İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՅԼԵՒՍ ՓՈԽՈՒԻՆՔ

Այսօր 2018-2019 կրթական շրջանի վերամուտն է։ Թրքահայ վարժարաններէն ներս կը հնչէ առաջին զանգը։ Վերամուտը սովորաբար կ՚առթէ բարձր տրամադրութիւն եւ մեր համայնքէն ներս ալ այսպէս է ընդհանուր կացութիւնը։ Միւս կողմէ, սակայն, ծով խնդիրներով ծանրաբեռնուած է մեր համայնքային օրակարգը։ Վարժարաններու նիւթական անբաւարարութիւններն ու մակարդակը, վարչական խնդիրները, համայնքի միջոցներու արդիւնաւէտ օգտագործումը, առկախուած ընտրութիւններու խնդիրները եւ համապատասխան բարեփոխումներու անհրաժեշտութիւնը։ Թրքահայութիւնը այսօր սոյն խնդիրներու բերումով մատնուած է նեղ կացութեան, ինչ որ ջլատիչ վիճակ մը կը յառաջացնէ եւ սա լուրջ սպառնալիք մըն է մեր ինքնութեան պահպանման, լեզուի եւ մշակոյթի գոյատեւման առումով։ Այս բոլորին վրայ կու գայ աւելնալ ուրիշ հանգամանք մը։ Մեր համայնքի մարդուժի խտացած շրջաններուն մէջ բաւական նուազ է մեր հաւաքական հարստութիւնը, իսկ մարդուժէ վաղուց նօսրացած շրջաններու մէջ ունինք լուրջ հաւաքական հարստութիւն։ Այս հակասութիւնն ալ վերջին տարիներուն հետզհետէ աւելի լուրջ ու խնդրայարոյց բնոյթ ստացած է մեր իրականութենէն ներս։

Վերամուտի ուրախութիւնը բոլորիս սրտին մէջ է այսօր, սակայն միւս կողմէ վերոյիշեալ բարդ խնդիրներն ալ, բնականաբար, բոլորի մտքին մէջ է։ Ուստի, նոր կրթական շրջանի սկիզբին առթիւ ծաւալուն հարցազրոյց մը ունեցանք մեր հայահոծ թաղերու վարիչներուն հետ։ Այսպէս, ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատան մէջ հիւրընկալուեցան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր եւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր։ Շահեկան զրոյց մը ունեցանք անոնց հետ եւ երեք ատենապետներն ալ մեզի հետ բաժնեցին իրենց դիտարկումները՝ համայնքային կեանքի ընդհանուր երթին եւ առկայ խնդիրներու լուծման հեռանկարներուն շուրջ։ Իրենց յայտարարութիւնները ունէր ընդհանուր պատգամ մը, զոր կարելի է բանաձեւել շատ ամփոփ ձեւով. «Այլեւս պէտք է փոխուինք»։ Մեր զրուցակից ատենապետները նաեւ անկեղծ եւ ինքնաքննադատական մօտեցումներով հանդէս եկան։ Անոնք յայտնեցին, որ խորքին մէջ որեւէ թելադրութեան կարիք չկայ, իրենք անհրաժեշտ փորձառութիւնը ունին, միայն դժբախտաբար, այսօր մեր համայնքային վարիչներուն մօտ կը պակսի կամքը։

Ստորեւ կը ներկայացնենք Մանուկ Էօղէրի, Մեսուտ Էօզտեմիրի եւ Եսայի Տեմիրի հետ մեր ունեցած ծաւալուն հարցազրոյցին սղագրութիւնը։

Սոյն հարցազրոյցը պիտի ներկայացնենք երկու օրով։ Այսօր մեր ընթերցողներուն կը հրամցնենք մուտքի բաժինը եւ համայնքի վարչական խնդիրներու վերաբերեալ երեք ատենապետներուն հիմնական տեսակէտները։ Հարցազրոյցի վաղուան եզրափակիչ բաժնին մէջ պիտի ներկայացնենք կարգ մը առանցքային նիւթերու վերաբերեալ իրենց մօտեցումներուն մանրամասնութիւնները։

Ֆէրիգիւղի ատենապետ Մանուկ Էօղէր մեր հարցազրոյցին մէջ ըրաւ շատ ուշագրաւ եւ յատկանշական մատնանշում մը. «Այսօր այնպիսի վիճակի մը հասած ենք, որ կարծես մեր հարստացող հաստատութիւնները (վաքըֆները) սկսած են աղքատացնել մեր միւս հաստատութիւնները»։

Պաքըրգիւղի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր կարծիքները յայտնեց իր 15 տարուան՝ որպէս թաղական պաշտօնավարութեամբ պայմանաւորուած փորձառութեան լոյսին տակ։ «Մեր համայնքէն ներս միշտ կան վիճաբանութիւններ, սակայն դոյզն ինչ ճանապարհ չենք կրցած առնել, գործնական արդիւնքի մը չենք կրնար հասնիլ», կ՚ըսէ ան։ Իր խօսքով՝ ներկայ վերամուտին անցեալ տարիներու բաղդատմամբ չկայ փոփոխութիւն կամ համայնքային վարիչներու կողմէ ուղղուած սխալ մը։ «Կամք չունինք։ Չենք կրնար համատեղ որոշումներ առնել եւ ես այս հարցին մէջ կը մեղադրեմ մեր վարիչները։ Ինչո՞ւ չենք կրնար կամք դրսեւորել», կ՚ըսէ Մեսուտ Էօզտեմիր։

Սամաթիոյ ատենապետ Եսայի Տեմիր կ՚ընդգծէ, որ համայնքէն ներս նեղութիւնները սկսած են այնպիսի մակարդակի մը վրայ գալ, որ մարդիկ նոյնիսկ չեն կրնար որոշել, թէ ի՛նչ պիտի խօսին։

Մեր վարժարաններու դիմագրաուած դժուարութիւններուն շուրջ խօսելով՝ երեք ատենապետներն ալ նշեցին, որ կարիքաւոր ընտանիքներու զաւակներուն համար արդէն որեւէ նիւթական ակնկալութիւն խնդրոյ առարկայ չի դառնար, սակայն հնարաւորութեան տէր ընտանիքները պէտք է իրենց կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ անպայման նպաստ մը բերեն մեր դպրոցներուն։

Վաղը պիտի հրատարակենք մեր հարցազրոյցի շարունակութիւնը։

«ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՌԿԱԽՈՒԱԾ ԸԼԼԱԼԸ ՄԵԾ ՎՆԱՍ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԷ։ ՄԻԹԷ ԿԱՐԵԼԻ՞ Է ԱՅՍՊԷՍ ԽԱՂԱԼ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՃԱԿԱՏԱԳՐԻՆ ՀԵՏ։ ՄԵՆՔ ՄԱՀՈՒԿԵՆԱՑ ՊԱՅՔԱՐ ՄԸ ԿՈՒ ՏԱՆՔ ՆԵՐԿԱՅԻՍ»

Առկախուած ընտրութիւններու հարցը մեծ վնաս կը պատճառէ մեր համայնքին։ Մեզի կ՚ըսուի, թէ ընտրական նոր կանոնադրութեան հարցին շուրջ ընդհանուր համաձայնութիւն մը չէ գոյացած համայնքէն ներս։ Սակայն մենք ունինք մեծամասնութեան որոշում մը։ Երբ երկիրները կը կառավարուին մեծամասնութեան նախընտրութեամբ, ինչո՞ւ մեր համայնքի պարագային չի հաստատուիր մեծամասնութեան կողմէ նախընտրուած ընտրական համակարգը։ Մեր համայնքին նման զանազանութիւններով հաւաքականութեան մը մէջ մեծամասնութեան մօտեցումը ինչո՞ւ բաւարար չի համարուիր։ Միթէ կարելի՞ է այսպէս խաղալ հաւաքականութեան մը ճակատագրին հետ։ Մեղք է իսկապէս։ Մենք մահուկենաց պայքար կու տանք ներկայիս։ Ընտրութիւններու առկախուած ըլլալը մեծ վնաս կը հասցնէ մեր համայնքին։ Մեր հաւաքականութիւնը կարծես դադրած ըլլայ հաւաքականութիւն մը ըլլալէ։ Ընտրութիւններու առկախումը ժխտական ազդեցութիւն կը գործէ նաեւ վարչական շարունակականութեան վրայ։ Կը ծագին սերունդներու տարբերութիւններ։ Ճիշդ է, որ ղեկավար ըլլալը ունի հաճոյք մը, սակայն այլեւս ժամ առաջ ընտրութիւն պէտք է ըլլայ, որովհետեւ մենք դադրած ենք յաւելեալ արժէքներ արտադրելէ։ Այսօր բոլորս կողմնակից ենք կեդրոնական համակարգի մը հաստատման, սակայն յստակ չենք ըսեր, թէ ի՞նչ կը հասկնանք այդպիսի դրութենէ մը։ Մենք պէտք է անկեղծ ըլլանք իրարու նկատմամբ։ Պէտք է յստակացնենք մեր նախատեսած լուծումները, որոնք պէտք է ըլլան համընդգրկուն։

«ՆՈՐ ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐ ՁԵՌՔ ԲԵՐԵԼՈՒ ՁԳՏՈՒՄԸ ԼԱՒ Է, ՍԱԿԱՅՆ ՈՒՆԻՆՔ ՆԱԵՒ ՀՐԱՏԱՊ ԿԱՐԻՔՆԵՐ։ ԵԹԷ ՏՈՒԵԱԼ ՊԱՀԸ ՄՍԽԵՍ, ԱՊԱ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ ԿՈՐՈՒՍՏՆԵՐ ԿՐՆԱՆ ԾԱԳԻԼ»

Ընտրութիւններու հարցին լուծումը շատ կարեւոր է։ Մենք՝ այժմու վարիչներս արդէն պաշտօնավարութեան քառամեայ երկրորդ շրջան մը բոլորած ենք։ Ղեկավար ըլլալ կը նշանակէ պատին վրայ աւելցնել աղիւս մը եւ այդպէսով հերթը փոխանցել։ Եթէ որոշ ժամանակէ մը աւելի պաշտօնավարէք, ապա ձեր եռանդը կը կորսնցնէք ու չէք կրնար օգտակար ըլլալ։ Մենք ժամ առաջ թարմ արիւնի մը պէտք ունինք։ Մեր համայնքին մէջ ղեկավարները պէտք է դադրին միակ որոշողները ըլլալէ։ Հակակշռէ մը պէտք է անցնի ղեկավարը։ Այսպէսով բոլորի որոշումները կը հակակշռուին եւ ունեւոր հաստատութիւններն ալ ինքնագլուխ որոշումներ չեն կրնար առնել։ Տեսէ՛ք, այս կէտին վրայ մատնանշեմ խնդիր մը։ Մեր կարգ մը ունեւոր հաստատութիւնները նոր կալուածներ ձեռք բերելու հետամուտ են։ Սա լաւ ձգտում մըն է անշուշտ, սակայն միւս կողմէ ունինք նաեւ հրատապ կարիքներ։ Եթէ այսօր անօթի ես, պէտք չէ մտածես նոր ներդրումի մասին։ Եթէ տուեալ պահը մսխես, ապա ժամանակի ընթացքին անփոխարինելի կորուստներ կրնան ծագիլ։ Ես կողմնակից եմ, որ կեդրոնական համակարգ մը ըլլայ համայնքէն ներս։ Այս պահուն թէեւ չկայ, սակայն մենք բարոյագիտական արժէքներու հիման վրայ կրնանք լուծում գտնել կարգ մը հիմնական հարցերուն։ Մենք ալ ունինք թերութիւններ։ Հիմնական հարցերու շուրջ պէտք է համաձայնութեան մը հասնինք ու գործադրենք համապատասխան որոշումներ։ Շատ բան կախեալ է մեր՝ վարչայիններուս յարաբերութիւններէն եւ ընթացքէն։

«ՄԵՆՔ ԵԿԱԾ ԵՆՔ ԱՆԱՏՈԼՈՒԷՆ, ԱՅՍՏԵՂ ՈՒՍԱՆԵՑԱՆՔ, ՄԿՐՏՈՒԵՑԱՆՔ։ ՊԱՐՏԱԿԱՆ ԵՆՔ ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՈՒ ՀԻՄԱ ԿԸ ՀԱՏՈՒՑԵՆՔ ԱՅԴ ՄԷԿԸ։ ՍԱ ԿԱՄԱՒՈՐ ՊԱՇՏՕՆ ՄԸՆ Է ԵՒ ԱՅԼԵՒՍ ԲԱՒ Է»

Չորս տարին անգամ մը մեր վարչական խորհուրդներու կազմի վերանորոգութեան իրաւունքը ներկայիս առնուած է մեր ձեռքէն։ Ընտրութիւններու առկախուած ըլլալը հաճելի երեւոյթ մը չէ։ Մենք եկած ենք Անատոլուէն, այստեղ ուսանեցանք, մկրտուեցանք։ Պարտական կը զգանք մեր եկեղեցւոյ նկատմամբ ու հիմա կը ջանանք հատուցել այդ մէկը։ Սակայն մենք պաշտօն կը կատարենք կամաւորութեան հիմքի վրայ, իսկ ներկայիս սկսած ենք պաշտօնավարել մեր կամքէն անկախ։ Այսինքն այլեւս պէտք է փոխանցենք մեր հերթը։ Անհամբերութեամբ կը սպասենք ընտրութեան թոյլտուութեան։

Մեր համայնքի հրատապ խնդիրները արդէն վեր ի վարոյ յայտնի են. կրթական հարցեր, կալուածներու արդիւնաւէտ կառավարում, իրաւական գետնի վրայ ներդաշնակութիւն։ Պատրիարքարանի հովանիին տակ, VADİP-ի մթնոլորտին մէջ կրնան լուծուիլ այս հարցերը։ Մենք թէեւ կամաւոր վարիչներ ենք, սակայն կամաւորութիւնն ալ կարգապահութիւն մը կ՚ենթադրէ։ Մեր համայնքէն ներս պէտք է հաստատուի կեդրոնաձիգ համակարգ մը։ Այլ խօսքով՝ մենք պէտք ունինք արդի սահմանադրութեան մը։

Եթէ մենք ընդհանուր կանոնէ մը դուրս գանք, ապա անխուսափելիօրէն կը սկսի մեր միջեւ ներքին քաշքշուքը։ Այս պատճառով, ես չեմ ուզեր մեր հաստատութիւնները իրարմէ զատել եւ կամ խօսիլ մասնաւոր պարագաներու, մասնաւոր խնդիրներու շուրջ։ Առանց համատեղ որոշումներու չենք կրնար նպատակասլաց ձեւով ընթանալ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ


http://www.jamanak.com/content/օրակարգի-նիւթերը/17-09-2018-այլեւս-փոխուինք

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın