Ընդհանրապէս կ՛ըսուի թէ,Սեպտեմբեր- Հոկտեմբեր ամիսները թախիցի ,տխրութեան եւ տերեւաթափի ամիս է,սակայն ըստ աւանդութեան Հայ աշխարհը Հոկտեմբերին կը նշէ ՛՛Հայ Մշակոյթի Ամիս՛՛ խորագիրով ՛՛Թարգմանչաց Շարժումը եւ Մշակոյթի Տօն՛՛ը : Այս տօնով հայ ժողովուրդը ,հայ գիրերու գիւտարար Սբ.Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Թարգմանիչ վարդապետներու նկատմամբ յարգանգի տուրքը մատուցանելով ,իր ուխտը կը կատարէ:
Ին՞չ մեծ դժբախտ ու տխուր հանդիպում մըն է որ, 2018 ի Հոկտեմբերին հայ ժողովուրդը կորսունցուց իր շատ թանկագին աշխարահահռչակ երկու զաւակը, մշակոյթի երկու մեծ հայ մշակները ,Նախ Շարլ Ազնաւուրը ,յետոյ Արա Կիւլէրը :Կարծէս թէ, անոնք Հայ Մշակոյթի ամիսին՛ Հոկտեմբերին, Սուրբ Մեսրոպի եւ Սուրբ Թարգմանիչ վարդապետներու հոգիններու հետ ժամադրուած էին:
Նախ Շարլ Ազնաւուրի,աշխարհահռչակ շանսոնիէի մահուան գոյժը արագընթաց տարածուելով ցնցեց համաշխարահային հասարակութիւնը : Հայ ժողովուրդը, բարեգործ եւ մարդասէր իր այս զաւկին մեծ կորուստի վիշտը ու թախիծը դեռ չի սփոփած երկրորդ անգամ ցնցուեցաւ կորսունցնելով երկրորդ մեծ զաւակը ՛ աշխարահահռչակ առասպելական լուսանակիչ Արա Կիւլէրը:
Ազնաւուր ծնած է 1924 թուականին Ֆրանսայի ,իսկ Արա Կիւլէր 1928 ին Իսթանպուլի մէջ :Թէ՛ Շարլ Ազնաւուրի եւ թէ Արա Կիւլէրի կորուստը մեծ է ու երկուքն ալ հայ ազգի պարծանքն էին,փառքն ու պատիւը աշխարհին մէջ: կորուստին վիշտը երկու ազգերը հայերն ու ֆրանսացիները միասին սգացին: Ազնաւուրի մահէն յետոյ , Արա Կիւլէրի մահուան գոյժը , հայութեան համար առաւել ծանր ու ցաւօտ էր :
Եկեղեցական թաղման արարողութիւնէն առաջ,Ազնաւուրի համար Ֆրանսայի Իշխանաութեան կողմէ, իսկ Արա Կիւլէրի համար ալ Թուրքիոյ իշխանութեան կողմէ վսեմաշուք յուղարկաւորութիւն մը կազմակերպուեցաւ , երկու երկիրներու մամուլը եւ հեռատեսիլի կայաններու, երկու մեծ հայ արուեստագէտներու մահուն գոյժը քանի մը օր շարուանակ ցաւակցութիւններ յղեցին ,անդրադարձան երկու հայ առասպելական արուեստագէտներու կենսագրական պատմութեան:
Շարլ Ազնաւուր ,ինչպէս որ երկու ազգեր Հայերու Ֆրանսացիներու եւ Արա Կիւլար ալ ինչպէս որ երկու ազգեր Հայերու ու Թուրքերու, նոյնպէս համայն մարդկութեան սիրելիներն էին : Անոնց յուղարկաւորութեան հրաժեշտ տալու եկած էին պետութեան բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, արուեստագէտներ ,արուեստասէրներ,ազգայիններ ,բարեկամներ ,ազգակիցներ ,համակիրներ գրեթէ ամբոջ հասարակութիւնը ներկայ էին,սակայն Արա Կիւլէրի յուղարկաւորութեան պարագային բան մը պակաս էր,կիսատ էր,ափսոս՛, Հայաստանէն կային կարեւոր բացականեր:
İlk yorum yapan siz olun