İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«ԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ»

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժինը հրատարակեց Պատրիարքական Աթոռի երջանկայիշատակ գահակալներէն Տ. Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեանի գործերէն բաղկացեալ գիրք մը։ «Ազգային բանախօսութիւններ» կը կոչուի այս գիրքը, որով առաջին անգամ ժողովածոյի մը մէջ հաւաքուած են հոգելոյս Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեանի բանախօսութիւնները։

Այս հատորը կ՚ընդգրկէ «Հայուն անցեալը, ներկայն եւ ապագան», «Հայութեան հոգին», «Հայ ազգութիւն», «Միութիւն հայութեան», «Կարօտ եմք» եւ «Հայ երիտասարդութիւն» բանախօսութիւնները։ Այս բոլորը կ՚արտացոլեն Օրմանեանի պատմափիլիսոփայական, կրօնագիտական, ընկերաբարոյական, քաղաքական եւ սահմանադրա-իրաւական հայեցակարգերը, որոնց մէջ կը փաստարկուին ազգութեան հիմքերը, հայութեան քաղաքակրթական ինքնութիւնը, Հայ Եկեղեցւոյ պատմական դերն ու ազգային էութիւնը, ազգային սահմանադրական քաղաքականութեան միտումները, ազգի առջեւ հայ անհատներու պարտաւորութիւնները եւ հայութեան ապագայի տեսլականը։

Գիրքը տպագրուած է «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի մեկենասութեամբ։

Հարկ է նշել, որ այս հրատարակութիւնը կը համընկնի Օրմանեան Պատրիարքի վախճանման 100-րդ տարելիցի շրջանին։


http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F4-12-2018-«ազգային-բանախօսութիւններ»

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın