İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Պատմութեան մէջ Այսօր

Յակոբ Մնձուրի -(Յակոբ Տէմիրճեան)
(16 Հոկտեմբեր 1886- 29 Յունուար 1978)
Պոլսահայ արձակագիր, գիւղագիր
Բուն անունով Յակոբ Տէմիրճեան։ Ծնած է Երզնկայի(Էրզինճան-Erzincan)Արմտան գիւղը, Եփրատի ափին,Մնձուրի-Մունզուր- լեռներուն դիմաց։ 1897- ին գաղթած է Պոլիս, երկրորդական ուսման ստանալու համար, հետեւած է, շրջան մը, Ռոպըրթ Գոլէճի դասընթացքներուն, սակայն առանց աւարտելու՝ 1907-ին, վերադարձած է ծննդավայրը (Արմտան), ուր ապրած է մինչեւ1914 , հողամշակութեան եւ գիւղական աշխատանքներու կողքին վարելով ուսուցչական պաշտօն։Յակոբ Տէմիրճեանի-Մնձուրիի ,ամբողջ ընտանիքը Եղեռնի  զոհ գացած է։ Սկիզբնային շրջանին, ան Պոլսոյ մէջ ապրած է ապրուստը ապահոված գործաւորի ծանր աշխատանքով, իբրեւ փռապան։
Շնորհիւ իր ընթերցասիրութեան, ծանօթացած է ե՛ւ հայ ե՛ւ օտար գրական անձնաւորութիւններու եւ անոնց գործերու, հարստացնելով իր գիտելիքներն ու գրական ճաշակը։
Մնձուրին գրած է պատմուածքներ, իր առաջին պատմուածքը «Հարս ու Կեսուր» հրատարակուած է 1906 -ին «Մասիս»ի մէջ՝: Աշխատակցած է, 1914-1920–ական տարիներուն,զանազան  հայ թերթերու հետ,որոնց էջերու մէջ հրատարակուած են իր պատմուածքներէն շատեր, եւ իր աոաջին գրքոյկը  ՝ «Երկրորդ ամուսնութիւն»ը,  հրատարակուած է 1931-ին: Ամբողջական իր գործերը  մէկտեղուած է երեք  հատորներու մէջ՝ «Կապոյտ Լոյսը», «Արմտան»: Ունի մեծ թիւով պատմուածքներ, որոնք ցրուած են զանազան թերթերու մէջ։ Այդ գործերէն հատընտիր մը հրատարակուած է՝ «Կռունկ, ուստի՞ կու գաս» առաջինը՝1958 -ին, երկրորդը՝1966 -ին, երրորդը՝ 1974-ին։ Մնձուրիի նուազ ծանօթ թատրերգութիւնը՝ «Նազար», հրատարակուած է «Հայրենիք» ամսագիրին մէջ, 1929-ին։
Մնձուրիի գրականութեան նիւթը հայրենի գիւղն  է՝ իր բնութեամբ , հարազատ ու պարզ մարդոցմով, հայկական բարքերով եւ աւանդութիւններով :
Մնձուրիի,  հերոսները աշխատաւոր մարդիկ են, կը վերակենդանացեն Մնձուրի ծննդավայր Արմտան գիւղը` իր բնութեան հրաշալիքներով: Մնձուրի ունի ինքնատիպ ոճ, առանձնանում ծանօթ  է իր գրական լեզուի ջերմութեամբ, անմիջականութեամբ ու գունավառութեամբ:

Մեծանուն գիւղագիր Յակոբ Մնձուրի կը  մահանայ 29 Յունուար 1978 թուականին ու կը թաղուի Իսթանպուլ-Շիշլի հայոց ազգային գերեզմանատան մէջ:
 Տօքթ.Սարգիս Ատամ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın