“Մայրերու Օր”ը նշելու աւանդութիւնը կ’սկսի նախաքրիստոնական շրջաններէն:Հելլէնական դիցաբանութիւնէն գիտենք թէ, բազմաթիւ չաստուածներու մայր “RHEA”ի պատիւ ու յարգանք այդ շրջաններուն իսկ կը նշուէր “Մայրերու Օր”ը իսկ հին Հռոմի մէջ, Քրիստոսէ 250 տարի առաջ մայր չաստուած”KYBALE” ի յարգանք կը նշուէր նաեւ “Մայրերու Օր”ը:
“Մայրերու օր”ի տօնակատութիւները առաջին անգամ օրակարգի եկաւ 1600-ական թուականներու Պրիթանիոյ մէջ “Մայրերու Կիրակի Օրը” կոչուող տօնակատարութիւնով, իսկ աւելի վերջ Ամերիկացի բանաստեղծուհի Ժուլիա Վօրտ Հովէ, ներշնչուելով Ամերիկացի Աննա Ժալֆիսի մայրերու առօրեայ կեանքի բարելաւման եւ առողջ աշխանտանքային միջավայր ապահովելու նպատակով ծաւալած աշխատանքներէն, առաջարկեց որ, Ամերիկայի մէջ Զատիկի չորրորդ կիրակի օրը նշուի` որպէս “Մայրերու Օր”:
10 Մայիս 1908 թուականին Աննա Ժաֆլիս, իր հանգուցեալ մօր յիշատակը ոգեկոչեց Վիրջինիոյ եկեղեցւոյ մը մէջ,այս օրէն սկսեալ “Մայրերու Օր”ը արագաբար տարածուեցաւ համայն Ամերիկայի տարածքի մէջ եւ 10 Մայիս 1914 թուականին այս օրը պաշտանապէս հռչակուոցաւ որպէս “Մայրերու Օր”: Այսպէսով, հազարաւոր տարիներ առաջ, Անատոլուի եւ Միջագետի քաղաքկրթութիւնէն ծնունդ առած ՛՛Մայրերու Օր՛՛ նշելու աւանդութիւնը , 20-րդ դարէն սկսելեվ աշխարհի համայն երկիրներու մէջ սկսաւ որպէս ” Մայրերու Օր” ը նշուիլ :
Թուրքիա,Գերմանիա,Զուիցերիա,ԱՄՆ,Պելկիա,Իտալիա,Աւուստուրիա,Աւորսթորալիա,Դենաի Գանատա եւ շատ մը երկիրներ “Մայրերու Օր”ը կը նշեն ընդհանրապէս Մայիս ամսուայ եկրորդ կիրակի օրը, իսկ շատ մը երկիրներու մէջ ալ կը նշուի տարբեր թուականներուն;Օրինակ:Ֆրանսա եւ Շուէտեայի մէ, կը նշուի Մայիս ամսուայ վերջին կիրակի օրը:Իսկ Հայաստանի մէջ,կը նշուի 8 Մարտ եւ 7 Ապրիլին տարին երկու անգամ: Մայրերու եւ Գեղեցկութեան Օր անունով:
Քրիստոնէութէն առաջ , բազմաստուածային կեանքի ժամանակաշրջաններուն, հայ ժողովուրդը ունեցած է իգական սեռի բազմաթիւ չաստուածուհիներ-դիցուհիներ, այնպէս ,ինչպէս ,այլ ազգեր ունեցած են: Դիցուհիներ` Անահիտ,Արտեմիս,Տիանա, եւայյն մարմնաւորած են յատկանիշներ ու առաքինութիւններ, որոնք մասամբ այսօր եւս կը գնահատուին ընդհանրապէս մայրերուն մէջ:
Օրինակ, Անահիտը որ,Արամազդ չաստուծոյ աղջիկն է, կը խորհուրդանշէր ծննդաբերութիւնն ու պտղաբերութիւնը եւ նաեւ “Սնուցանող Մայր” կը նկատուէր:
Նանէն, դարձեալ Արամազդի աղջիկն է, կը խորհուրդանշէր իմաստութիւն, ժուժկալութիւն, ողջամտութիւն:
Աստղիկ չաստուածուհին-դիցուհին կը մարնաւորէր սիրոյ եւ գեղեցկութեան գաղափարը:
Տիանա-Արտէմիս դիցուհին Զէուսի աղջիկն է, բնութեան եւ բերրիութեան չաստուածն է,կը խորհուրդանշէր գեղեցկութիւնը եւ աճեցումը:
Հին ժողովուրդներ այս բոլոր աւանդները իւրայատուկ մօտեցումներով եւ պաշտամունքային արարողութիւններով պահպանած են մինչեւ քրիստոնէութեան հաստատումը:
Քրիստոնէութեան հաստատումէն վերջ, “Մայրութեան” ու “Գեղեցկութեան” ընբռնումը կեդրոնացաւ “Աստուածամօր” վրայ ,իբրեւ գերագոյն խորհուրդանիշ “Մօր” գաղափարին:
Տօքթ.Սարգիս Ատամ
İlk yorum yapan siz olun