İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Լոյս տեսաւ Ռ. Հատտէճեանի նոր գիրքը ԵՐՐՈՐԴ ՀԱՏՈՐ ՝« ՄԱՐԴԻԿ ՈՐՈՆՔ ԱՆՑԱՆ ԿԵԱՆՔԻՍ ՄԷՋԷՆ » ՇԱՐՔԻ

Հաճոյքով կը հաղորդենք որ հրապարակ ելաւ ու գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրուեցաւ մեր Խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի « Մարդիկ որոնք անցան կեանքիս մէջէն » շարքի երրորդ ու վերջին հատորն ալ, որ փառաւոր գիրքի ձեւով աւարտին կը բերէ այս հետաքրքրական նիւթը։
Ինչպէս յայտնի է, Ռ. Հատտէճեան այս շարքով կը յաւերժացնէ յիշատակը բազմաթիւ անձերու, որոնք չկան այլեւս, որոնք սակայն հետք մը թողուցին հեղինակին կամ մեր բոլորին կեանքին մէջ։ Հեղինակը կը հաւատայ որ ապրողներուն հետ կը շարունակեն ապրիլ մեռեալները եւս։ Ռ. Հատտէճեան, ականջ տալով Պետրոս Դուրեանի պատգամին, կը ջանայ բան մը ընել որպէսզի անոնց յիշատակն ալ չթառամի։ Ինչպէս նախորդ երկու հատորներուն, նաեւ այս երրորդ հատորն ալ իր էջերուն մէջ տեղ կուտայ յիշուած անձերէն ոմանց մեծահասակ դիմանկարներուն, որոնք տարբեր կենդանութիւն մը կուտան յիշատակուած անուններուն։ Երրորդ հատորը այս տեսակէտէ ամէնէն ճոխն է, ընթերցողները հոն պիտի գտնեն դիմանկարներ դէմքերու, ինչպէս՝ Պետի Զիվէր, Կարպիս Ուղուրլեան, Ասպետ Էրմէն, Պերճ Շիկահեր, Արփիկ Միսաքեան, Գրիգոր Համբարձումեան, Յակոբ Առատ, Շապուհ Չոլաքեան, Յակոբ Ասլանեան, Յովհաննէս Շիրազ, Ալեք Մանուկեան, Վազգէն Ա. Հայրապետ, Պոզապալեան Սրբազան, Լեռ Կամսար, Հրանդ Մաթեւոսեան եւ տակաւին ուրիշ բազմաթիւ համայնքային կամ ազգային դէմքեր։ Հեղինակը բոլորին հետ իր հանդիպումներէն կը բերէ հետաքրքրական յիշողութիւններ, որոնք կը դադրին միայն հեղինակին յիշողութիւնը ըլլալէ ու բաներ մը կþանմահացնեն մեր ազգային պատմութեան էջերուն համար։ Գիրքի վերջաւորութեան, հեղինակը երախտագիտութեան ու գնահատանքի զգացումներով կ՚ ողջունէ նաեւ այն անհամար ընթերցողները որոնք երջանկացան իրմէ բան մը կարդալով ու յարգեցին հայալեզու գրականութիւնն ու ապրումները։
Գիրքը, ինչպէս շարքին երկու նախորդ հատորները, իբր կողքի նկար կ՚ օգտագործէ Արժանթինահայ ողբացեալ նկարիչ Մանուկ Ղրդեանի մէկ գծանկարը, որ մաս կը կազմէ հեղինակին նկարչական հաւաքածոյին։
Հատորը, որ « Յուշատետր » շարքի 90րդն է, տպուած է Մարմարա-ի տպարանին մէջ։ Փորձերու սրբագրութիւնը ըրած է Մաքրուհի Պ. Յակոբեան, էջադրութիւնը՝ Նաիրա Սիւզմէ, կազմի աշխատանքով զբաղած է Կարօ Համամճեան, կողքը պատրաստուած է Արի Հատտէճեանի կողմէ։


Normarmara

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın