İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԱ­ՂԱ­ՔԻԱ ԱՐՔ. ՕՐ­ՄԱ­ՆԵԱՆ (1841-1918). ­ՀԱՅ ԺՈ­ՂՈ­ՎՈՒՐ­ԴԻ ԵՒ ՀԱ­ՅՈՒ ՀԱ­ՒԱՏ­ՔԻՆ ՀԱՆ­ՐԱ­ԳԻ­ՏԱԿ՝ ՊԱՏ­ՄԱ­ԳԻՐ ­ՊԱՏ­ՐԻԱՐ­ՔԸ

Նազարէթ  Պէրպէրեան

19 Նո­յեմ­բեր 1918-ին, հա­րիւր տա­րի ա­ռաջ, Պոլ­սոյ մէջ վախ­ճա­նե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­ւոր հարս­տու­թեան ան­խոնջ ու բազ­մահ­մուտ պա­հա­պան­նե­րէն եւ վաս­տա­կա­շատ մշակ­նե­րէն Մա­ղա­քիա Արք. Օր­մա­նեան։
Ու­շագ­րաւ զու­գա­դի­պու­թեամբ մը, Օր­մա­նեան վախ­ճա­նե­ցաւ ճիշդ այն օ­րը՝ Նո­յեմ­բեր 19-ին, երբ 1896 թո­ւա­կա­նին ընտ­րո­ւած էր Պոլ­սոյ Հա­յոց Պատ­րիարք՝ 12 տա­րի ղե­կա­վա­րե­լու հա­մար հա­մազ­գա­յին կա­րե­ւո­րու­թեամբ այդ նո­ւի­րա­պե­տա­կան ա­թո­ռը, հայ ժո­ղո­վուր­դի բազ­մա­դա­րեան պատ­մու­թեան ծայր աս­տի­ճան կա­րե­ւոր ու փո­թոր­կա­լի մէկ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին։
Պոլ­սոյ Հա­յոց Պատ­րիարք իր ընտ­րու­թե­նէն ա­ռաջ ար­դէն մեծ հե­ղի­նա­կու­թիւն էր Օր­մա­նեան՝ իբ­րեւ գի­տուն աս­տո­ւա­ծա­բան եւ ներ­հուն հա­յա­գէտ։ Իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ Օր­մա­նեան միշտ պատ­նէ­շի վրայ մնաց ու ան­խոնջ աշ­խա­տան­քով հարս­տա­ցուց հայ հո­գեմ­տա­ւոր ժա­ռան­գու­թիւ­նը ինչ­պէս պատ­րիար­քու­թեան շրջա­նին, այն­պէս ալ այ­նու­հե­տեւ, մին­չեւ իր վեր­ջին շուն­չը։
Օր­մա­նեան լոյս աշ­խարհ ե­կաւ Պոլ­սոյ հա­յաբնակ ա­րո­ւար­ձան­նե­րէն Բե­րա­յի մէջ, 23 Փետ­րո­ւար 1841-ին, հայ կա­թո­ղի­կէ ըն­տա­նի­քի մը յար­կին տակ եւ մկրտո­ւե­ցաւ Պօ­ղոս ա­նու­նով։
Նախ­նա­կան կրթու­թիւ­նը ստա­ցաւ կա­թո­ղի­կէ Հայր Ա­թա­նա­սի դպրո­ցին մէջ եւ 10 տա­րե­կա­նին ծնող­քը զինք ու­ղար­կե­ցին Հ­ռոմ՝ Ան­տո­նեանց միա­բա­նու­թեան «Ս. Լու­սա­ւո­րիչ» վան­քը։ 1856-ին իբ­րեւ կրօ­նա­ւոր օրհ­նո­ւե­ցաւ վա­նա­հայր Հայր Կ­ղե­մէս Մի­քա­յէ­լեա­նի ձե­ռամբ՝ Մա­ղա­քիա ա­նո­ւա­նա­կո­չո­ւե­լով։
Հ­ռո­մի Վե­նե­տի­կեան Դպ­րո­ցին մէջ լա­տի­նե­րէ­նը զօ­րաց­նե­լէ եւ Ճար­տա­սա­նու­թիւն ու­սա­նե­լէ ետք, ըն­դու­նո­ւե­ցաւ աս­տո­ւա­ծա­բա­նա­կան «Ս. Ա­պո­ղի­նար»ի Վար­ժա­րա­նը, ո­րուն չորս աս­տի­ճան­նե­րը յա­ջո­ղու­թեամբ ա­ւար­տեց եւ 1863-ին Քա­հա­նայ ձեռ­նադ­րուե­ցաւ Ե­րո­ւանդ Արք. Հիւր­մէ­զեա­նի ձե­ռամբ։ 1865-ին պաշտ­պա­նեց աս­տո­ւա­ծա­բա­նա­կան իր ա­ւար­տա­ճա­ռը, ար­ժա­նա­ցաւ Ե­պիս­կո­պո­սի աս­տի­ճա­նին եւ հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցիչ նշա­նա­կո­ւե­ցաւ Վա­տի­կա­նի Քա­րոզ­չու­թեան Դպ­րա­նո­ցին մէջ։
1866ին վե­րա­դար­ձաւ Պո­լիս, ուր տա­րի մը Ան­տո­նեանց Միա­բա­նու­թեան Աբ­բա­հայր Սու­քիաս Եպս. Գա­զան­ճեա­նի քար­տու­ղա­րու­թիւ­նը ստանձ­նե­լէ ետք՝ նշա­նա­կո­ւե­ցաւ տե­սուչ եւ ու­սու­ցիչ Թագ­սի­մի «Ան­տո­նեան» վար­ժա­րա­նին։
Շա­րու­նա­կեց աս­տո­ւածա­բա­նա­կան, ի­մաս­տա­սի­րա­կան եւ ե­կե­ղե­ցա­կան ի­րա­ւա­գի­տու­թեան մէջ իր ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը եւ 1867-ին Հ­ռոմ մեկ­նե­ցաւ՝ մա­գիստ­րո­սի իր ա­ւար­տա­ճա­ռը պաշտ­պա­նե­լու հա­մար։ Փայ­լուն յա­ջո­ղու­թիւն ար­ձա­նագ­րեց եւ ար­ժա­նա­ցաւ Հ­ռո­մի Աս­տո­ւա­ծա­բա­նա­կան Կա­ճա­ռի ան­դա­մակ­ցու­թեան։
1869-ին, Գա­զան­ճեան Ե­պիս­կո­պո­սին հետ ներ­կա­յա­ցուց Պոլ­սոյ Ան­տո­նեանց Միա­բա­նու­թիւ­նը Հ­ռո­մի մէջ գու­մա­րո­ւած Վա­տի­կա­նեան ժո­ղո­վին, որ դար­ձա­կէտ կազ­մեց Օր­մա­նեա­նի կեան­քին մէջ։ Ազ­գա­յին իր ներշն­չում­նե­րով եւ Հա­յոց Հա­ւատ­քի դա­ւա­նա­բա­նա­կան ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թեանց կառ­չե­լու իր մօ­տե­ցում­նե­րուն պատ­ճա­ռով՝ բուռն քննա­դա­տու­թեանց եւ դա­տա­պար­տան­քի ար­ժա­նա­ցաւ։ Գա­զան­ճեան Աբ­բա­հօր հետ բա­ռա­ցիօ­րէն խոյս տո­ւին Հ­ռո­մէն՝ պա­պա­կան շրջա­նակ­նե­րու հա­լա­ծան­քէն ա­զա­տե­լու հա­մար եւ վե­րա­դար­ձան Պո­լիս։
Այդ օ­րէն սկսաւ Օր­մա­նեա­նի եւ իր գա­ղա­փա­րա­կից­նե­րու աս­տի­ճա­նա­կան հե­ռա­ցու­մը Կա­թո­լիկ ե­կե­ղե­ցիէն։ Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ ուղ­ղու­թեամբ մեր­ձեց­ման ու հաշ­տեց­ման տաս­նա­մեայ ու­ղի մը կտրե­լէ ետք, Օր­մա­նեան Ե­պիս­կո­պո­սի եւ ա­նոր գա­ղա­փա­րա­կից­նե­րուն շար­ժու­մը 1879-ին յան­գե­ցաւ Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղեց­ւոյ մայր գիր­կը վե­րա­դառ­նա­լու պաշ­տօ­նա­կան քայ­լին։
1879-ին սկսաւ Օր­մա­նեան Սր­բա­զա­նի հայ ա­ռա­քե­լա­կան ծա­ռա­յու­թեան շուրջ քա­ռաս­նա­մեայ շրջա­նը, ո­րուն 12 տա­րի­նե­րը, 1896-էն 1908, Օր­մա­նեան ար­դիւ­նա­ւո­րեց իբ­րեւ Պոլ­սոյ Հա­յոց Պատ­րիարք։ Մին­չեւ իր պատ­րիարք ընտ­րու­թիւ­նը, Օր­մա­նեա­նի ազ­գա­յին-հո­գե­ւո­րա­կան ծա­ռա­յու­թիւ­նը նշա­նա­կա­լից ե­ղաւ յատ­կա­պէս Կար­նոյ մէջ, ուր 1880-ա­կան­նե­րուն, հայ յե­ղա­փո­խա­կան շար­ժում­նե­րու բռնկման ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, Օր­մա­նեան ծա­ւա­լեց ու­սուց­չա­կան աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւն Սա­նա­սա­րեան վար­ժա­րա­նին մէջ։ Այդ շրջա­նին զու­գա­դի­պե­ցաւ նաեւ Օր­մա­նեա­նի քա­ղա­քա­կան գոր­ծու­նէու­թեան վե­րել­քը, երբ սուլ­թա­նա­կան իշ­խա­նու­թեանց մօտ ան ձեռ­նար­կեց միջ­նոր­դա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան՝ ի նպաստ հա­րիւր­նե­րով բանտ նե­տո­ւած հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ա­զատ ար­ձակ­ման։
1886-ին, Կար­նոյ հա­յոց ա­ռաջ­նոր­դի իր պաշ­տօ­նէն հրա­ժա­րե­լով, Օր­մա­նեան ան­ցաւ Ս. Էջ­միա­ծին, ուր Մա­կար Կա­թո­ղի­կո­սի կող­մէ Ե­պիս­կո­պոս ձեռ­նադ­րուե­ցաւ Գա­րե­գին Ս­րո­ւանձ­տեան­ցի եւ այ­լոց հետ։ Էջ­միած­նի «­Գէոր­գեան» Ճե­մա­րա­նին մէջ եր­կու տա­րի աս­տո­ւա­ծա­բա­նու­թեան դա­սա­խօս ըլ­լա­լէ ետք, նշա­նա­կո­ւե­ցաւ Ար­մա­շի վան­քին տե­սուչ եւ այդ պաշ­տօ­նին վրայ ծա­ւա­լեց բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թիւն՝ սե­րունդ պատ­րաս­տե­լու եւ պատ­մագ­րա­կան իր գոր­ծե­րը ամ­բող­ջաց­նե­լու ա­ռում­նե­րով։
1896-ին, երբ Մատ­թէոս Իզ­միր­լեան Պատ­րիար­քի հրա­ժա­րու­մով Պոլ­սոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քու­թեան նոր գա­հա­կալ ընտ­րե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը ա­ռա­ջա­ցաւ, աչ­քե­րը ուղ­ղո­ւե­ցան դէ­պի Ար­մա­շի ե­րախ­տա­շատ վա­նա­հայ­րը եւ Օր­մա­նեան ընտ­րո­ւե­ցաւ Պատ­րիարք։
Հե­զա­սահ չըն­թա­ցաւ Օր­մա­նեա­նի պատ­րիար­քու­թիւ­նը՝ ոչ միայն Պոլ­սոյ հա­յոց պատ­րիար­քա­կան շրջա­նակ­նե­րու ներ­քին հա­կա­սու­թեանց եւ մրցակ­ցու­թեանց հեղ­ձու­ցիչ մթնո­լոր­տին պատ­ճա­ռով, այ­լեւ Հա­մի­տեան բռնա­տի­րու­թեան հետ տե­ւա­կան շփման, բախ­ման եւ գոր­ծակ­ցու­թեան հա­յան­պաստ սահ­մա­նա­գի­ծը գտնե­լու եւ պահ­պա­նե­լու ա­մէ­նօ­րեայ դժո­ւա­րու­թեանց հե­տե­ւան­քով։
Օր­մա­նեա­նի պատ­րիար­քու­թեան շրջա­նը ան­փա­ռու­նակ վախ­ճան մը ու­նե­ցաւ 1908-ին, երբ իր դէմ հրա­պա­րա­կո­ւած ժո­ղովր­դա­յին հան­րագ­րու­թեամբ մը՝ Օր­մա­նեան Պատ­րիարք թի­րախ դար­ձաւ ա­մէն կար­գի մե­ղադ­րան­քի՝ մին­չեւ իսկ սուլ­թան Հա­մի­տի գոր­ծա­կա­լը դար­ձած ըլ­լա­լու ամ­բաս­տա­նու­թեան. ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ պա­հան­ջո­ւե­ցաւ ա­նոր հրա­ժա­րա­կա­նը։
Օր­մա­նեան սրտի կա­թո­ւած ու­նե­ցաւ, բայց վե­րապ­րե­ցաւ ու թա­փով պայ­քար մղեց, որ­պէս­զի իր ան­ձին դէմ եւ ա­նո­ւան շուրջ կա­տա­րո­ւած վե­րագ­րում­ներն ու մե­ղադ­րանք­նե­րը սրբագ­րել տայ։ Ի­րեն յա­ջոր­դած Ե­ղի­շէ Արք. Դու­րեան Պատ­րիար­քի օ­րով, 1909ին, Օր­մա­նեան Սր­բա­զան ան­պարտ հռչա­կո­ւե­ցաւ իր դէմ ե­ղած ամ­բաս­տա­նու­թիւն­նե­րէն։
Բայց ազ­գա­յին ու հան­րա­յին իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան վերջ­նա­կա­նա­պէս հրա­ժեշտ տո­ւած էր այ­լեւս Օր­մա­նեան։
Ամ­բող­ջա­պէս նո­ւի­րո­ւե­ցաւ իր գի­տաշ­խա­տու­թեանց եւ ամ­բող­ջա­ցուց իր կո­թո­ղա­կան գոր­ծե­րը՝ «Ազ­գա­պա­տում»ը եւ «­Հա­մա­պա­տում»ը, «­Ծի­սա­կան Բա­ռա­րան»ն­ ու «­Հա­յոց Ե­կե­ղե­ցին», ո­րոնք հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­ւոր կեան­քին ու դա­ւա­նան­քին նո­ւի­րո­ւած հան­րա­գի­տա­կան մե­ծար­ժէք ժա­ռան­գու­թիւն մը կը հան­դի­սա­նան՝ Մա­ղա­քիա Արք. Օր­մա­նեա­նի ա­նու­նը յա­ւեր­ժաց­նե­լով։
1914-ին աք­սո­րո­ւե­ցաւ Ե­րու­սա­ղէմ, ուր մնաց մին­չեւ 1917 եւ ամ­բող­ջա­ցուց իր աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն­նե­րը։ Ան­ցաւ Դա­մաս­կոս, իբ­րեւ տա­րա­գիր, ուր լոյս ըն­ծա­յեց իր «­Խոհք եւ Խօսք» հա­ւա­քա­ծոն։ 1918-ի Մա­յի­սին յա­ջո­ղե­ցաւ վե­րա­դառ­նալ Պո­լիս, բայց քա­նի մը ա­միս ետք՝ 19 Նո­յեմ­բերին, առ­յա­ւէտ փա­կո­ւե­ցան խո­հուն աչ­քե­րը հայ ժո­ղո­վուր­դի ու հա­յոց Հա­ւատ­քի հան­րա­գի­տակ Պատ­րիար­քին, որ հայ բե­մի մե­ծա­տա­ղանդ վար­պետ Վահ­րամ Փա­փա­զեա­նի վկա­յու­թեամբ՝
«Սր­բա­զա­նը… ե­թէ չկա­րո­ղա­ցաւ կա­սեց­նել եւ չէ­զո­քաց­նել հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան բնաջն­ջու­մը Տաճ­կաս­տա­նում, գո­նէ կա­րո­ղա­ցաւ հե­ռաց­նել այդ ա­ղէ­տը, որ­քան կա­րե­լի էր… Օր­մա­նեա­նը այն դէմ­քե­րից էր, ո­րոնք մեր ազ­գի չար­քաշ պատ­մու­թեան դժուա­րին ռո­պէ­նե­րին կա­րո­ղա­ցել են խա­րիսխ դառ­նալ մեր ցե­ղի տա­րու­բեր նա­ւին եւ զերծ են պա­հել նրան նա­ւա­բե­կու­թիւ­նից»:
Օր­մա­նեան Պատ­րիար­քի յի­շա­տա­կը ո­գե­կո­չե­լու կը ծա­ռա­յէ ար­տատ­պու­մը հա­մա­ցան­ցի վրայ վեր­ջերս զե­տե­ղո­ւած ժո­ղովր­դա­յին հե­տա­գայ ման­րա­վէ­պին՝ «­Սուլ­թան Հա­մի­տը եւ Օր­մա­նեան Պատ­րիար­քը» խո­րագ­րով.-
Օ­րին մէ­կը Ապ­տիւլ Հա­մի­տի խորհր­դա­կան­նե­րը կ­՚ը­սեն ա­նոր.
— Սուլ­թա՜ն, գի­տե՞ս, որ հա­յոց պատ­րիարք Մա­ղա­քիա Օր­մա­նեան ա­ռանց ա­ղօ­թե­լու ճա­շի չի նստիր: Ան ճա­շէն ա­ռաջ ան­պայ­մա՛ն խաչ կը հա­նէ:
— Ի­րա՞ւ կ­’ը­սէք: Ա­նանկ է նէ, օր մը զին­քը ճա­շի հրա­ւի­րենք, տես­նանք ճա­շէն աոաջ ի­մին դէմս պի­տի հա­մար­ձա­կո­ւի՞ խաչ հա­նել:
Ապ­տիւլ Հա­մի­տը կը հրա­մա­յէ մեծ ճաշ­կե­րոյթ մը պատ­րաս­տել եւ հրա­ւի­րել հա­յոց պատ­րիար­քը:
Մա­ղա­քիա Օր­մա­նեան իր պատ­կա­ռազ­դու տես­քով կը ներ­կա­յա­նայ սուլ­թա­նին: Կը տես­նայ պատ­րաս­տո­ւած ճոխ սե­ղա­նը:
Բո­լո­րը սե­ղա­նին շուրջ կը նստին: Դեռ ու­տե­լու չսկսած Օր­մա­նեան պատ­րիար­քը աջ ձեռ­քը վեր կը բարձ­րա­ցու­նէ, իբր ձեո­քով ցոյց կու­տայ սե­ղա­նին վրայ դրո­ւած տե­սակ-տե­սակ ճա­շե­րը, բայց անն­կա­տօ­րէն խա­չակն­քե­լով կ­՚ը­սէ.
— Ա­ռաջ՝ ա՛ս պի­տի ու­տենք, ետ­քը՝ ա՛ս պի­տի ու­տենք, ետ­քը՝ ա՛ն, պի­տի ու­տենք, վերջն ալ՝ ա՛ն: Ու­րեմն՝ Ա­մէ՜­նը, – կ­՚ը­սէ ու կը սկսի ու­տել:
Ճաշ­կե­րոյ­թը կը լմննայ: Օր­մա­նեան պատ­րիար­քը շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նէ ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար, հրա­ժեշտ կու­տայ, կ­’եր­թայ:
Սուլ­թան Հա­մի­տը ու­րախ-ու­րախ կ­՚ը­սէ իր խորհրդա­կան­նե­րուն.
— Տե­սա՞ք, որ հա­յոց պատ­րիար­քը ինձմէ վախ­ցաւ եւ խաչ չկրցաւ հա­նել:
Խորհր­դա­կան­նե­րը կ­’ը­սեն.
— Կը սխա­լիք, Սուլ­թա՜ն, հա­յոց պատ­րիար­քը, երբ ճա­շէն ա­ռաջ ձեռ­քով կը ցու­ցա­նէր սե­ղա­նին դրո­ւած ու­տե­լիք­նե­րը, իր ձեռ­քի շար­ժում­նե­րով ար­դէն իսկ խա­չակն­քեց սե­ղա­նը, բայց ա­նանկ մը խա­չակն­քեց, որ դուն չնշմա­րե­ցիր:


http://www.kantsasar.com/news/2018/11/23/40072/

 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın