Հայաստանի ժողովորդի Հ.Հ վարչապետ Սերժ Սարգսեանի հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնէն, յամառօրէն հրաժարականի պահանջի ու վճռակամ կեցուածքի բերումով անոր վարչապետի պաշտօնէն հրաժարելէ յետոյ երկրի մէջ ստեղծուած ՛՛Պրկուած Քաղաքական՛՛ իրավիճակը , Հայաստանի ընդիմադիր ուժի ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանի, Հ.Հ նոր վարչապետը ընտրուելով խաղաղ ձեւով լուծուեցաւ.
8 Մայիս 2018 թուականին , քաղաքական գործիչ Նիկոլ Փաշինեանը Հ.Հ խորհրդարանի կողմէ վարչապետ ընտրուեցաւ: Հ.Հ խորհրդարանի այս պատմական որոշումը , անտարակոյս նոր էջ մը պիտի բանայ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական կեանքի մէջ:
Ըստ իս ,այս թուականը հայ ժողովուրդի համար ՛՛Պատմական ու Հաղթանակի Օր՛՛ մըն է, որովհետեւ մինչ այդ , Հայաստանի մէջ իշխող հանրապետական կուսակցութեան որդէգրած վարչաձեւը եւ քաղաքականութիւնը ,երկրի մէջ ստեղծած էր ՛՛Հսկայ ու Լուրջ Պրկուած ու Մտահոգիչ Իրավիճակ՛՛ մը, որը կոտակուած էր տարիներու ընթացքին:
Երկրի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային կեանքի անբարեկեցիկ իրավիճակին դէմ,հայ ժողովուրդի ու հայ երտասարդութեան համբերութիւնը յորդեցաւ եւ ՛՛Անձայնութիւնը՛՛ վերջացաւ:
Հայսատանի ընդիմադիր ուժի ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանի առաջնորդութեամբ Հայ ժողովուրդի ու Հայ երտասարդութեան համագործակցութեամբ Հայասռանի մէջ սկսաւ ՛՛Համաժողովրդային Քաղաքական Շարժում՛՛ մը, նպատակ ունենալով երկրի բարեկեցութեան ու բարօրութեան համար բարեփոխութիւներ կեանքի կոչել :Հայ ժողովուրդը իր արդար այս պահանջքի համար կազմակերպուած ձեւով ու յամառ կեցուածքով ու վճռակամ կամքով շարժման անցաւ: Հայ ժողովուրդի այս արդար պահանջքը, երկրի մէջ Սահմանադրական բարեփոխումները կեանքի կոչելու ճանապարհի մէջ, Մարդու Իրաւունքներու, Ժողովրդավարութեան, Օրէնքի, Արդարութեան դրութիւններու գերակայնութեան ամուր հաստատման ճանապարի սկիզբին ու ժողովուրդի վճռակամութեան ակնյայտ ցոյցն է : Հակառակ ,երկրի ներքաղաքական պրկուած վիճակի ՛՛Համաժողովրդական Շարժումը՛՛ մնաց խելացի ու խաղաղ ընթացքի մէջ եւ պսակուեցաւ խաղաղ ՛՛Հաղթանակ՛՛ով մը, որը ըստ իս, ՛՛Թաւշեայ Յեղափոխութիւն՛՛ մըն է եւ ողջունելի ու նաեւ համայն աշխարհի օրինակելի:
Հայաստանի Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը արդիւնքն է,հայ ժողովուրդի գիտակցութեան,խաղաղասիրութեան,քաղաքավարութեան,ժողովրդավարական հասկացողութեան ,որը հպարտութիւնն եւ պատիւն է համայն հայութեան:
Շնորհալի թող ըլլայ ՛՛Հայ Ժողովուրդի Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը:
Տքթ.Սարգիս Ատամ
İlk yorum yapan siz olun