Ս. Գէորգը Գապադովկացի բարեպաշտ քրիստոնեա ընտանիքի զաւակ է: Հռոմեական բանակին զինուորագրուել է ` եւ բանակին մէջ որպէս զինուոր իր ցուցաբերած քաջութեան և հաւատարմութեան շնորհիւ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ արժանացել է հազարապետութեան աստիճանին :
Նախաքրիստէոնական շրջանին ,երբ որ ,Սուրբ Գէորգ, Հռոմի կայսրի ,քրիստոնէութեան համակիրներու նկատմամբ իրագործած տանջելի քաղաքականութեան կ՛ընդիմանայ եւ կը բացայայտէ թէ ,ինք Քրիստոնեայ է եւ իր քարոզներու շնորհիւ շատեր դարձի եկած են : Կայսրը կը զարմանայ ու ապշած կը մնայ այս իրադարձութեան եւ կը բանտարկէ Սբ.Գէորգը,զայն կ՛ենթարկէ անլուր չարչարանքներու: 303 թուականին,Հռոմի Կայսրի կողմէ Սբ.Գէորգ կը գլխատուի:
Ս. Գէորգը՝ համաքրիստոնէական սուրբ է եւ կը պաշտուի Քրիստոնէական բոլոր դաւանանքներուն կողմէ։ Սուրբ Գէրոգը պաշտպան է: Պաշտպան՝ ժողովուրդին, : Հրաշագործ մշակ է եւ հոգեգործ, որպէսզի նաեւ պաշտպանէ մեր հոգիները թշնամիի ծուղակներէն ։
Սբ.Գէորգին կը վերագրուի ապաւինող,պաշտպանող էութիւն ու զինուորական ու ռազմական յատկանիշներ:
Սբ. Գէորգի տօնը հայ ժողովուրդի սիրելին տօներէն մին է:Չնայած եկեղեցական տօնացոյցի Սբ.Գէորգ զօրավարի տօնը կը նշուի 25 Սեպտեմբերի եւ 1 Հոկտեմբերի միջեւ ընկող շաբաթ օր,այս օրը 2018 թուակիր տարուայ մէջ կը հանդիպի 29 Սեպտեմբեր 2018 Շաբաթ օր.
Սբ.Գէորգի տօնւ առիթով ,սրտանց կը շնորհաւորեմ բոլոր Գէորգ անունը կրողները,մաղթելով առողջութիւն,երջանկութիւն,յարատեւ յաջողութիւն եւ ամենայն բարիք.
Տօքթ.Սարգիս Ատամ
İlk yorum yapan siz olun