İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍՏԵՓԱՆ ԱԲԷԼԵԱՆ. «ԱՆՊԱՅՄԱՆ ՀՈՆ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՄ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ՔԵՍԱՊԸ… ԻՄ ԿԵԱՆՔՆ Է»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով ականատես եղանք մարդկային տխուր պատմութիւններու: Հակամարտութեան հետեւանքով ցիրուցան եղան հազարաւոր ընտանիքներ, բնականաբար, այդ ճակատագրէն անմասն չմնացին Սուրիոյ զանազան շրջաններուն մէջ ապրած եւ կեանք կերտած մեր հայ հայրենակիցները: Այսօրուան իմ հերոսը այն հայերէն է Քեսապի, ուրկէ տխուր դէպքերուն հետեւանքով «գաղթականի ցուպը ձեռին» հեռացաւ իր ծննդավայրէն ու «գաղթական»ի կարգավիճակ ստանալով յայտնուեցաւ հեռաւոր Միացեալ Նահանգներու մէջ…

Ստեփան Աբէլեան Քեսապի տնտեսութեան մէջ կարեւորագոյն ներդրում ունեցած առեւտրական մըն է, որ իր կեանքին սկսաւ օճառի արդիւնաբերութեամբ, ապա այդ ասպարէզին մէջ փայլուն յաջողութիւններ արձանագրելէ ետք անցաւ այլ ոլորտներ:

Ստեփան Աբէլեանի հետ զրոյցին շարժառիթը հանդիսացաւ Դիմատետրի Aleppo Armenians էջին վրայ իր կողմէ տեղադրուած պատկեր մը, ուր խօսակիցս կանգնած էր ինքնաշարժի մը առջեւ: Պատկերին տակ կար գրառում մը, ուր Աբէլեան կը գրէր, թէ այդ տարին (1974) Քեսապէն Հալէպ մեկնած էր իր ստանձնած օճառի գործարանին համար նոր սարքեր պատրաստել տալու: Պատկերը նկատելէս անմիջապէս ետք յաջողեցայ կապ հաստատել ներկայիս ալ Լոս Անճելըս գտնուող Աբէլեանին հետ եւ արդիւնքը եղաւ ստորեւ ներկայացուած հարցազրոյցս:

*

-Պրն. Աբէլեան, իմ ուշադրութիւնը գրաւեց նկար մը, որ զետեղած էիք Դիմատետրի հալէպեան խումբի մը մէջ, ուր գրած էիք՝ «Օճառի գործ կ՚ընէիք Քեսապ»: Ե՞րբ հիմնեցիք գործարանը, կրնա՞ք պատմել ձեր գործարանի մասին: Ինչպէ՞ս սկսաք ձեր գործին:

-Գործարանը իմ աներհօրն էր: Ես 1989 թուականին յանձն առի եւ ըս-տանձնեցի գործարանը վարելու պատասխանատուութիւնը: Այդ տարիներուն Սուրիոյ տնտեսական վիճակը այնքան ալ քաջալերական չէր եւ բազմաթիւ դըժ-ւարութիւններ (նիւթերու, գործիքներու, վաճառքի եւ այլն) կային: Բացի դժուարութիւններէն, Արեւմուտքի բոլոր երկիրները Սուրիոյ նկատմամբ ժխտական դիրքորոշում մը ունէին: Այդ դժուար պայմաններուն տակ որոշեցինք բերել նորութիւն մը, որ տարբեր էր Հալէպի նշանաւոր ապրանքանիշերէն, որովհետեւ այդ ժամանակ մեր արտադրութիւնը ճանչցուած չէր եւ չէինք կրնար մրցակցութեան մէջ մտնել հին եւ հռչակ վայելող օճառի գործարաններուն հետ. ինչպիսին էր օրինակ՝ Հալէպի «Ղար» օճառը: Իմ այս նպատակին հասնելու համար նախ սերտեցի շուկան, ապա Ֆրանսայի իմ բարեկամներուն հետ երկու տարի ուսումնասիրութիւններ կատարեցի օճառի նոր եւ իւրայատուկ տեսակ մը ստեղծելու համար: Սկիզբը շատ դժուարութիւններ ունեցանք, սակայն մեր արտադրանքը մեծ յաջողութիւն եւ անուն գտաւ 1996 թուականէն ետք: 2007 թուականին ստացայ սուրիական արտադրանքային մենաշնորհի արտօնագիր, ուր գրուած էր մեր արտադրութեան իւրայատկութիւններուն եւ առաւելութիւններուն մասին:

-Ի՞նչ բանով կը տարբերի ձեր արտադրութիւնը միւսներէն:

-Մեր արտադրածը շատ մը առաւելութիւններ ունի: Առաջին գլխաւոր տարբերութիւնը օճառի պատրաստման եղանակն է: Մեր պատրաստած օճառը երկար ժամանակ «եփելու» կարիք չունի, այս իսկ պատճառով ալ իր մէջ պարունակուող բոլոր իւղերը կը պահեն իրենց յատկութիւնները, ինչպէս նաեւ բոյրը: Երկրորդ առաւելութիւնը՝ արտադրութեան արագ ընթացքն է: Եթէ բոլոր գործարաններուն համար օճառ եփելը մէկ շաբաթ կը պահանջէ, իսկ չորցնելը մէկ տարի, ապա մեր մօտ՝ եփելը քանի մը ժամ կը պահանջէ, իսկ չորցնելը 40-60 օր: Այսինքն արտադրանքը շատ արագ է, իսկ որակը բարձր:

-Ի՞նչ է ձեր արտադրութեան անունը եւ առաջին անգամ ո՞ւր ծախեցիք զայն:

-Մեր օճառը կոչեցինք «Լորաբէլ»: Թէ՛ անունը եւ թէ արձանագրուած ըլլալը տակաւին իմ սեփականութիւնն են եւ այդպէս ալ պիտի մնան: Ցայսօր ալ կը շարունակեմ պետական տուրքեր վճարել, որովհետեւ չեմ ուզեր այդ իրաւունքները կորսնցնել: Հոս՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ առիթն ունէի գործիս վերստին սկսելու, սակայն չուզեցի, որովհետեւ միտքս եւ հոգիս Քեսապ է, կ՚ուզեմ գործս վերականգնել Քեսապի մէջ: Անշուշտ վերսկսելու համար հսկայական գումարներու կարիքը կայ:

Մեր արտադրութիւնը առաջին անգամ Ճաբոն ուղարկած եմ: Երկար տարիներ, մինչեւ պատերազմի սկիզբը՝ 2011 թուականը, ես ապրանքը արտահանած եմ Ճաբոն, Գանատա եւ Ֆրանսա: Քեսապի դէպքերուն ընթացքին գործարանը ամբողջութեամբ կողոպտած էին: Հաւանաբար բոլոր սարքաւորումները, որոնք պատրաստուած էին Հալէպի հայ արհեստաւորներուն ձեռամբ, տեղափոխուած են այլ երկիրներ։

-Կրնա՞ք պատմել Քեսապի դէպքերու մասին: Ո՞ւր կը գտնուէիք դուք, երբ «Էլ Նուսրա» խմբաւորման զինեալները Քեսապ ներխուժեցին:

-Ես ընտանիքիս հետ Քեսապ կը գտնուէի այդ օրերուն: Երբ քաղաք ներխուժեցին, գիշեր էր, քնացած էի, յանկարծ տասներեք տարեկան տղաս արթնցուց զիս՝ ըսելով, որ տարօրինակ ձայներ կը լսուին փողոցէն: Ես խենդի մը պէս դուրս վազեցի եւ տեսայ, որ բոլոր կողմերէն ռմբակոծում կ՚ըլլայ. քառորդ ժամուան ընթացքին իմ տան շուրջ եօթ հրթիռներ ինկան: Այդ իրավիճակը տեսնելով, անմիջապէս մեր տան հագուստներով եւ առանց բան մը առնելու, ինքնաշարժ նստանք եւ Լաթաքիա փախանք: Ես շատ բան կորսըն-ցուցի այս պատերազմի պատճառով, տունս ամբողջութեամբ թալանեցին՝ դրամ, ոսկի, հագուստներ, տան կահ-կարասի… Այն ինչ որ չկրցան թալանել, ջարդուփշուր ըրին: Օճառի գործարանի կողքին ես նաեւ կը զբաղէի ուրիշ արտադրութիւններով: Քեսապի հայ կանանց տան արտադրութիւնը իմ գործարանի անունով եւ պիտակով կը վաճառէի, օրինակ՝ օշարակներ, նուռի թթու, անուշներու տեսակ, մեղր եւ այլն: Գործարանը թոներով արտադրութիւն կար՝ մօտաւորապէս 45 թոն օճառ, մեծ քանակութեամբ նիւթեր, որոնց ամբողջ հումքը սուրիական արտադրանք էր, եւ անշուշտ սարքեր: Այս բոլոր գործերու կողքին, վերանորոգած էի տասն հին առանձնատուն եւ ամրան զբօսաշրջիկներուն վարձով կու տայի:

Այս պատերազմէն, կողոպուտէն ետք աղքատ եւ հարուստ հաւասարեցան: Ճիշդ է, բոլորը վնասեցին, սակայն հարուստը շատ բան կորսնցուց: Փառք կու տամ Աստուծոյ, որ ուժ եւ գիտակցութիւն տուաւ ինծի այս բոլորին դիմակայելու ու տոկալու համար:


http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F6-11-2018-ստեփան-աբէլեան-«անպայման-հոն-պիտի-վերադառնամ-որովհետեւ-քեսապը…-իմ-կեանքն-է»

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın