(1840 Իսթանպուլ – 3 Դեկտեմբեր 1894 Իսթանպուլ )
Տիգրան Փէշտիմալճեան, հայ բժիշկ, հասարակական եւ քաղաքական գործիչ, հրապարակախօս, փաշա։
Ծնած է,1840-ին Իսթանպուլ-Խասգիւղի մէջ։ Տիգրան, նախնական կրթութիւնը Ս. Ներսէսեան վարժարանի մէջ ստանալէն ետք՝ 1851-ին, կ՛երթայ Փարիզ ուսումը Մխիթարեան հայրերու Մուրատեան վարժարանի մէջ շարունակելու համար ,բարձր աստիճանով շրջանաւարտ կ՛ըլլայ 1858-ին ,ապա՝1861-ին, բարձրագոյն ուսումի կ՛սկսի Փարիզի բժշկական Համալասարանի մէջ,ուրկէ 1867-ին ,կ՛ստանայ բժշկական տոքթորութեան վկայագիրը: 1869-ին կը վերադառնայ Իսթանպուլ,կ՛ընտրուի,կայսերական բժշկական ընկերութեան անդամշորուն նախագահի պաշտօնը կը վարէ 1877-1878 թուականներու միչեւ : Փէշտիմալճեան ունեցած է, թէ՛ բժշկական եւ թէ՛ հանրային ու ազգային կեանքին մէջ օգտաշատ գործունէութիւններ՛,գնահատուած ոչ միայն ազգային շրջանակին մէջ, այլ բոլոր օտարազգի պաշտօնակիցներէ ու հասարակութիւններէ:
Ան երկար տարիներ եղած է նաեւ Ազգային երեսփոխան,անդակարկ ծառայած է հայ համայնքին ,1877-էն սկսեալ մաս կազմած է նաեւ Պոլսոյ Ազգային Պատրիարքարանի քաղաքական ժողովին:
1880-1881 թուականնորուն ստանձնած է Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի բժշկապետի պաշտօնը:
Տոքթ. Փէշտիմալճեանի կենսագրութեան ամէնէն ուշագրաւ դրուագներէն մէկն ալ, անկասկած, իր ունեցած առաջնակարգ դերակատարութիւնն էր Թուրք Կարմիր մահիկի ծննուդին մէջ: 1877-ին, իր յամառ ջանքերուն շնորհիւ է, որ կը հիմնուի “”Թուրք Կարմիր մահիկ”ը, որ այդ օրերուն կը կոչուէր «Հիլալի ահմեր», իսկ այժմ վերանուանուած է «Թիւրք գզըլայ»:
1864-թուականին Ժընեւի մէջ հիմնուած էր արդէն ՛՛Միջազգային Կարմիր Խաչ՛՛ը,գլխաւոր նպատակ ունենալով պատիրազմի վիրաւորուած զինուորներու բուժօգնութիւնը.1887- ին Ռուս-Օսմանեան պատերազմի մէջ, երբ որ հազարաւոր վիրաւոր զինուորներ անօգնական ու անխնամ մնացին ՛,Ժընեւի ՛՛Կարմիր Խաչ՛՛ կեդրոնը նամակով մը դիմեց Օսմանեան Կայսերական Բժշկակն Միութեան օրուայ նախագահ Տոքթ.Տիգրան Փէշտիմալճեանի (1877-1878), թելադրելով որ ,Իսթանպուլի մէջ ալ հիմնուի ՛՛Կարմիր Խաչ՛՛ ի կազմակերպութեան մէկ տարբերակը: Տոքթ.Տիգրան Փէշտիմալճեան անմիջապէս շարժման անցնելով պաշտօնապէս կը դիմէ Կայսրութեան Պատերազմի Նախարարութեան եւ Սարտրազամ-Վարչապետ Մէհմէտ Ռիւշտի Փաշայի ու կը խնդրէ անոնց արտոնութիւնը ու աջակցութիւնը եւ այսպէսով 1877- կը ծնի ՛՛Հիլալի Ահմէր՛՛, Թուրքիոյ այսօրուայ ՛՛Կարմիր Մահիկ՛՛ ը Կայսրը գնահատելով Փէշտիմալճեանի տաղանդը 1884-ին իր խորհդատու բժիշկը անուանած եւ 1892 -ին փաշայութեան տիտղոսը շնորհած է։ Ան միշտ սատարող եղած է բարենպատակ հաստատութիւններուն:
Փէշտիմալճեան ,աշխատակցած է Թրքահայ եւ Ռուսահայ թերթերու մէջ եւ ունի 3 հեղինակութիւններ որոնց գլխաւորներն են՝:
1-1867- ին These de Doctorat: 2-1880-ին ,՛՛Առողջապահութիւն եւ Տածումն Առաջին եւ Երկրորդ Մանկութեան, (3 հատոր)։ 3-1883- ին,՛՛Պատմութիւն Մարդկային Պատուաստման՛՛։
Տոքթ. Տիգրան Փէշտիմալճեան Փաշա մահացած է, 3 Դեկտեմբեր 1894 թուականին եւ թաղուած է, Իսթանպուլ- Շիշլիի Հայոց ազգային Գերեզմանատան մէջ։
Դժբախտաբար ան ունեցաւ կանխահաս,խորհրդաւոր եւ չլուսաբանուած մահ մը,անոր մահի վերաբերեալ ընդհանուր համազումն այն է որ, զոհ գացած է Սուլթան Համիտի սարքած քողարկեալ մէկ դաւադրութեան:
Շատ պարզ է երեւոյթը։ Օսմանեանն կայսրութիւնը Հայը գործածեց իր ազբարգավաճման համար : Հիլալ Ահմերէն մինջեւ Պոլսոյ պատմական պալատները,Ճարտարագետութիւնէն, բժշկութենէն ,մշակոյթէն , երաժշտութիւնէն,թատրոն եւ տպագրութիւն, լուսանկարչութիւն, Օլիմբիքներէն մինջեւ իրնենց գայլերքը եւ նաեւ լեզուաբանութեան զարգացում հայ գործածուեցաւ եւ այդ ամենէն յետոյ փորձուեցաւ փջացնել ու ոջնջացնել, ի վերջոյ կողոպտեցին եւ դուրս նետեցին : Երախտապարտութեան ինչ՞ ըլլալը չէին գիտեր եւ սորվիլ ալ չէին ուզեր:Իսկ մենք ,միամիտութեան մղուած էինք ,չէինք կրնար կացութեան անդրադառնալ:
Տոքթ.Սարգիս Ատամ
Աղբիւր -1)Ազատ Հանրագիտարան
2)Յիշատական Վ.Գ. Զարդարեան Ա.հատոր-Կ.Պոլիս 1910
3)Թուրք Կարմիր Մահիկի Բուն Հիմնադիրը Տոքթ.Տիգրան Փաշա Փեշտիմալճեան-Լեւոն Շարոյեան (Ազդակ 2015)
İlk yorum yapan siz olun