ՀԱՅ ԵԿԵՂԵԻՆ ՏԷՐՈՒՆԱԿԱՆ ՈՒ ՍՐԲՈՑ ՏՕՆԵՐԸ
Հայ Եկեղեցին “առաքելական” կը կոչուի, որովհետեւ Քրիստոսի առաքեալններէն Ս.Թաթէոս եւ Ս.Բարթողիմէոս հայոց երկիր եկած են եւ ժողովուրդին Քրիստոնէութիւնը քարոզած են:
Ս.Թաթէոս առաքեալի քարոզներուն Հայոց արքայ Սանատրուկի դուստրը ՍԱՆԴՈՒԽՏ Քրիստոսի հաւատած,սակայն Սանատրուկ հալածանք հանեց Քրիստոնէութեան դէմ եւ նահատակեց թէ Ս.Թաթէոսն եւ թէ իր աղջիկը Սանդուխտը:Այս հալածանքներէն նահատակուեցաւ նաեւ Ս.Բարթողիմէոս , որուն գերեզմանին վրայ հետագային կառուցուած է Էրզուրում(Կարին)-Աշքալէի նշանաւոր Սբ.Բարթողիմէոս վանքը:
Երբ “Անակ”ի ոդին Սբ.Գրիգոր որ,Կեսարիոյ մէջ սորված էր Քրիստոնէութիւնը , եկաւ հայոց երկիր եւ քարոզեց Քրիստոնէութիւնը, սակայն նախ ենթարկուեցաւ հալածանքի եւ սոսկալի չարչարանքներու մինչեւ որ,առողջացուծ Հայոց հիւանդ Տրդատ Թագաւորը: Հայոց Տրդատ Թագաւորը մկրտուեցաւ Սբ.Գրիգորի կողմէ եւ դարձաւ Քրիստոնեայ, եւ այս ձեւով, հայ ժողովուրդն ալ Սբ.Գրիգորի կողմէ կռապաշտութիւնէ Քրիստոնեայ դարձուեցաւ:
Սբ.Գրիգոր,Կեսարիոյ մէջ ,ստացաւ եպիսկոպոսական աստիճան եւ իր երազի մը վրայ հիմնեց Միածին Որդիի իջքի տեղ, Սբ.Էջմիածնի տաճարը:Ան եղաւ կաթողիկոս եւ կոչուեցաւ հայոց երկրորդ “Լուսաւորիչ”ը:
Հայ Եկեղեցին երեք անգամ կը տօնէ Սբ.Գրիգոր Լուսաւորիչի յիշատակը Ա-Խոր Վիրապի Մուտքը,Բ-Խոր Վիրապէն Ելքը:Գ-Անոր նշխարած գիւտը “Սեպուհ” լերան վրայ:
ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԳԼԽԱՒՈՐ ՏՕՆԵՐԸ:
Այս տօները երկու մասին կը բաժնուին
Ա-Տէրունական Տօներ.
Բ-Սրբոց Տօներ.
Տէրունական Տօներ: (Տաղաւար )
Սբ.Ծնունդ,Սբ.Յարութեան Տօն-Զատիկ,Վարդավառ,Սբ.Աստուածածին,Խաչվերաց.
Ծնունդ եւ Մկրտութիւն:
Յիսուսի Բեթղեհեմի մէջ ծնելուն եւ 30 տարի վերջ Յորդանան գետին մէջ մկրտութտաթեան յիշատակը կը տօնուի:
Զատիկ:
Յիսուսի հրաշափառ Յարութեան յիշատակն է Զատիկը
Վարդավառ:
Յիսուս ուզեց ցոյց տալ իր Աստուածային փառքը իր աշակերտներուն:Պետրոս,Յակոբոս եւ Յովաննէս Թափոր լերան վրայ յոգնած ըլլալով քնացան, երբ որ, արթնցան տեսան իրենց վարդապետը կերպարափոխուած էր, երեսը կը փայլեր:Այս տօնը կը կոչուի “Այլակերպութիւն”,”Պայծառակերպութիւն”,կը կոչուի նաեւ “Վարդավառ”որովհետեւ կը զուգորդուի հայոց նախաքրիստոնէական կրօնքի նշանաւոր մէկ տօնին որ ,կը կատարուէր տարւոյն նոյն եղանակին:
Վերափոխումն Սբ.Աստուածածնի:
Յիսուսի համբարձումէն ետք մինչեւ իր մահը Սբ.Մարիամ բարեպաշտութեամբ վարեց իր կեանքը եւ բնական մահով աւանդեց իր հոգին:Եկեղեցական հաստատ աւանդութիւն է թէ,Սբ.Մարիամի մարմինը գերեզման դրուելէ ետք Քրիստոս եկաւ եւ երկինա վերափոխեց իր մայրը:Ահա ասոր յիշատակն է որ կը տօնէ եկեղեցին,կը կոչուի Վերափոխումն Սբ.Աստուածածնի եւ կամ Աստուածածին, նոյն օրը կ’օրհնուի խաղողը:
İlk yorum yapan siz olun