İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Մատթէոս Զարիֆեան’ի Մահուան 94-րդ Տարելիցի Առթիւ

Սիրոյ,Գգուանքի եւ Թախիծի Անմահ Քնարերգիչ

ՄԱՏԹԷՈՍ  ԶԱՐԻՖԵԱՆ Ի Մահուան 94-րդ Տարելիցի Առթիւ

                 (16 Յունուար 1894 – 9 Ապրիլ1924)

Ծնած է 16 Յունուար 1894 թուականին Իսթանպուլ -Կէտիկփաշա:  Կեանքին մեծագոյն մասը անցուցած է Սկիւտարի մէջ,նախակրթարանի ուսումը  ստացած է Իճատիէի դպրոցին մէջ, ապա Պարտիզակի Ռոպէրթ Գոլէճին եւ Իսթանպուլի  Պէրպէրեան վարժարանին մէջ, որ աւարտած է 1913-ին՝ ։ Ուշադրութիւն գրաւած է իր մարզիկի շնորհներով եւ ըմբոստ հոգիով, որուն հետեւանքը  եղած է,դպրոց է դպրոց իր տեղափոխումները։

1913–ին՝ տակաւին պատանի, ուսուցչական պաշտօնով կը մեկնի Ատանա , որպէս անգլերէնի եւ մարմնամարզութեան ուսուցիչ։ Հոս է որ, մարզական փորձերու ընթացքին, կը զգայ առաջին նշանները թոքախտին։ Կ’ընդհատէ ուսուցչական գործը։ Կը  մեկնի Լիբանան ` փորձելու համար լեռնային օդի շնորհիւ վերագտնել իր առողջութիւնը։

1914-ին, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը պատերազմի մէջ կը մտնէ, կը զօրակոչուի իբր պահեստի ենթասպայ։ Զինադադարին պահ մը կրկին կը դառնայ ուսուցչութեան, բայց,արդէն թոքախտին գործած աւերը զգալի կ՛ըլլայ ։ Այս փուլին է, որ երբեմնի մարզիկը կը յայտնուի ,իբր բանաստեղծ` պատերազմէն ետք, սկսելով Ճակատամարտ  թերթին մէջ, լոյս ընծայած իր բանաստեղծութիւններով։ 1919-էն սկսեալ Մատթէոս Զարիֆեան սկսաւ մուտք գործել հայ գրականւթեան անդաստանէն ներս:

Յառաջացող հիւանդութիւնը եւ կեանքէն վաղաժամ հեռանալու խոր զգացումը հոգեմտաւոր մեծ լարում յառաջացուցին Մ. Զարիֆեանի ներաշխարհի մէջ: Անսպառ եռանդով փարեցաւ թէ՛ ազգային ծառայութեան համար իր ընտրած ուսուցչական ասպարէզին, թէ՛ յատկապէս գրական-ստեղծագործական աշխատանքին:

    • Մատթէոս Զարիֆեանի առաջին գործը մամուլի մէջ տպագրուած է  զինադադարէն ետք 1918-ին,իսկ առաջին գիրքը 1921-ին՝ «Տրտմութեան Եւ Խաղաղութեան Երգեր»ը։
    •                           Զարիֆեան իր բանաստեղծութիւններուն մէջ երգած է սէրը, տրտմութիւնն ու մահը։ Զարիֆեան 9 Ապրիլ 1924  կը մահանայ 30 տարեկան հասակին Իսթանպուլի մէջ եւ կը թաղուի Հայոց Սկիւտարի ազգային  գերեզմանատատւն :
    • Գլխաւոր գործերն են: Տրտմութեան եւ խաղաղութեան երգեր (1921), Կեանքի ու մահուան երգեր (1922,1951), Ընտիր քերթուածներ (1946) , Ամբողջական գործեր (1956),Երգեր, (1965)), Երկեր( 1981, 1990) Բանաստեղծութիւններ (1994):
    • Զարիֆեանի բանաստեղծութիւնը շատ արագ սիրուեցաւ ընթերցողին կողմէ, նոյնպէս եւ անմիջապէս արժանացաւ իր ժամանակի ամէնէն խստապահանջ քննադատներու գնահատանքին:

Սէրը, գնգուքը, փափկութիւնը, կեանքին փարումը, բնութեան պաշտամունքը եւ մարդկայնութիւնը Մատթէոս Զարիֆեանի գրիչին տակ բացին  էապէս իւրայատուկ  յուզաշխարհ մը, ուր Դուրեանի բարկութիւնը ու քէնը չկայ, եւ  կը բացակայի Մեծարենցի յուսահատութիւնը: Անշուշտ կայ եւ ուժեղ շեշտով կեանքէն զրկուելու դառնութեան ու տրտմութեան զգացումը, բայց, Զարիֆեան երբեք չէ կորսնցուցած իր դժբախտ ճակատագիրը ասպետականօրէն դիմագրաւելու ներքին ազնուականութիւնը, հոգեկան խաղաղութիւնը:

Mateos Zarifyan

«Հեգնանք» խորագրուած իր երկու տուն քերթուածը այնքա՜ն հարազատօրէն եւ քնարական շունչով կը բանայ ինքնատիպ այս յուզաշխարհը Զարիֆեանի.

Քանի՜ կ՛աճի ցաւը մարմնիս,
Ժպիտն աչքիս վարդ կ՛ըլլայ.
Ցուրտ հոգիէս կ՛անցնի Մայիս,
Ու լոյս կ՛իյնայ ճակտիս վրայ…
Եւ այս վարդով, այս գարունով,
Կը հեգնեմ Ան որ կու գայ,
Ան որ կու գայ` հողին քունով
Քնացընել Ցաւն հսկայ…:

Մ. Զարիֆեանի բանաստեղծութիւնը եղաւ պարզ ու հաղորդական` թէ՛ իր լեզուով ու ոճով, թէ՛ իր խոհամիտ ու գոյնաւոր գիւտերով: Վճիտ ու զուլալ առուակի պէս հոսեցաւ եւ կը շարունակէ նոյնպիսի թարմութեամբ հոսիլ:

Այդպէ՛ս, կեանքին սէր ու պաշտամունքով փարող, իսկ ցաւն ու թախիծը անհուն գգուանքով յաղթահարող բանաստեղծը եղաւ Մատթէոս Զարիֆեան , որ մինչեւ վերջին շունչ երգեց`

Ահ, հոյակապ քերթուածը իմ հոգիիս,
Իմ աւերակ, իմ քարուքանդ հոգիիս…

Իսկ հայոց սերունդները միշտ ալ իրենց շուրթներուն վրայ պահեցին Զարիֆեանի հանրածանօթ ու այնքա՜ն սիրուած «Խենթը» քերթուածին ներշնչումով, սիրոյ եւ տրտմութեան գողտրիկ երգը.-

Պզտիկ աղջիկ մ՛ինծի կ՛ըսէ
Որ զիս խենթի պէս կը սիրէ.
Պզտիկ աղջիկ մը զիս սիրէ՜…
Գիշերն անհուն իմ աչքերուն
Երեւի դեռ նա չէ՜ տեսեր.
Պզտիկ աղջիկ մ’ինծի տայ սէ՜ր…
Երեւի դեռ նա չէ՜ նայեր
Հոգւոյս խաւար անդունդն ի վար.
Պզտիկ աղջիկ մ՛ինձ սիրահար…
Եթէ լսէր թէ ո՛չ մէկ սէր
Այդ անդունդին մէջ կը շնչէր`
Հէք պզտիկը չէր հառաչեր…
Ուստի եղբօր մը պէս ըսի
Որ լուսնին տակ մարդ կը մսի.
Գնա՛, գնա՛ ննջէ՛ ըսի:
Յետոյ գացի` հեռո՜ւն լացի…

Քաղեց: Տքթ.Սարգիս Ատամ


Ակ:Ազատ հանրագիտարան-Վիքիպետեա

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın