Իտալիոյ մէջ, Հայերու գոյութեան մասին հաւաստի տեղեկութիւնները 6-րդ.դարուն Իտալիոյ Հիւսուս-Արեւելքի կողմի Պօլօնիա քաղաքի մօտ Ռավէննա անուն քաղաք հաստատուած Հայկական զօրամասերու կը վերաբերի: Այդ ժամանակին Ռավէննայի պահակազօրը հիմնականին կազմուէր է հայերէն,որոնք կոչուէր են, Numeros Armeniorum :
6-7-րդ.դարուն Հայկական մի զօրանբանակ տեղափոխուէր է Սիցիլիա,իսկ աւելի վերջերը հայ զինուրականներու եւ անոնց շրջանակներու զուգահեռ Իտալական տարբեր քաղաքներու Վենետիկ, Ֆլօրանս, Նաբօլի, Անքօնա,Հռոմ եւ այլ քաղաքներ մէջ յայտնուած են նաեւ Հայ վաճառականներ ու վանականներ:
Պատմական աղբիւրներու մէջ կը յիշուին նաեւ ,Նաբօլիի Սբ.Հոգի Հայկական եկեղեցին(1328) ,Հայոց Տունը(1356):
Իտալիոյ մէջ Հայերը համեմատաբար կայուն համայնքներ կազմակերպած են :12-րդ.դարի կէսին ,Իտալիոյ 9 տարբեր քաղաքներու մէջ,10 էն աւելի Հայկական եկեղեցիներ գործեր են, հայերու այս աշխուժացման խթանիչ գործոններն եղած են,Կիլիկիոյ Հայոց Թագաւորութիւնը եւ Խաչակրած Արշաւանքները.
14-րդ. դարուն Իտալահայ գաղութը 40 է աւելի գործոն եկեղեցիներու կից ունեցած է, նաեւ հիւանդանոցներ, Հայ Տուներ ուրտեղ կը բուժուէին հայեր եւ նաեւ կ’իջեւանէին Հայ վաճառականներ.
1201 թուականին Հայոց Լեւոն թագաւորի եւ Վենետիկ քաղաքի իշխանութեան միջեւ ստորագրուած դաշնագիրի համաձայն ,1235 թուականին Հայերը Վենետիկի մէջ ունեցան ՛՛Հայ Տուն-Հիւրանոց՛՛մը.
14-րդ. դարի կէսէն մինջեւ 17-րդ. դար Հայերու Իտալիայի մէջ տարածուիլը գագաթնակէտին հասած է, իսկ 17-րդ դարէն վերջ կ’սկսի անկում մը, բացի Հռոմ, Վենետիկ, Թրիեստէ,Լիվօրնօի հայ համայնքներէն.
17-րդ.դարուն Հայաստանի տարածքին վրայ մղուող քաղաքականութեան հետեւանքի արտագաղթը , իսկ միւս կողմէն ալ Հայ վաճառականներու Եւրոպայի հետ արեւտուրի նպատակը, Իտալահայ համայնքները վերստին աշխուժացուծ է եւ 17. րդ. դարուն Գրիգոր Կիրակոս Միրմանեանի դրամական նուիրատութեամբ կը կառուցուի Վենետիկի այսօրուայ Սբ. Խաչ Եկեղեցին,ուրտեղ դեռ հայաբարբառ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ արարողութեամբ կը կատարուի Սբ.խորհուրդներ: Եկեղեցին կը խնամակալուի Սբ.Ղազար Մխիթարեան Միաբանութեան կողմէ:
Ըստ վաւերագիրերի 16-18-րդ. դարերուն Վենետիկի առեւտրական պաշտօնական տօնավաճառին մասնակցել են , աւելի քան 2000 Հայ առեւտրականներ, որոնք Իտալիա կը բերէին Պարսկական մետաքս, որի արտահանութեան մենաշնորհը միայն իրենց կը պատկաներ եւ վաճառելու համար կը բերէին նաեւ մոմ,գոհարեղէն, համեմունք եւ այլ իրեր.
16-րդ. դարուն Իտալիոյ մէջ հայրերը լաւ համբաւ ունեցան, անոնցմէ Անտօն Սուրեան Վենետիկի նաւաշինութեան մէջ շատ նշանաւոր էր: Ան մեծ նաւերու ջուրն իջեցնելու համար նոր համակարգ մը մշակեց եւ ստեղծեց նաեւ մի սարք , որը ծովու յատակի կուտակուած կեղտերը ու ցեղերը կը մաքրեր:
ՎԵՆԵՏԻԿ ՀԱՅ ՏՊԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ:
ԺԵ(15)-րդ.դարուն Իտալահայ համայնքներու շարքին ամէնէն աւելի աշխուժացաւ Վենետիկի գաղթօճախը, որ սկիզբ առաւ եւ զարգացաւ , հայկական տպագրութիւնը: Անտոն Սուրեան Վենետիկի եւ յատկապէս Հայ համայնքին կարկառուն դէմքերէն մին դարձաւ :Ան, անգնահատելի եւ շնորհալի ծառայութիւններ մատուցանեց Վենետիկի , ի մասնաւորին մեծ նաւերու շինարարութեան մարզի մէջ:
Վենետիկ ԺԵ. դարուն ,հակառակ տնտեսական իր դժուարութիւններու եւ առեւտրական գործունէութիւններու տկարացման, եղած է Եւրոպայի կարեւոր մշակոյթի կեդրոններէն մին եւ մշակոյթը ալ աւելի մատչելի դարձնելու նպատակաւ զարգացուեցաւ տպագրութիւնը եւ Վենետիկ հաստատուած հայերն ալ օգտուեցան այս առիթէն:
ՅԱԿՈԲ ՄԵՂԱՊԱՐՏ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՏՊԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՆԱՀԱՊԵՏ.
Առաջին անգամ Յակոբ Մեղապարտ , որ, երկար ատենէ մը ի վեր Վենետիկ հաստատուած էր, որոշ ու լուրջ նախապատրաստական աշխատանքներէ ետք, 1512 թուականին հայատար տպարան բանալով ձեռնարկեց տպագրութեան աշխատանքը:
1512 թուականին հրատարակեց ՛՛Պարզատումար՛՛ը, որ տոմարագիտական բովանդակութեամբ գիտական լուրջ աշխատանքի արդիւնք մըն է:
1512 թուականին լոյս տեսան վեց գիրքեր,՛՛Տաղարան՛՛,՛՛Բժշկարան եւ Հաքիմարան Ըստոոյգ եւ Զարմանալի Մեծի Գալանիոս Հաքիմին Արարեալ՛՛,՛՛Ուրբաագիրք՛՛, ուր գրուած են հիւանդութեներու առողջանալու համար աղօթքներ,՛՛Աղթարք՛՛, ՛՛Պատարագատետր՛՛անուններով: Յակոբ Մեղապարտի հրատարակած գիրքերու վերջաւորութեան դրուած են տպարանին նշանը, որը քարակիւսիի մէջ խաչակիր նշան մըն է.
ԱԲԳԱՐ ԴՊԻՐ , ՈՐՊԷՍ ՅԱԿՈԲ ՄԵՂԱՊԱՐՏԻ ՀԵՏԵՒՈՐԴ :
Յակոբ Մեղաբարտի տպագրական գործին շարուանակողը եղաւ Աբգար Դպիր Թոխատեցի: 1562 թուականին Աբգար Դպիրի գլխաւորութեամբ Հայ պատգամաւարութիւն մը Հռոմ կուգայ , Հռոմի Պիոս Բ. Պապին մօտ Հայաստանի ազատագրութեան ու դաւանական հարցերու լուծման առընչութեամբ., 1564 թուականին Հայ պատուիրակութիւնը սիրալիր ընդունելութեան կ՛արժանանայ Հռոմի Պապին կողմէ, Աբգար Դպիր առիթը յարմար նկատելով , Պապէն արտօնութիւն կը խնդրէ հայերէն գիրքեր տպագրելու համար,Քահանայապետէն արտօնութիւն ստանալէ ետք, Աբգար Դպիր , Հռոմէն կը մեկնի դէպի Վենետիկ, նպատակ ունենալով հոն զբաղելու հայ հրտարակչական գործունէութիւնով.
1565 թուականին կը հրատարակէ մէկ էջի վրայ տոմարական աշխատութիւն մը : Նոյն տարին, ան լոյս կ՛ընծայէ ՛՛Փոքրիկ Մեկնիչ Սաղմոսաց՛՛ գիրքը , 1567 թուականին իր հրատարակչական գործունէութիւնը Վենետիկէն կը տեղափոխէ Պոլիս, ուր տպարան մը կը հիմնէ, որը առաջինն էր միջին Արեւելքի մէջ: Ուրկէ կը հրատարակէ վեց գիրքեր,1567 ին ՛՛Փոքր Քերականութիւն՛՛,1568 ին ՛՛Պարզատումար՛՛, ՛՛Ժամագիրք՛՛,՛՛Պատարագամատոյց՛՛,՛՛Տօնաոյց՛՛,1569 ին ՛՛Մաշտոց՛՛ անուներով.
Իսկ,12-13 Հոկտեմբեր 1688 թուականին Հոլանտայի Ամսթերտամ քաղաքի մէջ լոյս տեսաւ հայերէն Աստուածաշունչի առաջին տպագրոթիւնը, որը իրագործուեցաւ Ոսկան Վրդ. Երեւանցիի նախձեռնութեամբ ու գործունէութեամբ.
Տքթ.Սարգիս Ատամ
օգտագործուած Ակեր: Հայկական Գաղութներ-Ասպետ Մանճիկեան–Մարմարա Փետրուար2003
Հայկական Սովետական Հանրագիտարան-1974
Հայեր Իտալիայում
İlk yorum yapan siz olun