ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս վերջին Ազգային Ընդհանուր Ժողովին ուղղած իր պատգամին մէջ կարեւորութեամբ շեշտեց Սփիւռքի վերակազմակերպման հրամայականը։ Անդրադառնալով Հայաստան-Սփիւռք համաժողովին իր կատարած հաստատումին, թէ Հայաստանը կը պարպուի եւ Սփիւռքը կը մաշի, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Հաւաքական ճիգով թոյլ պէտք չէ տանք, որ ո՛չ Հայաստանը պարպուի եւ ոչ ալ Սփիւռքը մաշի։ Սա մեր դիմաց գտնուող մեծագոյն մարտահրաւէրն է»եւ կոչ ուղղեց Սփիւռքին սկսելու վերակազմակերպման հաւաքական գործընթացքին։
Այս ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետը հրամայական նկատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերու վերակազմակերպումը։ Անցնող ամիսներու ընթացքին, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս, Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան մասնակցութեամբ, յաջորդաբար հանդիպումներ տեղի ունեցան Սուրիոյ, Յունաստանի եւ Կիպրոսի Առաջնորդներու ու Ազգային Իշխանութիւններու հետ։ Այսօր, նման հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ու Քաթարի թեմին հետ։ Այս աշխատանքները պիտի շարունակուին յառաջիկայ ամիսներուն։ Անդրադառնալով թեմերու վերակազմակերպումին, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Սփիւռքի վերակազմակերպումը անյետաձգելի հրամայական մըն է։ Լոզունքներէ, կարգախօսերէ ու ճառախօսութիւններէ անդին անհրաժեշտ է գործի լծուիլ։ Փաստօրէն ո՜ւշ ենք արդէն։ Սփիւռքը իր ներքին սփիւռքներով քաոսային վիճակ մը կը պարզէ այսօր։ Սփիւռքը իր կեանքի բոլոր մարզերէն ներս վերակազմակերպումի ու վերակենսաւորումի պէտք է ենթարկուի՝ իրապաշտ մօտեցումով ու համապարփակ կերպով։ Վերակազմակերպումը որեւէ գաղութի կամ կազմակերպութեան կամ հաւաքականութեան կը սկսի ինքնաքննութեամբ. այլ խօսքով, թերութիւններու ու յաջողութիւններու մատնանշումով ու առաջնահերթութիւններու յստակեցումով։ Հետեւաբար, հեռու պէտք է մնանք ամէն բան վարդագոյն տեսնելու եւ միայն անցեալով հպարտանալու տեսական ու զգացական մօտեցումներէ։ Մատը պէտք է դնել վէրքին վրայ, ինչպէս կ՚ըսէ մեր ժողովուրդի իմաստութիւնը։ Ներքին բեւեռացումներու, ջլատումի, անորոշութեան ու մաշումի առաջքը առնելու համար, Սփիւռքը պէտք է վերակազմակերպումի գործընթացքին մղել եւ այս շրջագիծէն ներս Կիլիկեան թեմերը կարեւոր դեր ունին կատարելիք», շեշտեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։
İlk yorum yapan siz olun