İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Թարգմանչաց Շարժումը եւ Միջնադարու Հայ Մեծ Գիտնական Անանիա Շիրակացի

Հայ աշխարհը ամէն տարի  Հոկտեմբեր-Նոյեմբեր ամիսներուն կը նշէ ՛՛Թարգմանչաց Տօն՛՛ը հաւատարիմ մնալով հայ գիրին, լեզուին ,իր հաւատքին ու կը վերանորգէ իր ուխտը: Թարգմանչաց շարժումը հայ կեանքի մէջ անկիւնադարձային իրադարձութիւններէն  մին է:
Թարգմանչաց տօնին հայ ժողովուրդը , կը յայտնէ հայ գիրի գիւտարար  եւ մայրենի լեզուի առաջին ուսուցիչ Մեսրոպ Մաշտոցի,Սահակ Պարթեւի եւ Թարգմանչաց վարդապետներու  նկատմամբ ունեցած իր երախտագիտական  զգացումները եւ կը յիշէ անոնց անմոռանալի վաստակը ու խնկելի յիշատակը,  ՛՛ Թարգմանչաց Տօն եւ Մշակոյթի Օրեր՛՛ անուան  տակ:

Թարգմանչաց շարժումը  տարածուած է, հայ գիրի գիւտէն անմիջապէս ետք, 405 թուականին, նպատակ ունենալով երկիրը յունական ազդեցութենէն ազատել, հայոց դպրոցներ հիմնելու, քրիստոնէական կարեւոր գիրքերը հայերէնի թարգմանելու, եկեղեցական ծէսերը հայկականացնելու, ինքնուրոյն հայալեզու դպրութիւն սկզբնաւորելու միջոցով: Թարգմանչաց շարժումը նաեւ պետական շահեր ունէր, կը հետապնդէր հայոց գիրերու գիւտով թուլացած Արշակունեաց գահի պաշտօնական գրութիւններու լեզուն յունարէնէն եւ ասորերէն հայերէնի վերածել: Իսկ  հայալեզու դպրոցն ու գրականութիւնը, հայալեզու եկեղեցւոյ միջոցով պէտք էր նեցուկ դառնային հայոց պետականութեան ու ժողովուրդի ինքնութեան պաշտպանումին:                 5-րդ դարու  թարգմանական գրականութիւնը հայ ինքնուրոյն աստուածաբանական, դաւանաբանական, իմաստասիրական ու պատմական եւ այլ գրականութեան ստեղծման համար հիմք է, այս դարին է որ սկսաւ հայ մշակոյթի «Ոսկեդարեան շրջանը»:

Հայ թարգմանչական շարժումի նուաճումներէն մին ալ «Մաշտոցեան դպրոցներ»-ուն հիմնումն է, որոնք դարձան գրականութեան, քաղաքակրթութեան, գիտութեան ու մշակոյթի հետագայ զարգացման, հայ ժողովուրդի ինքնութեան պահպանման հիմքերը: Ս. Գիրքի թարգմանութիւնը կարեւոր դեր խաղացած է հայ իմացական կեանքին մէջ:

Հայոց մատենագրութիւնը սկսած է այդ թարգմանութեամբ: Ասով է, որ քրիստոնէական ոգին իր աւետարանական ու փիլիսոփայական ողջ տարողութեամբ կը թափանցէ հայ ժողովուրդի գիտակցութեան մէջ, եւ որպէս դասագիրք այբբենարան` կը ձգուի դէպի միւս ազգերու քաղաքակրթութիւնը: Իր պատմութիւններով, երգերով ու քրիստոնէական աւանդութիւններով, Աստուածաշունչը կը ստեղծէ ամուր մտայնութիւն` կեանքի, անցեալի ու ներկայի մասին եւ միաժամանակ յոյս կը  ներշնչէ հայութեան տոկալու եւ յարատեւելու:

Հայերէն եկեղեցական լեզուն, որ թարգմանութիւններու միջոցով մշակուելով ու յղկուելով` կը դառնայ գրական լեզու, կը կոչուի ԳՐԱԲԱՐ: Գրաբարը դարերու ընթացքին կ՛ունենայ իր զարգացումը, կը կրէ փոփոխութիւններ, բայց հիմնականին մէջ կը պահպանէ լեզուական այն կառոյցը, որով գրած են հայ առաջին թարգմանիչները:

                              

Վարդանանց պատերազմի աւարտէն  տարիներ վերջ,հայ գրականութիւնը ապրեցաւ ՛՛Անկում՛՛ մը ,սակայն  Անանիա Շիրակացիի ,Գրիգոր Նարեկացիի եւ Ներսէս Շնորհալի եւ այլ հայ գրական մշակներու ջանքերու շնորհիւ ,հայ կեանքի մէջ սկսաւ  ՛՛Արծաթեայ Շրջան՛՛ մը որը, տեւեց մինչեւ 15-րդ  դար : Մինչեւ 15-դարու սկիզբները Հայ թարգմանութեան լեզուն ՛՛Գրաբար՛՛ էր, ՛՛Արծաթի Դար՛՛ու վերջաւորութեան ՛՛Գրաբար՛՛ էն  հեռանալով ՛՛Աշխարհաբար Հայերէն՛՛ի հակում մը սկսաւ եւ հայ գրականութիւնը եւ մշակոյթը թեւակոխեց ՛՛Զարթօնքի  Շրջան՛՛ի, որուն ընթացքին  իրենց շնորհալի ծառայութիւնները բերին Մխիթարեան Հայրեր Մխիթար Աբբահայր Սեփաստացի ,Ղեւոնդ Ալիշան եւ ուրշներ:Հայ գրականութիւնը այսպէսով  իր գիրքերու ու բառերու հարուստութեան առընթեր  ունեցաւ լեզուի ալ աւելի ճոխ ու նուրբ հարստութիւնը :

 

Հայ գիրի գիւով եւ մշակոյթի զարգացման զուգընթաց ,հայ կեանքի մէջ,զարգացաւ ու ժամանակի մտածողութեան մէջ իմաստաւորուեցաւ  բնութեան ,մարդու եւ գիտութեան վերաբերեալ գիտելիքները  : Մաթէմաթիկայի,Երկրաչափութեան ,Աստղաբանութեան,Բժշկութեան  եւ գիտութեան այլ ոլորտներու մասին պատկերացումները  օրուայ ժամանակակից մտածողութեան մէջ ձեւաւորուեցան ու զարգացան :

Հայ  ժողովուրդը իր ծոցէն հանէց աշխարահռչակ  գիտնականներ ,որոնցմէ մին է,Միջնադարու Հայ Մեծ գիտնական,Մաթէմաթիկոս,Աստղաբան, Տիեզերաբան,Բնագէտ,Տոմարագէտ  ԱՆԱՆԻԱ ՇԻՐԱԿԱՑԻ:

unnamed

 

Ինչպէս որ,Մեսրոպ Մաշտոցի 1650-ամեակն եւ Սայաթ Նովայի 300-ամեակը , նոյնպէս արձագրուած է ,միջնադարի հայ մեծագոյն գիտնական ,մաթէմաթիկոս,տիեզերաբան Անանիա Շիրակացի 1400 -ամեակը արձանագրուած է Իւնէսկօի յուշացանկին մէջ:
Թէեւ անոր ծննդեան ու մահուան թուականները ճշգրիտօրէն յայտնի չէ,կ՛ենթադրուի թէ՝,ան  ապրած է 7- րդ դարուն եւ  ծնած է,610 թուականին Շիրակի մէջ, իսկ մահացած է 685 թուականին : Միջնադարու  հայ մեծ գիտնականը ծանօթ է, որպէս Փիլիսոփայ, Մաթէմաթիկոս, Տիեզերաբան,Աստղաբան,Տոմարագէտ : 
Անանիա Շիրակացի ,կը համարուի Հայաստանի մէջ  բնական  գիտութիւններու եւ աստղագիտութեան հիմնադիրը : Ան, ունէր իր դարաշրջանին  համար յառաջադէմ աստղագիտական հայեացքներ:Ան, իր ետին ձգած է  հարուստ աստղագիտական ժառանգութիւն, որ զգալի ազդեցութիւն ունեցած է Հայաստանի բնական գիտութիւններու յետագայ զարգացման ու նաեւ  շարք մը  բիւզանդացի գիտնականներու գիտական հայեացքին վրայ:  Հայաստանի մէջ ,ի յիշատակ անոր, կան իր անունով բազմաթիւ դպրոցներ,գիտական համալիրներ,կեդրոններ եւ կառոյցներ, համալսարան եւ յուշարձաններ.
Հ.Հ կառավարութիւնը որոշած է 2012 թուականին նշել,Հայ խոշորագոյն գիտնականին ծննդեան 1400-ամեակը,Իւնէսկօն ալ իր յուշատօներու ցանկին վրայ առած է,Շիրակացիի 1400.ամեակի նշումը:

Անանիա Շիրակացի ,նախնական կրթութիւնը ստացած է իր ծննդավայրի դպրոցին մէջ,ապա իր ուսումը կը շարուանկէ Բիւզանիոնի մէջ,գիտելիքները խորացնելով մասնաւորապէս մաթէմաթիքի գիտութեան մասին,քանի որ,ան  մաթէմաթիքը մայր կը համարէր,բոլոր տեսակ գիտութիւններու:
Անանիա Շիրակացի գրի առած է բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ,,որոնց  գլխաւորներէն  մի քանիներն են : ՛՛Տիեզերագիտութիւն եւ Տոմար՛՛,՛՛Արեգակի Ընթացքին Մասին՛՛,՛՛Երկնքի Շրջագայութիւններու Մասին՛՛,՛՛Ամպերու եւ Մթնոլորտի Նշաններու Մասին՛՛, ՛՛Թուագրութիւններու Սկզբունքները՛՛, ՛՛Արեւու եւ Լուսնի Խաւարումները՛՛:
Շիրակացիի արժէքաւոր աշխատութիւններէն մին ալ ՛՛Աշխարհացոյցն՛՛ է, որ աշխարհագրութեան մասին գիտելիքներ կը բովանդակէ:
Անանիա Շիրակացիի գիտական գործունէութեան ոլորտը մեծ է։ Զբաղած է  փիլիսսոփայութեամբ,աստղագիտութեամբ,աշխարհագրութոամբ, թուաբանութեամբ եւ տոմագիտութեամբ:  Ան ՛՛ Երկրակեդրոն Համակարգ՛՛ի  կողմնակից էր,այսինքն երկիրը տիեզերքի կենդրոնը անշարժ է, լուսինը եւ միւս մոլորակները անոր շուրջը կը շրջին  միտքի կողմնաիցն էր եւ ըստ այդ միտքով  ալ կը բացատրէր տարուան եղանակներու, գիշերուան ու ցերեկուան առաջացումը։ Որոշ համեմատութիւններու ու դատողութիւններու միջոցով կ՛եզրակացնէր, որ Արեգակը մեծ է, թէ՛Լուսինէն , թէ՛Երկիրէն  եւ կը գտնուի շատ մեծ հեռաւորութեան վրայ:
Թուաբանական բովանդակութիւն ունեցող աշխատութիւններէն ամէնաարժեքաւորը թուաբանութեան   դասագիրքն է՝, գումարման, հանման, բազմապատկման եւ բաժանման գործողութիւններն ամփոփող աղիւսակներով։  Անանիա Շիրակացիին գործերը գիտական հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն նաեւ թանկարժէք քարերուն, չափ ու կշիռքներուն, Բնագիտութեան-Ֆիզիք- եւ Օդերեւութաբանութեան-Մէթեօլօրժի- եւ զանազան հարցերուն վերաբերող ուսումնասիրութիւնները։

Անանիա Շիրակացի զբաղած է նաեւ Տոմարագիտութիւնով : Հոս ի հարկ է Հայկական Տոմարի-Օրացոյց- ի պատմութիւնը ամփոփել :Հայերը Ք.Ա. ալ ունեցած են տոմար (օրացոյց): Սկիզբը, հաւանաբար օգտագործած են ՛՛Լուսնային Օրացոյց՛՛ ը, ապա  անցած են ,՛՛Արեգակնային Օրացուց՛՛ի  (տոմարի) եւ կ’ենթադրուի, որ  եղած է շարժական , այդ պատճառով ալ ոչ միայն ամիսներու, այլ տարուան եղանակի որոշ համապատասխանութիւններ խախտած են: Հայկական տոմարը իր դիրքը կը վերականգնէ 1460  Ժուլեան  տարին անցնելէ ետք: 1582-ին Գրիգորիս Ժգ. պապին հրամանով կը սկսի գործել Արեւմտեան կամ Քրիստոնէական օրացոյցը,որը մենք հայերս կ՛անունենք ՛՛Նոր Տոմար՛՛  անունով, որուն համաձայն Նահանջ  տարիներուն թիւը կը կրճատուի:   Գրիգորեան տոմարը կ’ընդունուի գրեթէ ամբողջ Արեւմտեան  Երկիրներու կողմէ:

Համայնավարներու յեղափոխութենէն ետք,1918-ին Ռուսաստան եւս կ’ընդունի  ՛՛ Նոր տոմարը՛՛, բայց մինչ այդ օրերու տարբերութիւնը եղած էր 13 օր: Այս իսկ պատճառով հին ու նոր տոմարներուն միջեւ գոյութիւն ունի 13 օրուան տարբերութիւն, որուն պատճառով ալ Հայաստան 13 օրուան տարբերութեամբ կը նշէ նաեւ Հին  ու Նոր տարին: Իսկ հին հայկական տոմարի սկիզբը կը կապուի Հայկ նահապետի Բէլի   դէմ տարած յաղթանակին հետ՝ Ք.Ա.2492 -ին:

Է. դարուն  Անանիա Շիրակացի կազմած է անշարժ տոմարի նախագիծը: Ըստ հին հայկական օրացոյցին՝ տարին կը սկսէր Նաւասարդ  ամսուան 1-ին, որ կը համապատասխանէ 11 Օգոստոսին: Առաջին հայկական օրացոյցը կոչուած է ՛՛Պարզատումար՛՛, որ տպագրուած է Վենէտիկ 1513 թուականին Յակոբ Մեղապարտի տպարանը  : Շիրակացին հեղինակն է  նաե մեծ արժէք ներկայացնող այլ տոմարագիտական ուսումնասիրութիւններուն:  Ան  կատարած է Հայկական Տոմարի ամէնէն մեծ բարեփոխութիւնները՝ հայկական շարժման տոմարէն անշարժ տոմարին  անցումն եւ անոր զուգադրութիւնը Հռովմէական   անշարժ տոմարին հետ:

Շիրակացիի տոմարագիտական աշխատանքներուն մէջ կը մտնէ նաեւ Պատճէն Տոմարի  գործը, որ կարեւոր է ոչ միայն հայկական տոմարի պատմութեան  համար, այլեւ կարգ մը այլ ժողովուրդներու պատմութեան համար եւս: Հոն կան նաեւ արժէքաւոր տեղեկութիւններ հեթանոսական շրջանի  հայկական տոմարներուն մասին: Տոմարին մէջ հայկական ամիսները զուգորդուած են հռովմէական ամիսներուն: Այսպէս, հայկական առաջին ամիսը կը համապատասխանէ հռովմէական Մարտ ամսուն, եւ ասկէ ի յայտ կու գայ, թէ հեթանոսական շրջանին հայկական Ամանորը եղած է 21Մարտին(-Նեւրուզ-)  :

Շիրակացին կը գրէ հեթանոսական շրջանին գործածուած հայկական ամսանուններուն մասին՝  Հայկի զաւակներուն անունով, Նաւասարդ,Հոռի,Տրէ,Քաղոց,Արաց,Մեհեկան, Արեգ,Ահեկան, Մարերի,Մարգաց,Հրոսից եւ Աւելեաց : Ըստ Շիրակացիի  հեթանոսական շրջանին անուն ունեցած են ո՛չ միայն ամիսները, այլ նաեւ՝ ամսուան 30 օրերն ու օրուան ժամերը:

Տքթ.Սարգիս Ատամ

Ակ:-Հայկական հանրագիտարան

      -Քրիստոնեայ Հայաստան-Երեւան-

      -Ազատ Հանրագիտարան

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın