ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այս տարի յոբելենական է հայ մամուլին համար: Մինչ շաբաթներ առաջ կը նշուէր «Բազմավէպ»ի 175-ամեակը, հայագիտական եւ աստուածաբանական հանրութիւնը կը պատրաստուի ուրիշ յոբելեանի մը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին հրատարակուած առաջին պարբերականին՝ «Արարատ» հանդէսի հիմնադրման 150-ամեակին: Այդ առիթով յառաջիկայ դեկտեմբերին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գիտաժողով մը նախատեսուած է՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» Մատենադարանի նախաձեռնութեամբ, «Մայր Աթոռի գիտական հսկան» խորագրով:
Գիտաժողովին անդրադառնալու առիթ կ՚ունենանք տակաւին, իսկ մինչ այդ, Հայաստանի Ազգային գրադարանի կայքէջին մէջ փնտռեցինք եւ գտանք «Արարատ» հանդէսին բոլոր թիւերը թուայնացուած՝ պատրաստ ընթերցուելու, ուսումնասիրուելու… Յոյժ հետաքրքրական է՝ 21-րդ դարուն, նորագոյն արհեստագիտութեան այս օրերուն, համակարգիչի միջոցաւ թերթել մէկուկէս դար առաջ տպագրուած ամսագիրը եւ գիտակցիլ այն, որ մեր կողքին՝ Էջմիածնի մէջ, 150 տարի առաջ եւ յիսուն տարի անընդմէջ տպագրուած է ամսագիր մը, որ մեծապէս նպաստած է գիտութեան զարգացման թէ՛ Հայաստանի եւ թէ ամբողջ Կովկասի տարածքին: «Արարատ»ը ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին տպագրուած առաջին հանդէսը ըլլալէ զատ, նաեւ Կովկասի մէջ առաջին հայագիտական հանդէսն էր, որ իր շուրջը համախմբած է ժամանակի մտաւորականութիւնը, գիտնականները, հոգեւոր եւ աշխարհիկ դասու երեւելիները: Անոնցմէ շատեր Գերմանիոյ եւ եւրոպական այլ երկիրներու մէջ համալսարաններ աւարտած մարդիկ էին, որոնք իրենց արժէքաւոր յօդուածները կը նախընտրէին տպագրել «Արարատ»ի էջերուն վրայ:
1868 թուականին իր առաջին թիւը լոյս ընծայած «Արարատ»ը, իբրեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պաշտօնական ամսագիր, հիմնուեցաւ Գէորգ Դ. Կոստանդնուպոլսեցի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ:
Հետաքրքրական դրուագ մը կայ կառավարական հրամանին մէջ, որով կաթողիկոսին արտօնուած էր տպագրել ամսագիրը. «Կը թոյլատրուի հրատարակել «Արարատ»ը, առանց Կովկասեան գրաքննչական կոմիտէի նախնական քննութեան, եթէ Պատրիարքը՝ Գէորգ Դ., իր վրայ վերցնէ ամսագրին գրաքննութիւնը եւ զայն հրատարակէ իր պատասխանատուութեամբ»:
Յատկանշական է, որ ժամանակակիցներուն կողմէ «Մեծագործ» պատուատիտղոսին արժանացած Գէորգ Դ. Կաթողիկոսը «Արարատ» պատմական ամսագիրը հիմնելէն զատ բազում ստեղծարար, շինարարական ծրագիրներ իրականացուցած է: 1868 թուականին Մայր Տաճարի արեւելեան կողմը Գէորգ Դ. կառուցել տուած է կցաշէնք մը, ուր կազմակերպած է եկեղեցապատմական թանգարան, նորոգել տուած է Սուրբ Գայիանէ վանքը, ուր կառուցած է արեւմտեան կամարակապ դարպասը, կառուցած է Մայր Աթոռի միաբաններուն համար բնակելի շէնքերը, Բիւրականի կաթողիկոսական ամարանոցը, վերակառուցած է Օշականի Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցին եւ այլն։ 1874 թուականին Գէորգ Դ. Կաթողիկոս հիմնած է Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը, ապա՝ Էջմիածնի թանգարանը։ Կաթողիկոսը նաեւ հետեւողական աշխատանքներ կատարած է հայկական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ միակերպ ժամերգութիւն մտցնելու ուղղութեամբ: Ծնած է Կոստանդնուպոլիս, 1813-ին։ 1827-1829 թուականներուն ուսանած է Գումգաբուի պատրիարքականի ժառանգաւորաց վարժարանը, ուր աշակերտած է նշանաւոր մտաւորական պատ-ւելի Գրիգոր Փեշտիմալճեանին։ 1830 թուականին Կարապետ Պատրիարք Պալաթեցիի կողմէ նշանակուած է պատրիարքարանի փոխանորդարանի քարտուղար։
1834 թուականին ստացած է սարկաւագութեան աստիճան, 1835 թուականին ձեռնադրուած է Պոլսոյ Ս. Աստուածածին, Ս. Խաչ եւ Ս. Յարութիւն եկեղեցիներու քարոզիչ։ Անոր ջանքերով ստեղծուած է Պոլսոյ առաջին հայկական եկեղեցական երգչախումբը։
1841 թուականին արժանացած է ծայրագոյն վարդապետի աստիճանին։ 11 յուլիս, 1848 թուականին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս՝ Ներսէս Ե․ Աշտարակեցիի ձեռամբ ձեռնադրուած է եպիսկոպոս։ 1858 թուականին Արեւմտահայոց ժողովի կողմէ ընտրուած է Պոլսոյ պատրիարք (1858-1860), մասնակցած է Ազգային Սահմանադրութեան մշակման։ 1866 թուականին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գումարուած ժողովին կողմէ միաձայնութեամբ ընտրուած է ամենայն հայոց կաթողիկոս՝ յաջորդելով Մատթէոս Ա․ Կոստանդնուպոլսեցիին, իսկ կաթողիկոսական գահուն՝ Գէորգ Դ․ Կոստանդնուպոլսեցիին յաջորդած է Մակար Ա․ Թեղուտցին։
Գէորգ Դ.-ի օծումը տեղի ունեցած է 1867 թուականի մայիսի 21-ին։ Անոր ջանքերով ստեղծուած են «Ձայնագրեալ երգեցողութիւնք Սրբոյ Պատարագի» (1874), «Ձայնագրեալ շարական հոգեւոր երգոց» (1875), «Ժամագիրք» (1877), «Ձայնագրեալ քաղուածք օրհնութեանց» (1882) գիրքերը։
Եղած է լաւ շարականագէտ եւ կազմակերպած է հայկական ձայնագրութեան նոր (Համբարձում Լիմոնճեանի ստեղծած) համակարգի ուսուցումն ու տարածումը։ Գէորգ Դ․ Կոստանդնուպոլսեցին վախճանած է 1882 թուականին: Անոր աճիւնը ամփոփուած է Մայր Տաճարի բակին մէջ։
Եւ այսօր, նշելով անոր օրով հիմնուած «Արարատ» ամսագրին 150-ամեակը, հայ պատմաբաններն ու հայագէտները, աստուածաբանները յարգանքի տուրք կը մատուցեն նաեւ երկու դար առաջ ծնած կաթողիկոսին, որ պատմական դեր ունեցած է հայ հոգեւոր եւ աշխարհիկ կեանքէն ներս:
Հիմնուելով իբրեւ հոգեւոր կեդրոնի պաշտօնական ամսագիր, «Արարատ»ը այլ նպատակներ եւս ունեցած է, ինչպէս՝ երիտասարդութեան մէջ կրթութեան, գիտութեան հանդէպ սիրոյ սերմանումը, Մայր Աթոռի առաքելութեան եւ դերին տարածումը հայութեան մէջ: «Արարատ»ը, տպագրուելու օրերուն, մեծ համբաւ ձեռք բերած է հայութեան մէջ, նաեւ Հայաստանէն դուրս: Ամսագիրը կը հասնէր մինչեւ Պոլիս, Իզմիր, Կալկաթա, Երուսաղէմ, Մոսկուա, Սեն Փեթերսպուրկ, Վենետիկ, Վիեննա եւ այլ հայաշատ վայրեր:
Ամսագրին լրջութեան, անոր նպատակներուն մասին կը կարդանք առաջին իսկ թիւին նախաբանին մէջ եւ կարելի է ըսել, որ կէս դար լոյս տեսնելով, ամսագիրը հաւատարիմ մնացած է իր առաքելութեան՝ ընդհանրապէս հայ մամուլի եւ մասնաւորապէս կրօնական մամուլի մէջ մնալով իբրեւ ամենաերկարակեաց ամսագիրներէն մին:
«Արարատ» ամսագիրը լոյս տեսած է աշխարհաբար հայերէնով, լեզուին մասին ամսագիրը յայտարարած է իր առաջին թիւին մէջ, գրելով, որ թերթին լեզուն «Հայաստանայ Երեւանայ գաւառի պարզ աշխարհաբար լեզուն է, որ աւելի մերձ է գրաբարին»: Բայց էջերուն մէջ նաեւ գրաբարով յօդուածներ լոյս տեսած են: Ամսագիրը խմբագրած է Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն կազմուած խմբագրակազմը՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին նշանակած խմբագրին միջոցով: Ամսագրին խմբագիրները եղած են Աբէլ Արքեպիսկոպոս Մխիթարեան, Խորէն Վարդապետ Ստեփանէ, Կարապետ Վարդապետ Տէր-Մկրտչեան, Գալուստ Տէր-Մկրտչեան, Գարեգին Վարդապետ Յովսէփեան (Գարեգին Ա. Յովսէփեան), Յուսիկ Արքեպիսկոպոս Մովսիսեան, Աբէլ Աբեղայ Աբրահամեան, Ներսէս Վարդապետ Միքայէլեան եւ ուրիշներ:
Չսահմանափակուելով զուտ եկեղեցական նիւթերով, ամսագիրը առաջին օրէն կոչուած է «Ամսագիր կրօնական, պատմական, բանասիրական եւ բարոյական գիտելեաց»: Իր էջերուն մէջ «Արարատ»ը տպագրած է կաթողիկոսական կոնդակներ եւ կարգադրութիւններ, քաղուածքներ Սինոդի գրագրութիւններէն, տեղեկութիւններ եւ թղթակցութիւններ թեմերէն, ծիսական եւ թեմական դպրոցներէն, քոյր եկեղեցիներէն: Հրատարակած է մատենագիտական բնագրեր, վաւերագրեր, միջնադարեան հայ տաղերգուներու երգեր: Տպագրած է սեպագիր արձանագրութիւններու լուսանկարներ, որոնք ուղեկցած են վերծանութեամբ: Ամսագրին մէջ մեծ տեղ տրուած է կրթութեան, մանկավարժութեան, տպագրուած են հայկական դպրոցներու վիճակին մասին յօդուածներ:
Նաեւ անդրադարձներ, նիւթեր եւ յօդուածներ տպագրուած են կաթողիկէ եւ հայ աւետարանական եկեղեցիներուն կեանքէն: Գալով աշխարհիկ նիւթերուն՝ ամսագրին մէջ մեծ տեղ գրաւած են հայ ժողովուրդի պատմութեան մասին յօդուածներ, հայ հին եւ նոր գրականութեան մասին նիւթեր, ազգագրական, բանահիւսական եւ այլ ասպարէզներու առընչուող ուսումնասիրութիւններ, տպագրուած են յօդուածներ հայ ժողովուրդի դրացի երկիրներուն հետ առընչութիւններուն, աղանդներուն եւ օրուան կարեւոր հարցերուն մասին:
Յառաջաբանին մէջ կը կարդանք, որ «Արարատ» ամսագիրը, հիմնուած օրէն իր առջեւ հարց չի դներ «հաւատոյ վէճեր նորոգել», այլ կը ջանայ պահպանել Հայ Եկեղեցւոյ կարգն ու կանոնը, պարզաբանել եկեղեցւոյ պատմութեան առընչուող հարցերը, ներկայացնել Հայ Եկեղեցւոյ դաւանական դիրքը, առաքելականութիւնը, առաքելական յաջորդականութիւնը, նուիրապետական հաստատման պատմութիւնը եւ այդ բոլորը ընել նոր ուսումնասիրութիւններով՝ հիմնուած աղբիւրներու վրայ, մատենագիտական հիմնաւորումներով:
Բանալով ամսագրին թիւերը, կը տեսնենք, որ այս ամսագրին շուրջ իրաւ համախմբուած եղած են ժամանակի բոլոր նշանաւոր մտաւորականները, գրողները, հոգեւորականները: «Արարատ»ին աշխատակցած են. Մաղաքիա Արք. Օրմանեան, Գաբրիէլ Արք. Այվազովսկի, Երուանդ Վրդ. Տէր-Մինասեան, Կոմիտասը, Ղազարոս Աղայեան, Հրաչեայ Աճառեան, Նիկողայոս Ադոնց, Ստեփան Մալխասեանց, Լէոն, Նիկողայոս Մառ, Երուանդ Լալայեան, Յակոբ Մանանդեան եւ այլ անուանի մտաւորականներ, որոնցմէ մէկ մասը նոյնինքն «Արարատ»ի մէջ տպագրած է իր առաջին ուսումնասիրութիւնները, յօդուածները: Մեծանուն հայագէտ Մանուկ Աբեղեան հայկական առասպելներուն, խաղերուն եւ հայ գրականութեան պատմութեան նուիրուած իր յօդուածները առաջին անգամ տպագրած է «Արարատ»ի մէջ: Հրաչեայ Աճառեան 1898 թուականին սկսած է աշխատակցիլ «Արարատ»ին: Իւրայատուկ ակադեմիա մը հանդիսացած է «Արարատ» ամսագիրը եւ պատահական չէ, որ յետագային հիմնուած Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ առաջին աշխատակիցները եղած են ամսագիրին շուրջ երբեմնի խմբուած գիտնականներն ու մտաւորականները:
1988 թուականին «Արարատ» ամսագրին մէջ բացուած է «Սուրբ Էջմիածնի գրադարան» բաժինը, ուր հրատարակուած են Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան եւ դաւանութեան «տակաւին մութ եւ անծանօթ» մնացած հարցերու վրայ լոյս սփռող ձեռագիր բնագիրներ: «Արարատ»ի շուրջ համախմբուած միաբաններն ու մտաւորականները 1913 թուականին հրատարակած են «Շողակաթ» հայագիտական ժողովածոյի առաջին գիրքը՝ նուիրուած Հայ գիրերու ստեղծման 1500 եւ տպագրութեան 400-ամեակներուն:
Առաջին իսկ թիւէն ամսագրին մէջ տեղ գտած են հայ ձեռագրագիտութեան եւ հայագիտութեան հարցերուն վերաբերեալ գրութիւններ։ Այս մէկը արդիւնքն էր անոր, որ «Արարատ»ի հիմնադրման տարին Էջմիածնի Մատենադարանին մէջ արդէն հաւաքուած էր 2382 ձեռագիր: Գէորգ Դ. Կաթողիկոս յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէր ձեռագիրներուն, մեծ ջանքեր կը գործադրէր Մատենադարանը նոր ձեռագիրներով հարստացնելու ուղղութեամբ:
Մատենադարանի ձեռագիրներէն զատ, ամսագիրը չէ անտեսած նաեւ Հայաստանէն դուրս գտնուող ձեռագիրները: Ընթերցողին համառօտ կերպով ծանօթագրուած են նաեւ Փարիզի Ազգային մատենադարանին մէջ պահուող 273 հայերէն ձեռագիրները:
Պէտք է նշել, որ Խրիմեան Հայրիկի կաթողիկոսութեան օրերուն նոյնպէս մեծ հովանաւորութիւն եղած է դէպի հայագիտութիւնը, ահա թէ ինչու ան ամսագրի խմբագիր նշանակած է գիտնական Կարապետ Վրդ. Տէր-Մկրտչեանը: Վերջինս, որոշ շրջան մը պաշտօնավարելէ ետք, ստիպուած էր հրաժարիլ, քանի որ շատ զբաղած էր Մայր Աթոռի Ժառանգաւորաց ճեմարանի տեսչութեան գործով եւ 1900-ականներու սկիզբը Խրիմեան Հայրիկ խմբագրութիւնը յանձնած է հայագիտութեան ապագայ մեծ նուիրեալ Գարեգին Վ. Յովսէփեանին: Ըստ էութեան, ամսագիրը ունեցած է երկու ստեղծագործական շրջան՝ 1868-1895 եւ 1895-1919: 1919 թուականին ամսագիրը, քաղաքական հանգամանքներու բերումով, դադրած է լոյս տեսնելէ՝ ցաւ պատճառելով ընթերցողներուն, մանաւանդ հոգեւորականութեան: Մէկ կողմէ Առաջին աշխարհամարտի հետեւանքները, միւս կողմէ՝ հայ գաղթականութիւնը, լաւ չէր նաեւ պատմական Հայաստանի վիճակը։ Պատերազմի հետեւանքով տակնուվրայ եղած էր հայ ժողովուրդի խաղաղ կեանքն ու երկրի քաղաքական վիճակը: Հարիւր հազարաւոր գաղթականութեան ժամանումը դէպի արեւելք, հաստատուելով Հայաստանի, Վրաստանի եւ Սեւ ծովու ափամերձ բնակավայրերու մէջ, ցարական Ռուսաստանի իշխանութեան քայքայումը, ռուսական զօրքերուն պարտադրուած դուրսբերումը պատմական Հայաստանի կարգ մը գաւառներէն եւ մեծ կորուստներով ու զոհերով ամբողջ բնակչութեան արտագաղթը դէպի այսօրուայ Հայաստանի տարածք, փոխանցիկ հիւանդութիւնները, սովը իրենց ազդեցութիւնները ունեցան նաեւ Էջմիածնի վրայ: Մայր Աթոռը նոյնպէս վատ վիճակի մէջ էր եւ Գէորգ Ե. Սուրենեանց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ակամայ ստիպուած եղաւ 1919-ին դադրեցնել «Արարատ» ամսագրի հրատարակումը: Յետագայ տարիներուն, ճիշդ է, որ երկրի տարածքին խաղաղութիւն տիրեց, բայց տեղի ունեցան ուրիշ աղէտներ՝ քաղաքական բռնութիւններ, Մայր Աթոռի ունեցուածքի բռնագրաւում, 1926 թուականի երկրաշարժ, Բ. աշխարհամարտ, որոնք պատճառ դարձան, որ քսանհինգ տարի Մայր Աթոռը մնայ առանց պաշտօնական հրատարակութեան…
«Արարարտ» ամսագրին վերջին երկու թիւերը, որոնք միացեալ լոյս տեսած են (1918-1919), ամբողջութեամբ նուիրուած են հայագիտութեան: Այսօր ալ անիկա կը հանդիսանայ հայագիտութեան բացառիկ աղբիւր եւ հայ ու օտար հայագէտները, իրենց ուսումնասիրութիւնները կատարելու համար անպայման կը դիմեն «Արարատ»ի օգնութեան:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այսօր լոյս տեսնող «Էջմիածին» հանդէսը «Արարատ» ամսագրի հայագիտական աւանդոյթներուն ժառանգորդն ու շարունակողն է: Նոյնպիսի հարուստ հայագիտական նիւթ կարելի է գտնել «Էջմիածին» հանդէսին մէջ: Վերջինս լոյս կը տեսնէ 1944 թուականէն ի վեր Ամենայն Հայոց Գէորգ Զ. Չէօրէքճեան Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ: «Էջմիածին»ը միշտ անդրադարձած է իր նախորդ հրատարակութեան՝ «Արարատ»ի թիւերուն, յոբելեաններուն: 1968 թուականին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մեծ շուքով նշուած է «Արարատ» ամսագրի հիմնադրման 100-ամեակը եւ «Էջմիածին» ամսագիրը ամբողջ թիւ մը նուիրած է հայ մամուլի, հայագիտութեան, եկեղեցական կեանքի այդ կարեւոր տարեթիւին։ «Էջմիածին» ամսագրի էջերուն մէջ նաեւ մաս առ մաս հրատարակուած է «Արարատ» ամսագրի կարեւորագոյն յօդուածներուն մատենագիտութիւնը, որ անփոխարինելի ուղեցոյց է գիտնականներուն համար: Իսկ Մայր Աթոռը, ժամանակ առ ժամանակ կը հրատարակէ «Արարատ»ի ժառանգութիւնը մատենաշարէն գիրքեր, որոնց մէջ կ՚ամփոփուին այն կարեւորագոյն բաժինները, որոնք ժամանակին տեղ գտած են թիւերուն մէջ:
Այնպիսի ժամանակաշրջանի մը ընթացքին, երբ հայ ժողովուրդը ազատագրուած էր պարսկական տիրապետութենէն եւ ռուսական հոգածութեան ներքոյ սկսած էր ազատ գոյութեան կեանքին, «Արարատ» ամսագրին հիմնումը, պատմական այդ շրջանին մեծ կարեւորութիւն ունեցած է: Պատմագիրները կը նշեն, որ հայ ժողո-վուրդին եւ Էջմիածնին վիճակը շատ թշուառ էին պարսկական տիրապետութեան ներքոյ եւ երբ ազատագրումէն ետք կազդուրուած էր Էջմիածինը, կարիքն ունէր իր սեփական մամուլը ունենալու եւ անոր միջոցաւ ամրապնդելու եւ վերականգնելու հայ ժողովուրդի սէրն առ եկեղեցին, մշակոյթը, աւանդոյթները:
http://www.jamanak.com/content/ընկերա-մշակութային/22-11-2018-մայր-աթոռի-գիտական-հսկան
İlk yorum yapan siz olun