ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ:
Հայ դպրութեան ու մատենագրութեան ամենէն ականաւոր դէմքն է: Իր ստեղծաց հայկական տառերով սկիզբ առաւ մեր Ոսկեդարու Գրականութիւնը: Աստուածաշունչի թարգմանչական աշխատանքներէն զատ, հեղինակն է նաեւ ՛՛Մեծ Պահոց Շարականներ՛՛ եւ քանի մը ՛՛Աղօթքներ՛՛ անուն գործերու: Ան կը համարուի ազգային-եկեղեցական Ծիսարանին կարգադրիչը:
ՍԱՀԱԿ ՊԱՐԹԵԻ:
Ոսկեդարու Հայ մատենագրութեան հիմնադիր ու զոյգ ջահակիրներէն մին է, 400 թուականին բարձրացած է կաթողիկոսութեան գահ , նախապէս ամուսնացած է Իսթանպուլի մէջ, գիտուն կրօնաւորներէն է, միշտ ծառայած է Հայ ազգին լուսաւորութեան համար: Հայ Գիրի կատարելագործման մէջ իր աշխատանքներէն զատ , իբրեւ հեղինակ ու թարգմանիչ Սահակ Պարթեւի դերը մեծ է:
ԿՈՐԻՒՆ:
Ծանօթ է, ՛՛Սքանչելի՛՛ մակդիրով,իր սքանչելի լեզուով ու իւրայատուկ ոճով , գործնապէս մասնակցած է, Աստուածաշունչի թարգնմանութեան աշխատանքներուն,իր գլուխ գործոց գործն է:՛՛Վարք Մաշտոցի՛՛անուն գիրքը , որը մեծ վարդապետ Մաշտոցին կենսագրութիւն է.
ԱԳԱԹԱՆԳԵՂՈՍ:
Ան կը նկատուի սրբակեաց հայրենասէր կրօնաւոր մը, Հայ ժողովրդի առաջին պատմագիր հեղինակն է, իսկ իր ՛՛Հայոց Պատմութիւնը՛՛ Ե. դարու հայ պատմագրութեան առաջին գործն է : Ագաթանգեղոս, իր գործին մէջ , լայն տեղեկութիւններ կու տայ, հայ ժողովրդի հին հաւատալիքներու, տօներու աւանդութիւններու մասին,կը խօսի քրիստոնութեան առաւելութիւններուն մասին : Ագաթանգեղոսի Հայոց Պատմութեան գլխաւոր նիւթն է, Հայոց շուրջ հարիւր տարուայ պատմութիւնը, սկսելով Պարսից Սասանեան տոհմի(226 ) օրէն մինջեւ Տրդատ Գ. Թագաւորի գահակալութեան վերջը.(330) : Գիրքի մէջ մանրամասնօրէն ներկայացուած է, Հայոց Քրիստոնէութեան դարձի իրողութիւնը, Գրիգոր Լուսաւորիչի կրօնական , բարոյագիտական հայեացքները ու օրինակելի գործը.
ՓԱՒՍՏՈՍ ԲԻՒԶԱՆԴ:
Սուրբ Սահակի ու Սբ. Մեսրոպի աշկերտներէն Փաւուստոս Բիւզանդ ,Ե-դարու մեր երկրորդ պատմագիր հեղինակն է ՛՛Հայոց Պատմութիւն՛՛ , ՛՛Բիւզանդարան՛՛ անուն գործերուն ,որոնք կը պատմագրէն , 330-387 թուկաններու միջեւ շուրջ 60 տարուայ հայոց պատմութիւնը ,որը կը նկատուի, Հայ եկեղեցւոյ, Հայ Իշխանական կեանքի, Հայ լեզուի, Հայաստանի աշխարհագրական ծանօթութիւններու , պատմական նիւթերու ուսումնասիրութեան համար գանձարան մը
ՄՈՎՍԷՍ ԽՈՐԵՆԱՑԻ:
Ծնած է, Տարօնի Խորհենք գիւղը,Հայ ժողովուրդի ամբողջական պատմութիւնը առաջին անգամ գրած է, Մովսէս Խորենացին , նկատի առնելով իր բազմաշնորհ յատկութիւնները, Հայ ժողովուրդը զինքը կ’անուանէ , ՛՛Պատմահայր՛՛ պատուանունով, իր ՛՛Հայոց Պատմութիւնը՛՛ կոթաղային գործէն զատ , ան ճոխացուցած է հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր երգերու գանձարանը :Ս.Սահակի , Ս.Մեսրոպի նման, ան ալ գրած է, Ճրագալոյցի , Տեառընդառաջի , Խաչելութեան , Հոգեգալստեան, Վարդավառի , Վերափոխման, Ս.Ծննդեան երգեր ու շարականներ:Ան , ՛՛Խորհուրդ Մեծ եւ Սքանչելի՛՛, ՛՛Այսօր Տօն է, Սուրբ Ծննդեան՛՛, անուն շարականներուն հեղինակն է ,ունի նաեւ , բազմաթիւ հոգեւոր երգերու եղանակներ:
ԵՂԻՇԷ ՊԱՏՄԻՉ:
Ծանօթ է նաեւ,՛՛Աւարայի Պլպուլ՛՛ անունով , Ոսկեդարու Հայ գրականութեան ոսկի գրիչը կը նկատուի,նուիրեալ հայրենասէր , տաղանդաշատ զգայուն բանեստեղծ ու պատմագիր Եղիշէ Պատմիչը , սրբակրօն հաւատացեալ մատենագիրներէն մին է: Իբրեւ Վարդան զօրավարի մօտիկ գործակից մասնակցած է, Աւարայի Պատերազմին : Հեղինակն է, ՛՛Վարդանի եւ Հայոց Պատերազմի Մասին Գիրք՛՛ի , ան իր գործերուն մէջ մանաւանդ յատկացուցած է, հայ տիկիններու նուիրուած եզակի էջեր.
ՂԱԶԱՐ ՓԱՐՊԵՑԻ:
Ե-դարու վերջին պատմագիրն է ,ոսկեդարեան հայ գրականութեան ոսկեղիկ գրիչներու շարքին անմահ անուններէն ու բազմահմուտ ու հռետոր հայ եկեղեցականներէն մին է Ղաղար Փարպեցին,կը կոչուի նաեւ ՛՛Մամիկոնեան տոհմի Պատմիչ՛՛:Անոր , <Թուղթ Առ Վահան Մամիկոնեան> անուն գործը, իր դէմ եղած անարդար պայքարներուն առիթով լուսաբանութիւներու բողոքի նամակ մըն է, ուղղեալ Վահան Մամիկոնեանի : Գրքոյկը շահեկան աղբիւր մըն, նաեւ, լայն գաղափար կազմելու Ե.դարու երկրորդ կիսուն հայ կեանքի զանազան երեսակններու մասին, գիրքը կը կը նկատուի Ե.դարու առաջին ոչ-կրօնական գործը., որ կը շօշափէ, զուտ ընկերային հարցեր:
Ղազար Փարպեցի ն գրած նաեւ <Հայոց Պատմութիւնը> որը կ’ընդգրկէ Հայաստանի բաժանումէն մինչեւ ազագրական պատերազմներու յաղթական վերջաւորութեան : Հայ ժողովուրդի փրկութեան վերաբերեալ Ղազար Փարպեցի ի հիմնական թելադրանք էր, <Հայ Ժողովուրդի Միաբանութիւնը եւ Իրարու Հետ Անկեղծ Գործակցութիւնը>:
ԴԱՒԻԹ ԱՆՅԱՂԹ:
Իր բարձրաորակ հռետորութեան ,անսահման գիտութեան եւ մտաւորականութեան ու իմաստութեան անմրցելի հմտութեան համար,հայ ժողովուրդը զինքը անուանած է ՛՛Անյաղթ Փիլիսոփայ՛՛ պատուանունով,թարգմանած է բազմաթիւ իմաստութեան գործեր ՛ Աստիոդէլէն ու ուրիշներէն ,ունի բազմաթիւ արժէքաւոր ստեղծագործութիւններ ,որոնցմէ մին է ՛՛Խաչի Ներբողը՛՛ անուն գործը :Դաւիթ Անյաղթ,իր <Գիրք Սահմանաց> անուն գործով , այդ շրջանի հայ մատենագրութեան առաջինը հանդիսացած է, որպէս իր բուն իմաստասիրութեան սեփական լեզուն գործածող մատենագիր.
ԵԶՆԻԿ ԿՈՂԲԱՑԻ :
Ե.դարու հայ մշակոյթի եւ գրական մեծ շարժման ականաւոր ներկայացուցիչներէն մին է Եզնիկ Կողբացին: Ան կը պատկանի Մեսրոպ Մաշտոց եւ Սահակ Պարթեւի աշակերտներու աւագ սերունդին:Ծննդեան ու մահուան թուականները որոշակի ձեւով յայտնի չեն:Ծնած է Արարատեան աշխարհի Կողբավան գաւառի մէջ( Այսօրու Ըղտըր քաղաքի շուրջ ):Եզնիկ Կողբացի մատենագիր,թարգմանիչ,իմաստասէր,Աստուածաբան ու փիլիսոփայ է: Ուսաներ է նախ իր ծննդավայրի մէջ, ապա Կոստանթինապոլիս,ուր խորացուցած է իր քաղաքական , փիլիսոփայական,կրօնական- եկեղեցական ու դաւանաբանական գիտելիքները: Ան մասնակցած է Աստուածաշունչի եւ այլ գիրքերու հայերինի թարգմանութեան եւ 449 թուականին Արտաշատի մէջ տեղի ունեցող կրօնական վեհաժողովին, ուր քննարկուած է դաւանափոխութեան, քրիստոնէութեան, զրադաշտականութեան (zoroastrianism) խնդիրները, որոնց մասին մասնագէտ մը, այդ ժամանակ Հայաստանի մէջ բացի Եզնիկ Կողբացիի հմուտ անձ մը չի կար,հետեւաբար Եզնիկ Կողբացի այս ժողովի մէջ կը ներկայացներ Հայ Ժողովուրդը:Եզնիկ Կողբացի եղած իր ժամանակի հայ մտաւորականութեան ամէնառաջատար մտաւորական դէմքերէն մէկը,իր մատուցած մշակոյթային,գիտական,փիլիսոփայական ,եկեղեցական ծառայութիւններուն քով իր հրաշակերտ գիրքը <<Եղծ Աղանդոց>>ը անմահացուցած է զինը:Ան ՛՛Եղծ Աղանդոց՛՛ ի մէջ ի յայտ կը բերէ զմայելի լեզու մը,նկարագեղ ոճ, ուժեղ տրամաբանութիւն ,քննադատական ոգի եւ անվիճելի հմտութիւն: Ան իր տեսակէտները կը հիմնաւորէ <<Խիղճի Ազատութիւն>> եւ <<Մի Աստուածութիւն>> գաղափարին վրայ:Ան, քրիստոնէական կրօնի տեսակէտներով կը պայքարի զրադաշտականութեան (zoroastrianism)ի դէմ , կը հերքէ աղանդները ու կը ժխտէ հեթանոսական, պարսկական ու յոյն փիլիսփփաներու վարդապետութիւնները :
ՅՈՎՆԱՆ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԱՆԱԿՈՒՆԻ
Ոսկեդարու փայլուն դէմքերէն , կրօնական ասպարէզը ընդգրկելով կը նուիրուի մատենագրական ու ծիսաբանական աշխատութիւններու , իր յառաջացեալ տարիքին մէջ կը բարձրանայ Կաթողիկոսական Աթոռ: Յովնան Հայրապետը եղած է, աստուածաբան, դաւանագէտ, քարոզիչ եւ մեծ բարոյախօս, իրեն կը վերագրուի մասնակի թարգմանութիւնը Նոր Կտակարանի <Գործ Առաքելոց>ին: Յովնան Մանդուկունի Հայրապետի կ’ընծայուին Մաշտոցին մէջ , Մկրտութեան Կանոնը, Խաչօրհնէնքը, Պսակի ու Եկեղեցւոյ Հիմնարկէից Օրհնութիւնքը, Աղօթքներ, Ժամագիրքեր ու Գրութիւններ, շատ տպաւորիչ են իր գրութիւնները , օրինակ , քահանաներուն ուղղուած իր խօսքն է: ՛՛Քահանան ժողովուրդին մէջ պէտք է ըլլայ , այն ինչ, որ աչքն է մարմնին համար, կամ ճրաքն է, աշխտանաքին վրայ՛՛:
Յովնան Հայրապետ բոլոր քրիստոնեաներուն համար ստիպողական կը նկատէ, <Գթութեան>, <Կարեկցութեան>, եւ <Մարդասիրական> գործը, ու շեշտ կը դնէ, աղօթքի անհրաժեշտութեան վրայ: Ու հետեւեալը կ’ըսէ:(22.10.2001 Մարմարա–) ՛՛Աղօթքը պէտք չէ որ ձեւական ըլլայ , այլ պէտք է բխի սրտի խորերէն, եւ ըլլայ անկեղծ: Ճշմարիտ աղօթքը կրնալ հնարաւոր դարձնել , այն ինչ որ անհնար կը նկատուի շատ անգամ: Աղօթքը կը լուսաւորէ անգիտութիւնը, կը դառնայ երանաւէտ դրախտի դրան բանալին, ու մարդուն անհուն բարիքներ շնորհողը, “Աղօթք՛՛ը անզոհ պատարագ Է”:
Հայ ժողովուրդը պատմութեան ելեւեջներէն անցնելով ապրած է փորձանքներ, տարապանքներ, ողբերգութիւններ,դժբախտութիւններ եւ տուած է շատ մեծ կորուստներ,սակայն տէր կանգնելով իր հաւատքի խորանին ու իմաստութեան տաճառին,դարեր շարունակ կրցած է ,վառ պահել իր գոյութիիւնը,մնալով միշտ ուժեղ ու պինդ:Հայ ժողովուրդի հաւատքի խորանը այսինքն <<Սուրբ Եկեղեցին>> եւ իր իմաստութեան տաճառը այսինքն <<Մեսրոպեան Հայ Դպրոցը>> հայուն համար եղած է,իր գոյատեւման ու հայ ինքնութեան պահպանման ամէնագլխաւոր հիմնաքարերը եւ նաեւ իր <<Պատսպարան>>ը, Հայ աշխարհը , ինչպէս որ,ամէն տարի Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր ամիսներու մէջ կը տօնէ Թարգմանչաց Տօնը ,2018 թուակիր տարուայ մէջ ալ ,այս տօնը կը տօնէ 13 Հոկտեմբեր 2018 թուականին Հայաստանի եւ Սփիւքի տարածքին մէջ առանձնակի սիրով ու հանդիսութեամբ : Իր պատմութեան ընթացքին առանձնայատուկ դեր ու որոշադրիչ նշանակութիւն ունեցող “Սուրբ Վարդապետներ”ու խնկելի յիշատակը, կը յիշատակէ զանոնք ամփոփելով <<Սուրբ Թարգմանիչներ>> անունին տակ:
Եթէ’,մեր աւանդական ու տօնական օրերը,սկսին մեզի իմաստ մը չի նշանակել,այդ ատեն’,կ’սկսինք մենք թուլանալ ու քայքայուիլ:
Տօքթ.Սարգիս Ատամ
Օգտագործուած Ակ:Հայկական Սովետական Հանրագիտարան հատոր Ա, Երեւան 1974:
İlk yorum yapan siz olun