İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

7 Ապրիլ Մայրութեան եւ Գեղեցկութեան Տօն օր (Աւետման Տօն)

Ի տարբերութիւն աշխարհի մի շարք երկիրներ,Հայաստան, կանանց նուիրած է տարին երկու տօն, մէկը Մարտ 8 ի “Կանանց Միջազգային Տօն”, իսկ միւսը, Ապրիլ 7-ի “ՄԱՅՐՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ” -Աւետման Տօն-:
Ընդհանրապէս Հայ սփիւռքի լայն զանգուածմերու մէջ մարդիկ սովոր չեն Ապրիլ 7 ի “Մայրերու ու Գեղեցկութեան”-Աւետման Տօն-նշել, բայց եթէ հարցին մօտենանք մի փոքր հոգեւոր գիտակցութեամբ կը տեսնենք որ, այդ տօնը,ոչ այլ ինչ է,եթէ ոչ “Սուրբ Աստուածածնի Աւետման Տօն”ը, որ ունի Աստուածշնչեան իր հիմքը: Հին կտակարրէն կը կարդանք թէ, Եսայի մարգարէ Քրիստոսի ծննունդէն տարիներ առաջ գրել է: “Ահա կոյսը պիտի յղիանայ ու որդի պիտի ծնի ու նրա անունը պիտի ըլլայ Էմմանուէլ”(Ես.7,14): Աւետման մասին կը խօսի նաեւ աւետարանիչ Սբ.Ղուկաս, ան կը նշէ “Աստուծոյ կողմէ ուղարկուած Գաբրիէլ հրեշտակ,Մայրիամ կոյսի կը մօտենայ ,որ ան նշանուած էր Յովսէփի հետ, անոր կ’աւետէ որ ան պիտի ծնէ Աստուծոյ որդին:

unnamed-4

 

Աստուածամօր Աւետման եւ Ապրիլ 7-ի”Մայրութեան եւ Գեղեցկութեան Տօն”ի միջեւ կայ հետեւեալ կապը: Եկեղեցական սրբազան աւանդութիւններու համաձայն,Երուսաղէմի առաջին Եպիսկոպոս Յակոբ փաստել է որ,Յիսուս 6 Յունուարին ծնուել է, հաշուելով որ,յղութեան համար նախատեսուած 9 ամսուայ ժամանակահատուածի (275 օր առաջուայ )առաջին օրը կը հարմարի “Աւետման Օրի” ճիշդ ու ճիշդ Ապրիլ 7-ի:
Աստուածածինը որպէս մայր,բոլոր քրիստոնեաններու եւ յատկապէս հայերու մօտ կատարելութեան տիպար մըն է: Մենք “Մայրութիւն” ըսելով կը հասկնանք նախ սրբութիւնը եւ “Յղիութիւնը” ու”Ընտանիքի Մայրութիւնը” , որոնք չափազանց կարեւոր եւ իրարմէ անբաժան հանգամանքներ են: Յղիութիւնը ,իսկապէս կիներու համար վերերկնային ու արտասովոր իրացիճակ մըն է, ուրախութիւն մըն է:
Աւետման տօնը, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ անշարժ տօներին մին է եւ կը նշուի միշտ 7 Ապրիլին

unnamed-5

Գարնան այս գեղեվիկ տօնական օրը առիթ մըն է, հայ կնօջ հանդէպ մեր երախտիքը, գնահատանքը, մեծարանքը յայտնելու եւ նաեւ անոնց,մեր ընտանեկան ,հանրային , աշխատանքային, ընկերային, մշակոյթային կեանքի դերն արժեւորելու: Բնութիւնը անոնց պարգեւած է մայրանալու շնորհը: Իւրաքնչիւրիս կեանքը կ’սկսի մայրական ազօթքով, օրհներքներով,մայրական դաստիարակութիւնով եւ անոնցմով ,ոչ միայն կը չափուի մեր կեանքի մակարդակը ,այլ կը զարգանայ ու կը տարածուի եւ կ’արժեւորեք մեր բարին ու չարը,լաւն ու գէշը , գեղեցիկը ու ոչգեղեցիկը :
Կնօջ կեցուածքով է որ,կը պայմանաւորուի մարդկային յարաբերութիւնները, ներդաշնակութիւնը, ընտանիքի մը ամրութիւնը եւ երջանկութիւնը:
7 Ապրիլ “Մայրութեան ու Գողոցկութեան Տօն”-Աւետման Տօն- ի առթիւ կը շնորհաւորեմ բոլոր մայրերը,թեկնածու մայրերը ու կիները ,մաղթելով ընտանեկան բարօրութիւն, երջանկութիւն եւ կանացի հմայնք
Տօքթ.Սարգիս Ատամ

Օգտագործուած Ակ: Սարկաւագագիրք”Աւետում Տօն Մայրերի

 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın