ու եղբօր հետ միասնաբար Օրթագիւղի մէջ փայտաշէն եռայարկ խոշոր տուն մը գնեցին։ Նոյն յարկին տակ հարազատ քոյր-եղբայրները՝ իրենց ընտանիքներով հանդերձ՝ հաշտ ու համերաշխ ապրեցան։ Հիւրընկալ ընտանիք մըն էր այս մէկը, տեւական այցելուներ կ՚ունենային։ Հեռաւոր գիւղէն եկող ազգականներն ու բարեկամները հոս ջերմ ընդունելութեան կ՚արժանանային ու շատ յաճախ կը գիշերէին։
Պատմական շինութիւն հանդիսացող եռայարկ փայտաշէն տունը լայն ու ընդարձակ պարտէզ մը ունէր։ Ընտանիքը հողագործութեամբ կը զբաղէր։ «Մայրս պարտէզը կը մշակէր, հաւեր, այծեր կը պահէր։ Հայրս ձի մը ունէր։ Օրթագիւղը ծայրէ ի ծայր ձիով կը պտըտէր՝ սոխ ու հողկիթ կը ծախէր։ Հայրս Օրթագիւղի մէջ բարի ու ազնիւ համբաւ ունէր, ամէն մարդ զինքը կը ճանչնար։ Շատ մեծ յարգանքի ու պատուի արժանացած էր։ Նախապէս մայրս կորսնցուցի՝ 1960-ական թուականներուն սկիզբին՝ ութսունը անց էր։ Այնուհետեւ հայրս մահացաւ 1969 թուականին, 98 տարեկան էր։ Քսան տարի առաջ ալ եղբայրս մահացաւ», վշտահարուած կը հաղորդէ Օրթագիւղի մշտադալար կաղնին։
Հեղինէ եաեան յաճախեց Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի նախակրթարանը։ Երրորդ դասարանը աւարտելէ ետք՝ կեանքի դժուար պայմաններու բերումով, ստիպուած աշխատելու սկսաւ։ Նախապէս զանազան աշխատանքներ կատարեց։ Այնուհետեւ, երկար տարիներ աշխատեցաւ որպէս ջուլհակուհի։ 25 տարեկանին ամուսնացաւ Սահակ Եոլտաշի հետ։ Ամուսնութենէն ետքն ալ տիկինը կը շարունակէր աշխատիլ։ Ջուլհակութենէն զատ աշխատած էր նաեւ ծխախոտի պահեսի (Օսմանեան շրջանի թիւթիւն ռեժիսի) մը մէջ։ Այս հաստատութեան մէջ աշխատանք տարած են նաեւ բազմաթիւ հայ տիկիններ։
Աւաղ Եոլտաշ ամոլը զաւակ չունեցաւ։ Տարիներ առաջ Հեղինէ մեծ մայրիկը ամուսինը կորսնցուց։ Խոր ծերութեան մէջ՝ Օրթագիւղի դարակերտը կը գտնուի ամուսնոյն զարմիկի դստեր՝ Ֆիլորի ու իր ընտանիքի խնամքի եւ ուշադրութեան տակ։ Բարեհամբոյր տիկին Ֆիլորը մեծ հպարտութեամբ կը նշէ, թէ Հեղինէ եաեան իրեն համար երկրորդ մայր է, հարազատ մէկը, իրենց ընտանիքի ամենէն տարեցը։ «Հակառակ իր պատկառելի տարիքին, ան շատ աշխատասէր, մաքրասէր ու կոկիկ կին մըն է։ Շաբաթը երկու-երեք անգամ կ՚այցելեմ իրեն։ Օր մը սեղանին վրայ աղտոտ գաւաթ կամ պնակ չեմ տեսած։ Փոշիները անգամ ինքը կ՚առնէ։ Ճիշդ է, այլեւս տեւական ճաշ չի կրնար պատրաստել, սակայն երբեմն ալ կ՚եփէ։ Ճաշերուն մէջ զատողութիւն չի դներ։ Ամէն ինչ կ՚ուտէ։ Կ՚ըսէ, թէ այլեւս բաւականաչափ ապրեցայ ու ինչ որ փափաքիմ, կրնամ ուտել։ Աղին ու շաքարին ուշադրութիւն չ՚ըներ, պէօրէկ, ապուխտ, տուրմ ու անուշեղէն ալ կ՚ուտէ։ Հարիւր տարին՝ դար մը բոլորելէ ետք, ինքզինքը «ազատ սնուելու» մրցանակին արժանացուցած է։ Բնաւ չի խորհիր, թէ այլեւս տարիքս առած եմ, տեղս նստիմ։ Բոլոր գործերը կը փորձէ ինքնուրոյն ընել։ Վերջերս վարի դրացիին համար լիքէօր շինեց. զանազան անուշեղէններ կը պատրաստէ։ Ես երբեմն կը հեռաձայնեմ ու ճաշի մը բաղադրատոմս կը հարցնեմ իրեն։
«Մեր տան՝ մեր ընտանիքի անմար ճրագն է, դարաւոր կաղնին։ Առանց անոր ներկայութեան որեւէ միջոցառում կամ տօն չենք նշեր։ Բոլոր տարեդարձները, զատիկներն ու կաղանդները կը նշենք մեծ մայրիկին հետ։ Վերջին տարիներուն, Օրթագիւղի եկեղեցուոյ սրահին մէջ հարիւրամեակը նշեցինք մեծ շուքով։ Բոլոր սիրելիները ներկայ էին, շուրջ 180 հոգի էինք. իրեն անսպասելի ու հաճելի անակնկալ մը ըրինք։ Շատ ուրախացաւ, շատ երջանիկ էր, աչքերուն մէջը կը խնդար։ Տեւական հիւրեր ունի, զաւակներս ու թոռնիկներս միշտ կ՚այցելեն իրեն. մէկ խօսքով մեր գերդաստանի համն ու հոտն է։
«Միասին բազմիցս պտըտած ենք։ Տարիներ շարունակ բոլոր արեւագալներուն՝ քառասուն օր շարունակ եկեղեցիէ եկեղեցի պտըտեցանք, ինչպէս Իսթանպուլի, այնպէս ալ Թուրքիոյ զանազան քաղաքներու՝ Կեսարիոյ, Իսքէնտէրունի, Կապադովկիոյ, Հաթայի եկեղեցիները։ Անցեալ տարի դէպի Եոզղատ ճամբորդեցի։ Իրենց գիւղը՝ Չորքոտան գացի ու Հեղինէ մայրիկին համար հայրենի գիւղի աղբիւրէն ջուր բերի», ուրախութեամբ ու հպարտութեամբ կը պատմէ տիկին Ֆիլոր։
Դար մը ապրած Հեղինէ եաեան մեծ հաւատք ունի առ Աստուած։ Անոր բոլոր կիրակիները կ՚անցնին Օրթագիւղի եկեղեցւոյ շեմէն ներս։ Ամէն կիրակի կը մասնակցի Ս. Պատարագին ու հաղորդութիւն կ՚առնէ։ Մեծ յարգանքի ու պատուի կ՚արժանանայ շուրջիններուն կողմէ։ Պոլսոյ դարակերտ տիկինը կը սիրէ կեանքը իր բոլոր գոյներով հանդերձ։ Մաքրամաքուր կենսագրական ունեցող օրթագիւղցի ալեզարդ մեծ մայրիկը թէեւ հարազատներով շրջապատուած, սակայն այսօր՝ ինչպէս տարեցներու մեծամասնութիւնը, միայնակ կ՚ապրի վարձու յարկաբաժնի մը մէջ։ Մեր զրոյցի ընթացքին ան յայտնեց, որ այդ մենութիւնը երբեմն վախի զգացում կ՚առթէ։ 104-ամեայ, պատկառելի տարիքը շալկած Հեղինէ եաեայի հետ շփման ամբողջ տեւողութեան մտքիս մէջ կը դառնար հայ մեծանուն գրող Գէորգ Էմինի բանաստեղծական հետեւեալ տողերը.
Ծերունիներին բարի լոյս ասա՛,
Նրանք կիսով չափ խաւարի մէջ են։
Եւ երջանիկ են ամէն առաւօտ,
Որ դուրս են գալիս նորից խաւարից։
Հարցրո՛ւ ինչպէ՞ս գիշերը անցաւ,
Նրանք կիսով չափ գիշեր են արդէն։
Եւ երջանիկ են ամէն առաւօտ, որ,
Այսօր էլ, փառք Աստուծոյ արթնացան։
Մի՛ բարկացրու ծերունիներին,
Նրանք կիսով չափ բարկութեան մէջ են։
Ողջ գիշեր մահին ճակատ են տալիս,
Եւ ուրախ են, որ էլի յաղթեցին։
Եւ բեռ մի՛ դնիր նրանց ուսերին,
Ծերութեան բեռը՝ հերիք է նրանց։
http://www.jamanak.com/content/ընկերա-մշակութային/5-12-2018-օրթագիւղի-104-ամեայ-հեղինէ-մեծ-մայրիկը
İlk yorum yapan siz olun