Աշխարհի ծանօթ “Tchibo” Գերմանական սուրճի ընկերութիւնը հիմնադրուէր է 1949 թուականին Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքի մէջ,Մաքս Հէրզ եւ Գարլ Չիլլինլ Հիրեան ի համագործակցութեամբ:
Ըստ “Վիքիպէտիա Ազատ Հանրագիտարանի” եւ նաեւ թիւ 42 ,17.10.1962 թուակիր Der Spigel պարբերաթերթի տեղեկութիւններու Գարլ Չիլլինկ Հիրեան ը (1910-1987) հօր կողմէ հայ է, 1910 թուականին ծնած է Համպուրկի մէջ Գարլ Չիլինկիրեան անունով, հօր անունը Կարապէտ Չիլինկիրեան(1869-1927) ,իսկ մօր անունը Էրնա Չիլինկիրեան-Բէթէրսըն(1887-1959) է:երեքին գերեզմանն ալ Համպուրկ-Օհլստօրֆ գերեզմանական , Չիլինկիրեան գերդաստանի գերազմանի մէջ է:
Աշխարհի եկրորդ խո’որագոյն սուրճ արտադրող ընկերութիւնը եղող “Tchibo” ընկերութիւնը իր անունը առած է Tchilling խանութներու եւ Bean( Սուրճի հատիկ ) բառերու համադրումէն:Ընկերութեան անունը ծանօթ է անունը նաեւ ,գեղեցկագիտութեան,հագուստի, ելեկտրոնիկ սարքաւորումներու եւ զանազան ոլորտներու մէջ ,որպէս արժէնքաւոր վաճառանիշ:
Ռուսաստան,Ռումէնիա,Իսրայէլ,Հորդանան,Հունգարիա,ԱՄՆ,Թուրքիա,Ուգրանիա, Թայլանտ եւ ընդամէնը 60 տարբեր երկիրներու մէջ մասնաճիւղ ունեցող ընկերութիւնը,ունի շուրջ 12300 աշխատաւոր,աւելի քան 1300 վաճառքի կեդրոն եւ խանութներ: Ունի նաեւ “Tchibo”անուն պարբերաթերթ մը:
”Tchibo” ն Թուրքիոյ մէջ իր առաջին խանութը բացած է 2005 թուականին Իսթանպուլի Ճէվահիր արեւտրական կեդրոնի մէջ, ունի նաեւ Թուրքիոյ 11 քաղաքներու մէջ 54 վաճառքի խանութներ:
Տոքթ.Սարգիս Ատամ
İlk yorum yapan siz olun