İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍԱՐԸԵԷՐԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆԻՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԸՆԹՐԻՔ ԹԱՐԱՊԻՈՅ ՄԷՋ

Երէկ երեկոյեան, Սարըեէրի քաղաքապետարանին կողմէ կազմակերպուեցաւ ընթրիք մը, որու մասնակիցները մօտալուտ Ամանորի սեմին համախմբուեցան քաղաքապետ Շիւքրիւ Կենճի տանտիրութեամբ սարքուած սեղաններուն շուրջ։ «Տը կրան Թարապիա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիքը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Սարըեէրի գաւառապետ Օսման Կիւրսոյ։ Երեկոյթի ընթացքին Պատրիարքական Աթոռը ներկայացուց լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Այս հաւաքոյթին հրաւիրուած էին դիւանագէտներ, հոգեւոր առաջնորդներ, հասարակական գործիչներ, մտաւորականներ, ինչպէս նաեւ փոքրամասնութիւններու շրջանակներէ անձնաւորութիւններ։ Մեր համայնքէն բազմաթիւ վարիչներ ալ հրաւիրուած էին այս ընթրիքին։

Երեկոյթի ընթացքին արտասանուեցան զանազան ճառեր, որոնց ընթացքին բարեմաղթանքներ հնչեցին մօտալուտ Նոր տարուայ համար։ Հատուեցաւ նաեւ կարկանդակ մը՝ նոյնպէս բարեմաղթութիւններով։


http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F29-11-2018-սարըեէրի-քաղաքապետարանին-նախաձեռնութեամբ-ընթրիք-թարապիոյ-մէջ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın