Յարգելի Ընթերցողներ:
Ստորեւ կցեալ յօդուածը,թէեւ, 27 Հոկտեմբեր 1999 ի Հ.Հ Խորհուրդարանի արիւնալի ահահեկչութեան 17- րդ տարելիցին ,ի յարգանս ահաբեկչութեան նահատակներուն յիշակին , 21/10/2016 թուակիր Ազգ օրաթերթի եւ 22/10/2016 թուակիր Hye-Tert ի էջերուն մէջ հրապարակուած էր.
Ահաբեկչութեան 19- րդ տարելիցին անգամ մը եւս հրատարակելով ,նահատակներուն յիշատակին կրկին կը մատուցանենք մեր յարգանքի տուրքը:-Տքթ.Սարգիս Ատամ
27 Հոկտեմբեր 2018 թուականին պիտի լրանայ ,27 Հոկտեմբեր 1999 թուականի Հ.Հ Ազգային Ժողովի վրայ կատարուած արիւնալի ահաբեկչական յարձակման 19-րդ տարելիցը:
19 տարի առաջ, Նաիրի Ունանեանի գլխաւորութեամբ խումբ մը ահաբեկիչներ, Հ.Հ Ազգային Ժողովէն ներս խուժեցին եւ գնդակահարեցին Հ.Հ գործադիր ու օրէնսդիր իշխանութեան առաջին դէմքերը,սպաննեցին Հ.Հ Ազգային Ժողովի Նախագահ Կարէն Տէմիրճեան, Վարչապետ Վազգէն Սարգիսեան, Ա.Ժ փոխնախագահ ,նախարարներ ու պատգամաւորները , ընդամէնը ութը հոգին սպաննեցին եւ վիրաւորեցին նաեւ այլ պատգամաւորներ ու նախարարները.
Հ.Հ օրուայ նախագահը Ռոպէր Քօչարեան դէմառդէմ հանդիպում մը ունեցած էր գլխաւոր ահաբեկիչ Նաիրի Ունանեանի հետ : Այդ հանդիպումին մասին ,այդ օրերուն հասարակական ու քաղաքակլան շրջանակներու մէջ շատ մը հարցականներ ,կասկածներ ու շշուկներ կային , սակայն այդ կասկածները ու շշուկները չի լուսաբանուեցան: Ոճրագործութեան դատական նախաքննութիւնը աւելի քան մէկ տարի տեւեց, դատաւարութիւնը սկսաւ Յունուար 2001 ին եւ տեւեց 3 տարի, պետութեան առաջին դէմքերը դաժանաբար գնդակահարող ու սպաննող ահաբեկիչները դատապարտուեցան ցմահ ազատազրկման.Ահաբեկչութիւնը իրականացուցած անձերու դատավճիռը հրապարակուեցաւ 2 Դեկտեմբեր 2003 թուականին:Գործողութեան հեղինակներէն 6 ը դատապարտուեցան ցմահ,իսկ մէկը 14 տարուայ ազատազրկման: Հակառակ անոնց դէմ արձակուած դատական վճիռներուն, 27 Հոկտեմբեր 1999 ահաբեկչութեան գործը տակաւին ամբողջոթեամբ չէ բացայայտուած:Ոչ ոք,չի համազուեցաւ որ ,ահաբեկիչները ,այս ողբերգական ոճրագործութիւնը ինքնուրույն եւ առանձին գործած են: 27 Հոկտեմբեր 1999 Հ.Հ Խորդրդարանի այդ արիւնալի դէպքը, Հայաստանի պետականութեան եւ ժողովրդավարութեան դէմ անգութաբար գործուած, մութ ներքին ծալքեր ունեցող միանշանակ ոճրագործութիւն մըն էր:
27 Հոկտեմբեր 1999 թուականի այս ոճրագործութիւնէն 19 տարի անցաւ,այսօր 19 տարի ետք իսկ,Հ.Հ Ազգային Ժողովի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան այս արիւնալի դէպքը ,դեռեւս յստակապէս չէ բացայայտնուած ,ոչ դատարանը եւ ոչ ալ նախաքննութիւները չեն կարողած հարցին վերջնական պատասխանը տալ ,թէ’ արդեօք ահաբեկիչները ինքնուրոյն գործած են ,թէ’ անոնց ետեւը մութ խմբակ մը եւ կամ անձեր կանգնած էին.
Հոկտեմբեր 27 ի կասկածեալ յանձաւորներէն եւ վկաներէն ոմանք ինքնասպան եղան , ոմանք, վաղաժամ ու կասկածելի ձեւով մահացան, որոնց մահուան պատճառներու դատաբժշկական բացատրութիւնները համոզիչ չէին եւ մնացին կասկածելի մահեր եւ ոմանք ալ արկածի ենթարկուեցան :
Տարիներու ընթացքին Հոկտեմբեր 27 ի դէպքը , պարզապէս անձեռնամխելի դարձած է եւ կը շարուանկէ մութի մէջ խորհրդաւոր ու չբացայայտուած մնալ : Շատերու բերանը փակուեցաւ եւ այս խորհրդաւոր իրավիճակը երբեք չի խանգարէծ Հ.Հ պատգամաւորները , որոնք հանգիստ կը նստին դէպքին պատահած նոյն շէնքին ու դահլիճին մէջ:
27 Հոկտեմբեր 1999 ի դէպքը մեր պատմութեան մէջ կը մնայ որպէս մութ ու խորհրադաւոր էջերէն մին, որի մասին բան մը իմացողը կը լռէ , իսկ չիմացողը կը սիրէ տարետեսակ կարծիքներ յայտնել ու շշուկներ տարածել: Անկախ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան մէջ ցնցիչ դէպք հանդիսացող այդ սպաննութիւնը ,ցայսօր ալ կը շարուանակէ ՛՛Ծանր բեռ՛՛ մնալ ամբողջ հայութեան ուսերուն վրայ:
Ըստ իս, Հոկտեմբեր 27 արիւնալի այդ դէպքը ճակատագրական նշանակութիւն ունի մեր պետականութեան ու մեր պատմական ազգի համար: Եթէ’,Հոկտեմբեր 27 ի դէպքը չապրէինք,թէրեւս ,այսօր ուրիշ Հայաստան մը կրնայինք ունենալ:
Ամէն տարի Հայաստանի ,Արցախի եւ սփիւռքի հայ աշխարհի մէջ վերյիշելով Հոկտեմբեր 27 ի նահատակներու բարի յիշատակը , կը մատուցանենք մեր յարգանքի տուրքը
Աստուած անոնց հոգիները լուսաւորէ.
İlk yorum yapan siz olun