İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Խումբ մը Պոլսահայերու Ստորգրահաւաքը

Խումբ մը Պոլսահայեր ,նոր ստորագրահաւաքի սկսած են, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքի փոխանորդ Արամ Աթէշեանը կարգալոյծ ընելու պահանջով:
Ստորագրահաւաքի մասնակիցները կոչ ընելով Թուրքիոյ հայութեան,անոնց բոլորը կը հրաւիրէն իրենց միանալ:Անոնք ,Աթէշեանը կը մեղադրեն ,ստախօսութեան, համայնքը եկեղեցիէն հեռացնելու,եկեղեցական գոյքը վաճառքի հանելու ,խոստումները եւ նաեւ հայ ժողովուրդի անցեալը չյարգելու մեղադրանքով: Անոնք կը պահանջեն ոչ միայն զրկել պատրիարքի փոխանորդի պաշտօնէն,այլ նաեւ կարգալոյծ ընելով զրկել կրօնական կոչումէն:


Հոս ի հարկէ նշել թէ, Թուրքիոյ Հայոց ընտրեալ վերջին պատրիարք Մեսրոպ Բ., անգործութեան դատապարտուած դժբախտ հիւանդութեան պատճառով,ի վիճակի չէ իր պաշտօնը կատարել: 2008 թուականէն ի վեր Սուրբ Աթոռի գահը թափուր է: Դատաբժշկական մարմիններու կողմէ հաստատուած այս տխուր ու դժբախտ վիճակին միջանկեալ լուծում մը գտնելու յոյսով եւ հաւանական խառնակութիւններու ծնունդ չի տալու նպատակով, 2010 թուականին Արամ Աթէշեան Պատրիարական Ընդհանուր Փոխանորդ նշանակուեցաւ,հակառակ հայ եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն: Ցաւոք սիրտի մինչեւ օրս, 2018 ի հոկտեմբեր ամիս ,դեռ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքը չէ ընտրուծ, Սուրբ Աթոռի գահը թափուր է:Որեւ է մէկ տեղ ,որեւ է աթոռ մը ,ի մասնաւորին Սուրբ Աթոռ մը այսքան երկար ատեն փոխանորդով չի կառավարուիր, Նուիրապետական Սուրբ Աթոռի մը երկար տարիներ փոխանորդով կառավարուիլը սովորական չէ,սակայն երբ որ կը կառավարուի , թէ Պատրիարքարանի ղեկավարութեան եւ թէ համայնքային կեանքի մէջ , ձախողութիւններ ,կաղացումներ, թերութիւններու ծննունդը շատ հաւանական է:


Թէեւ ,նախապէս Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան Սուրբ Աթոռի փոխաանորդի մը կողմէ կառավարման վերջ տալու եւ թափուր Սուրբ գահը եկեղեցական եւ քաղաքական աւանդութիւններու ու կանոներու յարմար հանրային քուէրկութեան արդիւնդքով ,հեղինակաւոր ու արժանաւոր գահակալով օժտելու ակնկալիքը, պահանջը,բողոքները բազմիցս անգամ գրաւոր ու բերանցի զանազան միջոցներով կատարուեցաւ ,սակայն, դժշբախտաբար մինչեւ այսօր ,որոշակի դրական արդիւնքի մը չի հասաւ: Ըստ իս ,երբեք պէտք չէ որ, հիասթափ ըլլալ ,հաստատակամ ձեւով պէտք է շարանուկել պահանջել ու հետապնդել Պատրիարք ընտրելու իրաւունքը :Ըստ իս,հարցի լուծումը Թուրքահայ ժողովուրդի միասնականութեան ու հաստատակամութեան մէջ է:


Տօքթ.Սարգիս Ատամ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın