İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՌԱՆՑ ԿԱՆԳԱՌԻ ԱՄԵՆԱԵՐԿԱՐ ՅԵՏԱԴԱՐՁ ՃՈՊԱՆՈՒՂԻ ՏԱԹԵՒԻ ՃՈՊԱՆՈՒՂԻՆ

Տաթեւի Ճոպանուղին կը գտնուի Հայաստանի  հարաւային կողմի Սիւնիքի մարզի մէջ,մայրաքաղաք Երեւանէն շուրջ 250 քմ. հեռաւորութեան վրայ:Ճոպանուղին ,կառուցուած է 2010 թոականին եւ նոյն թուականին արձանագրուած է Կինէսի մրցանիշերու  գիրքին մէջ, որպէս <<Առանց Կանգառի Աշխարհի Ամենաերկար Յետադարձ Ճոպանուղի>> (5752 m) ,Ճոպանուղին, Հալինձոր գիւղը կը կապէ Տաթեւի Վանքի համալիրին, Ճոպանուղիի ճամբորդութիւնը կը տեւէ 12 վայրկեան ,320 մ բարձրութեան վրայ, մինչդեր Որոտանի ձոր ճանապարհը կը տեւէ  40 վայրկեան : Ճոպանուղին 5,7 քմ .երկարութիւն ունի ,իւրաքանչիւր անգամ կը տեղափոխադրէ 30 ողեւոր ,մէկ ուղեկցող ,իսկ մէկ ժամուան մէջ կը տեղափոխադրէ շուրջ 240 ուղեւոր:
Տաթեւի ճոպանուղիէն ստացուած ամբողջ շահոյթը կը յատկացուի վանքի համալիրի վերականգման եւ տեղի  համայնքի զարգացման  համար:
Ճոպանուղին խթան դարձած է տարածքաշրջանի  զբօսաշրջութեան եւ  արեւտրական  կեանքի զարգացման , զբօսաշրջութեան  աճը նպաստած է համապատասխան ենթակառոյցներու զարգացման:
Տքթ.Սարգիս Ատամ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın