İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻՆ ԵՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

Իսթանպուլի ՛՛Իշխանաց Կղզիներ՛՛ կոչուած կղզիները հազարաւոր տարիներ առաջ եկրաշարժի մը հետեւանքով  Թուրքիոյ Ասիոյ ցամաքամասի  Քօչաէլի թերակղզիէ փրթած եօթը կղզիներ են ,որոնցմէ  միայն Պիւյիւք Ատա, Հէյպէլի, Պուրկազ, Գնալը,Սէտէֆ կղզիները բնակչութիւն ունին, իսկ միւսները կղզիները միայն զբօսաշրջիկային կղզիներ են .

Իշխանաց կղզիները Բիւզանդիոն  Կայսրութեան շրջանին կը գործածուէն  իշխանութեան յանցաւոր պաշտօնեաները պատժելու որպէս աքսորի վայր:

18- րդ դարէն սկսեալ  Յոյները , Հայերը, Հրեայները , շատ քիչ թիւով ալ Թուրքերը  սկսեր են իշխանաց կղզիներու մէջ բնակարաններ կառուցել եւ հոս հաստատուիլ , սակայն  1950-1955 թուականերու միջեւ  երկրի  քաղաքական կեանքի ալեկուծումներու հետեւանքով  Յոյները ու Հրեաները  ու նաեւ Հայերը  սկսեր են  երկիրը լքել, հետեւաբար այդ օրէն սկսեալ իշխանաց կղզիներու  ոչմահմետական ժողովուրդի  բնակչութեան թիւը հետզհետէ  պակսեր է:
Inline-Bild

Գնալը Կզղին հին ատեններուն կը կոչուէր  յունարէն «Փրօթի»ուր ամառները կ’ապրէին Յոյները, Հայերը, Հրեայները, Թուրքերը միասնաբար անդոր ու երջանիկ  կեանք:

Այս օր Փրօթի-Գնալը կղզիի մէջ  կ’ապրին շատ քիչ թիւով  Յոյներ եւ Հրեայներ, կղզիի ամառուայ բնակչութեան թիւը  կը հասնի շուրջ 18-20 հազարի ,որուն մեծամասնութիւնը 12-14 հազար բնակչութիւնով  Հայերը կը կազմեն:
Inline-Bild

Ատենօք Գնալը կղզիին մէջ կար Թուրքական, Հայկական, Յունական  նախակրթարաններ, այսօր Յունական ու ատենին  Ներսեսեան  վարժարան կոչուող հայկական վարժանները գոյութիւն չ’ունին, կղզիին մէջ կայ նաեւ Յունական  «Այա Ֆօթի-Սուրբ Իրինա» Վանքը, որուն, գործունէութեան 1995 թուակնին վերջ տրուեցաւ: Կղզին, ունի իրարու յարակից հարեւան  Թուրքական, Յունական, Հայկական գերեզմանատուներ,Հայկական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին, Գարակէօզեան հայկական վարժարանի Մանկանց ամառուայ Կազդուրման կայանը, Գրիգոր Ճամպազեան Մարզասրահը:
Inline-Bild

Արդ, երբ ‘ Գնալը կղզիի ամառուայ հայ կեանքի  կարճ ակնարկ մը նետենք ,   Պոլսահայ կեանքի մասին ընդհանուր գաղափար մը ունեալու համար մեծ սխալ մը չենք գործէր:
Inline-Bild
Անցեալին Պոլսահայութիւնր իր մշակոյթային  ու ընկերային  կեանքի ճոխ հարուստութիւնով, իր տաղանդաւար ստեղծագործիչ մշակութային ու ազգային գործիչներով  եղած էր հայ աշխարհին  կարեւոր  կենդրոններէն մին, Պոլսահայը  ծանօթ էր նաեւ իր եկեղեցասիրութիւնով, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Նուիրապետական Աթոռներէն  իր Պատրիարքութիւնով, հայկական երկու հիւանդանոցներով,   եկեղեցիներով,  հայկական վարժարաներով,իր պատմական հարուստութիւնով ու արժէքներով  ու նաեւ  հայ գիրի, հայ միտքի, հայ արուեստի , հայ լեզուի, հայ մշակոյթի ու հայ կեանքի ծառայող, իր ծոցէն հանաց հայ հանրութեան ծանօթ, Պարոնեան, Դուրեան, Չօպանեան, Միսաք Մեծարենց, Զապել Ասատուր,Զապել Էսաեան, Զօհրապ, Սիամանթօ, Ռուբէն Սեւակ,Զարիֆեան, Պէրպէրեան,Դանիէլ Վարուժան, Հրաչեայ Աճարեան, եւ այլ տաղանդաւոր ու ստեղծագործ հայերով:
alt

Մինջեւ Բ. Համաշխարհային պատերազմ  Թուրքահայութեան բնկաչութեան թիւը  կը հասնէր մօտաւորապէս շուրջ 250 հազարի , սակայն համաշխարհային Բ. պատերազմէն  վերջ քաղաքկան , ընկերային ու տնտեսական այլ պատճառներով  Թրքահայութիւնը  մեծ արտագաղթ մը տուաւ, որը շատ ծանր հարուած մը իջեցնելով Պոլսահայ կեանքի վրայ պատճառ եղաւ  մշակոյթային զարգացման անկումին ,հայ բնակչութեան քանակին  հետզհետէ պակսելուն: Ոչ պաշտօնական տուեալներու այսօր Իսթանպուլահայ համայնքի բնակչութիւնը հազիւ կը հասնի 55-60 հազար տեղացիի , իսկ 10-12 հազար Հայաստանցի հայերու:
Արտագաղթը ոչ թէ, միայն  Պոլասահայ բնակչութեան վրայ ժխտական ազդեցութիւն ունեցաւ, այլ նաեւ Պոլսահայ կեանքի  բոլոր ոլորտներու վրայ  հարուածներ իջեցուց, նահանջեց հայ կեանքի ընկերային, մշակոյթային, արուեստի, արհեստի, տնտեսական կեանքը, իրենց գործունէութիւններուն  վերջ տալու պարտաւորուեցան  բազմաթիւ հայ հաստատութիւններ, վարժարաներ, ակումբներ, մշակոյթի կենդրոնններ, բակուեցան  եկեղիցիներ, Հայ  մշակոյթի կենդրոններ, հայ միութիւններ, հայ թերթեր ,պակսեցան հայ միտքի, հայ մշակոյթի, հայ արուեստի գործիչներ:
Հայ Մշկոյթը, Հայ Արուեստը, Հայ Ընկերային Կեանքը «Մաշեցաւ»:
Այսօր ,թէեւ կան  հրաշալի ու շնորհալի,գնահատելի,առաքինի աշխատանք տանողներ, սակայն Իսթանպուլահայութիւնր սկսած է իր պապերէն իրեն  ժառանգ մնացած ազգային ու մշակոյթային  արժէքները  սպառել:
Այսօր,Իսթանպուլահայ կեանքի մէջ շատ քիչ են  հայ գիրին, հայ միտքին, հայ լեզուին, հայ արուեստին ծառայող նոր արժէքներ արտադրող ստեղծագործ հայերուն թիւը.
Հոս ի հարկ է յիշել  հանրածանօթ երգահան Մաշակ Թօշիկեանի երաժշտութեամբ եւ Տօքթ.բանաստեղծ  Ինգնա Սարըասլանի խօսքերով պատրաստուած “Դարէ Դար Ախթամար Օրաթօրիօ” եւ նոյնպէս Մաշակ Թօշիկեանի երաժշտութեամբ եւ Պերճուհի Պերպէրեանի խօսքերով պատրաստուած “Հրանդ Տինք Օրաթօրիօ”ները որ, ոսկիայ տառերով պիտի արձանագրուին Թուրքիո հայ պատմութեան պատւոյ էջերուն մէջ:
Արդիօք ,ներկայի այս բոլորը Իսթանպուլահայ համայքի համար բաւական է, եւ կամ որքան~ , ատեն պիտի բաւէ:

Իսթանպուլհայութիւնը իր գոյութիւնը կը շարունակէ, մօտաւարապէս 2000 տարիէ ի վեր, այսօր ունենալով իր Պատրիարքական Սուրբ Աթոռը, 36 է աւելի եկեղեցիներ եւ անոնց թաղային խորհուրդները, շուրջ 20 հայկական վարժարաններ , ի մէջառեալ հայկական 5  լիսէներով եւ ընդամենը,շուրջ 3000 հայ  աշակերտներ, Սուրբ  Փրկիչ Ազգային  ու Սուրբ Յակոբ  հայկական երկու հիւանդանոցներ,հայերէն հրատարակուող «Մարմարա», «Ժամանակ»  երկու օրաթերթերը ,թուրքերէն ու հայերէն հրատարակուող «Ակօս» շաբաթաթերթը ,  Թրքերէն հրատարակուող “Փարօս” պարբերաթերթը եւ “Լոյս” պատկերազարդ պարբերաթերթը  եւ մի քանի հայկական ելեկտրական կայքէջեր ու ելեկտրական թերթերը,   Սանոց Միութիւններ, Երգչախումբերը ,Թագսիմ  ու Շիշլի անունով սփորի երկու հայ մարզախումբեր ,Թատերխումբեր, Մանկանց Թատերխումբ ,Ուսուցաչած Հիմնարկ, Ծերանոց,Գալֆաեան ու Գարակէօզեան Մանկանց Տուները,  Գնալը Կղզիի Մանկանց Կազդուրման Կայանը, Հայ Բողոքական համայնքի Հայաստանցի երախաներու դասատունը, առաւել եւս  հայ աշխարհի ծանօթ ՛՛Մարալ՛՛ պարի եւ երգի խումբը, որը իր համերգներով  ու փայլուն ելոյթներով  աննկարագրելի յաջողութիւներ արձանագրելով կ’արժանանայ  բարձր գնհատանքներու :

Անցեալի մէջ , Պոլսահայերը  կը փորձէին հայ  ազգային  ու համայնքային հաստատութիւններու շուրջ իրենց գոյութիւնը շարուանակել  պահպանելով իրենց կրօնքն ու եկեղեցասէրութիւնը, այսօր ընդամէնը շուրջ 70-80  հազար բնակչութիւն ունեցող Իսթանպուլահայութիւնը անցեալին նոյնը չէ, թէեւ այսօր ալ կան  իսթանպուլահայեր, որոնք,անյարմար պայմաններու տակ իսկ  կը հետապնդեն ապացուցանել թէ’, հայը իր բնածին կարողութիւններով ,մտացումներով, ապրումներով, ստեղծագործական  տաղանդով, աշխատասիրութիւնով, իր եկեղեցասիրութիւնով ,բարի վարմունքով, մարդասիրութիւնով   հաստատակամ է քալել իր պապերու հետքերէն, հակառակ  սահմանաբակ  միջոցներու, ալեկոծումնրու ու փոթորիկներու, ինչպէս որ, բժիշկ- բանաստեղծ Տքթ, Ինգնա Սարըասլան  «Մենք Յաւերժութեան Ծառը Եղանք» ի մէջ կ’ըսէ, փիւնիկի պէս վերածնելու, ծաղկելու, իր կամքով ու տոկունութիւնով  ջանք կը թափեն յաւերժութեան հասնելու համար, հայ հոգեւոր, մշակոյթային ու աշխարհիկ , ընկերային  դարաւոր  ու պատմական արժէքները պահպանելու նախախնամութեան վրայ:

Երկար տարիներու ընթացքին Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը, Հարստութեան հարկի եւ պետական ու ռազմական ոլորտներու մէջ պաշտօններ ստանձնելու փաստացի արգելքը ,Թուրքիոյ Հայ ազգի ներկայութիւնը  Թրքական քաղաքականութեան մէջ գրեթէ աննկար դարձուց: Սակայն վերջին  15-20 տարիներուն  իրավիճակը մի փոքր փոխուիլ սկսաւ,կատարուած օրէնքի փոփոխութիւններով ,Թուրքիոյ Փոքրամասնութիւններուն վերդարձուեցաւ ,նախապէս պետութեան կողմէ բռնագրաւուած փոքրամասնութեան մի քանի որոշ գոյքերը:
Թուրքիոյ վերջին 90 տարիներու տնթացքին Թրքական Խորհրդարանի մէջ միայն 5  հայ պատգամաւորներ եղած են:
2015 թուականին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւննիւներուն ,շուրջ վաթսուն տարի ընդմիջումէ ետք Թուրքիոյ Ազգային Ժողով մուտք գործեցին երեք հայեր,որպէս երեք տարբեր կուսակցութիւններու երեսփոխաններ:
Նախապէս Թուրքիոյ հայ համայնքը , երկրի իշխանական ու վարչական համակարգի մէջ քաղաքական ներկայացուցիչներ կամ պաշտոնական միջնորդներ ,գործոն միջոցներ եւ կամ օրինաւոր մարմին մը չունէր,ստիպուած էր պատրիարքութեան եւ կամ համայնքային խողովակներու միջոցաւ երկրի իշխանութեան հետ կապուիլ ու յարաբերուիլ : Թուրքիոյ Հայութիւնը ,այսօր երեք հայերու Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր ընտրուելէն ետք , համայնքը յուզող հարցերը երկրի իշխանութեան վերին խաւերուն աւելի արդիւանաւէտ կերպով լսելի դարձնելու եւ համայնքային հարցերու լուծումներ գտնել  փորձելու համար գործոն լծակ մը ունեցաւ :
Արդիօք այս բոլորը Իսթանպուլահայութեան բաւարար է~:

Այսօր շատ ցաւալի է,  դարերով փայլուն անցեալ մը ունեցող պատմական Իսթանպուլահայ կեանքի լայն խաւերու մէջ տեսնել այլ պատճառներու ծնունդ տուած հայ համայնքի, հայ մշակոյթի, հայ կեանքի , հայ լեզուի, հայ միտքի, հայ գիրի , հայ թերթի, հայ գիրքի նկատմաբ անտարբերութիւնը, սիրտի խոր ցաւ է իմանալ, հայ ընտանիքներու հայ վարժարաներու  հանդէպ ունեցած ժխտական նախապաշարումները, իրենց զաւակներուն օտար լեզու սորվեցնելը պատճառաբանելով օտար վարժարաներու  նկատմաբ  ունեցած նախասիրութիւնը եւ նախաընտրութիւնը:

Ազգի մը համար իր մայրենի լեզուն, ոչ միայն կենսական միջոց է հաղորդակցութեան, այլ նաեւ անհրաժեշտ ազդակ մըն է, ինքնութեան կերտման ,ինքնագիտակցութեան ու անոր խորացման եւ նաեւ ինքնաարտայայտութեան ձեւաւորման համար:
Իսկ մեզ համար, մեր պատմական հայ ազգի համար, այս բոլորէն անդին մեր լեզուն մեր գոյութեան ամէնէն  զօրեղ սիւներէն  մէկն է, մեր ազգին ամբողջականութեան ու միութեան պահպանման, գոյատեւման  ամէնէն էական միջոցներէն մին է, առանց հայ լեզուի ինչպէս~ կարելի է հայրենակերտում ու հայրենագիտութիւն : Մեր լեզուն ու Մեր գիրը մեզի համար կանթեղ մըն է, Մեսրոպ Մաշտոցի կանթեղը,  որը կը լուսաւորէ մեր բոլորին ապագայի ճամբան:
alt

Այսօր, ինքնութիւն, մշակոյթ, լեզու, ու աւանդութիւն մաշեցնող սփիւռքի պայմաներու մէջ  արեւմտահայերենը շատ տխուր  ու ողբերգական պատկեր մը կը ներկայացնէ, դժգոհութիւններ արտայայտելով, քննադատութիւներ ընելով, յօդուածներ գրելով, դասխօսութիւներ կազմակերպելով, ժողովներ գումարելով , չենք կրնար հարցին հիմնական լուծումներ գտնել, հարցերու լուծման մէջ պէտք է, միասնական ու միատեղ պայքարիլ: Մարդ ուժի, այսինքն հայագէտ, ուսուցիչ, լեզուբան, ընկերաբան ,մտաւորական,ազգային գործիչ ու ղեկավար, ազգային գիտակցութեան տէր մղիչ ուժի միասնականութիւնը ու  համագործակցութիւնը խիստ կենսական է, հայ անհատը , հայ մշակոյթին , հայ միտքին, հայ կեանքին  հաղորդակից դարձնելու առաքելութեան գործընթացքի մէջ:
Իւրաքանչիւր հայ անհատ պէտք է գիտակցի թէ, հայկական ոգին ու ազգային գիտակցութիւնը ու հայ լեզուն կենսական են ,հայ ազգի գոյատեւման ու պահպանման  պայքարին մէջ:
Տքթ. Սարգիս Ատամ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın