Մեր հաստատութիւններու յարգարժան ղեկավարներ եւ մերազն համայնքի սիրեցեալ անդամներ,
Պատրիարքարանի նորաստեղծ Խորհրդակցական մարմինը մեր համայնքային կեանքը ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկած է իր անդրանիկ նիստին ժամանակ ու միաձայնութեամբ յարմար դատած՝ հետեւեալ պարագաները յանձնել հանրային կարծիքի ուշադրութեան.
ա- Թրքահայ համայնքը շուրջ տասն տարիէ ի վեր արտասովոր շրջան մը կը բոլորէ։ Նոր պատրիարքի մը որոնումներով բնորոշ այս գործընթացը ի յայտ բերած է տագնապներ ու ցնցումներ։ Մեր բոլորին ծանօթ պարագաներէ վերջ, վերջին աւելի քան մէկ տարուան ժամանակահատուածին թափ ստացած լարուածութիւնները մեր հաւաքական կեանքը դուրս բերած են իր բնականոն հունէն։ Այսօր այլեւս ժամանակն է այս բեռը թօթափելու, յոռետես մթնոլորտը փարատելու ու մեր ճանապարհը շարունակելու նոր եռանդով ու հաւատքով։ Խորհրդակցական մարմինն ալ յանձնառու է հետամուտ ըլլալ մեր բոլոր խնդիրներու լուծման, ի մասնաւորի առկախեալ ընտրական գործընթացները։
բ- Անցեալ տասն տարիներու առարկայական արժեւորումը մեր բոլորին առջեւ կը դնէ համայնապատկեր մը, որմէ պէտք է դասեր քաղենք։ Մեր հաւաքական կեանքը հասած է անդամալուծուելու սեմին։ Եկած է ժամանակը, որպէսզի այս բոլորէն անհրաժեշտ դասերը քաղենք եւ առանց սխալները կրկնելու այլեւս անցնինք առաջ։
Մեր համայնքը նոր պատրիարք մը ընտրելու բուռն փափաքը ունենալով հանդերձ, դժբախտաբար չէ կրցած հասնիլ նպատակին։ Իւրաքանչիւր ձախող փորձ տեղի տուած է նոր հիասթափութեան, ծնունդ տուած է մեր հաւաքականութենէն ներս զայրոյթի եւ հակազդեցութեան ալիքներու, սակայն մեր համայնքին համար չէ կրցած ապահովել նոր պատրիարք մը։ Ընտրութիւնը բոլորին փափաքն է, սակայն առանց անհրաժեշտ գետինը ստեղծելու, առանց պայմաններու գոյացման միայն փափաքիլ, միայն պահանջելը անբաւարար է։ Այսօր այլեւս ակնյայտ է նոր պատրիարք մը ընտրելու նախապայմանը. փոխադարձ սիրոյ ու յարգանքի հիման վրայ քոնսենսիւս մը։ Բոլորս պէտք է ըմբռնենք այս բանը եւ ըստ այդմ եզրեր ճշդել։
գ- Այս ճշմարտութեան մեկնակէտով՝ նոր պատասխանատուութեան հասկացութիւնով մը պարտաւոր ենք որդեգրել մեր ուղղութիւնը։ Պէտք է սկիզբ տանք շրջանի մը, ուր վերջ պիտի գտնեն ամուլ հակազդեցութիւնները, հեռու պիտի մնանք բարոյագիտական հասկացութիւններէ դուրս մեղադրական արտայայտութիւններէ ու բոլորս պիտի դրսեւորենք զոհողութեան կամք։ Մեր համայնքի բոլոր մարմինները պէտք է զարգացնեն նոր ոգի մը, որով բոլորը զիրար պիտի վերավարկաւորեն, իրարու հաւաքական հեղինակութեան նկատմամբ յարգանքը պիտի վերահաստատեն՝ առանց իրարու իրաւասութեան ու պատասխանատուութեան սահմանները խախտելու, անտեղի ազդեցութեան պայքարներու, հեռու մնալով ապատեղեկատուութիւններէ ու գիտակից՝ մեր հասարակաց միջոցներու արժէքին։ Մեր կոչն է ու մաղթանքը՝ յառաջիկայ Սուրբ Զատկի տօնը այս առումով դառնայ նոր սկիզբ մը։
դ- Ընտրական ճգնաժամի յաղթահարման համար անհրաժեշտ է, որ հասկնալի դառնան մերազն համայնքի իւրաքանչիւր անդամին վիճակած պատասխանատուութիւնն ու զոհողութիւնը։ Անհրաժեշտ են նաեւ լայնախարիսխ համաձայնութիւն մը, համընդգրկուն տրամաբանութիւն մը եւ համատարած ներդաշնակութեան մը ապահովուիլը։ Այս առումով ծայր աստիճան կարեւոր է նաեւ մեր համայնքային մամուլին դերը։ Ոեւէ մէկէն պէտք չէ ակնկալել, որ ձայն չբարձրացնէ։ Ընդհակառակն, զգալի է կարիքը՝ առողջ ու շինիչ, էմփաթիի վրայ խարսխուած վիճաբանութեան մթնոլորտի մը, ուր ամէն մարդ պիտի կարենայ ազատօրէն արտայայտել իր կարծիքը։ Մասնաւորապէս պէտք է այս գործընթացին ցոլանայ ընկերային ցանցերու վրայ ստեղծուած աշխուժութիւնը։ Միւս կողմէ, պէտք չէ անտեսուի, որ մեր հաւաքականութենէն ներս գոյութիւն ունի լուռ մեծամասնութիւն մը։ Այդ տարածուն հատուածներու կողմէ ցուցաբերուած համբերութիւնը մեծագոյն երաշխիքն է՝ մեր հաւաքականութեան հասարակաց մտքի դրսեւորման եւ լայնախարիսխ լուծումի մը ապահովման տեսակէտէ։ Մեր արտայայտութեան ազատութիւնը օգտագործելու ժամանակ, կամայ թէ ակամայ պէտք չէ յայտնուինք վարկաբեկման արշաւներու փակ շրջանին մէջ։ Վարպետութիւն պէտք է ունենանք, որպէսզի վիճաբանութեան մթնոլորտներու մէջ բարձրաձայնուած զգայնութիւնները վերածուին արդիւնքի։ Պէտք է թողունք թիրախաւորել անձեր ու պէտք է կեդրոնանանք սկզբունքներու եւ արդիւնքներու վրայ։ Այս հասունութիւնը մեզի ցոյց պիտի տայ փակուղիի ելքի լոյսը։ Վաղուց ժամանակն է՝ որպէսզի համախմբուինք գետինի մը վրայ, ուր արժէք ունի ոչ թէ ամենաբարձր ձայնով պոռացողը, այլ ամենահաւասարակշռուած ձեւով մտածողը։ Ոչ թէ ամենաբուռն ձեւով մերժողը, այլ ամենապաղարիւն ձեւով արժեւորողը։
ե- Մեր համայնքը ունի անհրաժեշտ ներուժը՝ առանց աւելի յապաղելու այս խնդիրը լուծելու համար։ Լաւ է ուշ, քան երբեք։ Այլապէս պիտի վտանգուի մեր ամբողջ համայնքի կայունութիւնը։ Առանց համախումբ ըլլալու ինչպէ՞ս կրնանք աւելի բարօր ապագայ մը ակնկալել, Պատրիարքարանի գլխաւորութեամբ։
Եկէ՛ք, միասնաբար ձեռք ձեռքի տանք, սիրտ սիրտի տանք, ուս ուսի տանք, հաւատարիմ մնանք մեր հայրերու մեծ ժառանգութեան եւ արժանի ըլլանք մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ օրհնութիւններուն։ Օգտագործուինք մեր պետութեան կողմէ մեզի տրուած հնարաւորութիւններէն։ Մեր զաւակներուն, երիտասարդներուն փոխանցենք ինքնութիւն մը, որով պիտի կարենան հպարտանալ։ Միասնաբար քաղենք մեր զօրակցութեան պտուղները եւ անոնց արդիւնքը վայելենք՝ որպէս եղբայրներ բաժնելով։ Անտարբեր չմնանք բոլոր անոնց դէմ, որոնք կը փորձեն մեզ տանիլ դէպի անորոշութիւն ու դէպի ծայրայեղութիւն։ Փակենք մեր ականջները արկածախնդրութիւններու դիմաց, որոնց հետեւանքով ապագային կրնանք զղջալ։ Զիրար վերագտնենք բանիմացութեան մէջ։ Վստահինք իրարու, երկու օր վերջ զիրար մեծ աւետիսով ողջունելու ժամանակ, իրարու հետ տօնական ուրախութեամբ ողջագուրուելու ժամանակ մեր սիրտերն ու ճակատները ըլլան բաց։
ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ
TOPLUMUMUZA ÇAĞRI
Vakıflarımızın ve kurumlarımızın değerli yöneticileri, cemaatimizin saygıdeğer üyeleri;
Patrikhanemiz’in yeni oluşturulan Danışma Kurulu ilk toplantısında cemaat yaşantımızı genel bir değerlendirmeye tabii tutarak, aşağıdaki hususların kamuoyu ile paylaşılmasını oy birliğiyle uygun bulmuştur.
1-Türkiye Ermeni toplumu yaklaşık on yıldır olağanüstü bir dönem yaşamaktadır. Yeni patrik arayışlarıyla özdeşleşen bu süreç, beraberinde buhran ve çalkantılar ortaya çıkartmıştır. Hepimizin malumu olan hususlar sonrasında, son bir yılı aşkın dönemde ivme kazanan gerginlikler toplumumuzun yaşamını doğal mecrasının dışına sürüklemiş bulunmaktadır. Bugün artık bu yükü silkinmenin, karamsar havayı dağıtmanın, yeni bir şevk ve inançla yola devam etmenin zamanıdır. Danışma Kurulumuz da, başta sürüncemede kalmış seçim sorunları olmak üzere, tüm sorunlarımızın çözümünün takipçisi olma kararlılığındadır.
2-Geride bıraktığımız on yılın nesnel değerlendirmesi hepimizin önüne ibretlik bir tablo koymaktadır. Toplumsal yaşamımız felç olmanın eşiğindedir. Bu tablodan gereken dersleri alarak, yapılan hataları tekrarlamadan artık önümüze bakmanın zamanı gelmiştir.
Cemaatimiz, ne yazık ki, yeni bir patriğe sahip olmayı hararetle istemesine karşın, amacına ulaşamamıştır. Her sonuçsuz deneme yeni bir hüsran yaratmış, toplumumuzda öfke ve tepki dalgaları doğurmuş, ancak cemaati yeni bir patriğe kavuşturamamıştır. Herkes seçim istemektedir, ama gereken zemini yaratmadan, şartlar oluşmadan sadece istemek, sadece talep etmek yetmemektedir. Bugün artık yeni bir patrik seçebilmemizin ön şartı gün gibi ortadadır: karşılıklı sevgi ve saygı temelinde sağlanacak olan bir konsensüs. Bunu hepimiz kavramalıyız ve buna göre yöntemler belirlemeliyiz.
3-Bu gerçekten hareketle, yeni bir sorumluluk anlayışıyla yönümüzü belirlemek zorundayız. Kısır tepkiselliklerin son bulduğu, ahlak sınırlarını aşan, suçlayıcı söylemlerden uzak ve her birimizin elini taşın altına koyma iradesi sergileyeceği bir dönemi başlatmak zorundayız. Cemaatimizin tüm kurum ve kuruluşları, yetki ve sorumluluk alanlarını karıştırmadan, gereksiz nüfuz mücadelelerinden uzak kalarak, ortak kaynaklarımızın değerinin bilincinde, manipülasyonlardan kaçınarak, herkesin birbirini yeniden kredilendireceği, birbirinin toplumsal itibarına olan saygısını teyit edeceği bir şekilde, yeni bir ruh geliştirmek durumundadır. Önümüzdeki Kutsal Diriliş Yortusu’nun bu anlamda bir milat oluşturması hem dileğimiz, hem de çağrımızdır.
4- Seçim krizinin aşılabilmesi için, toplumumuzun her bir bireyine sorumluluk ve özveri düştüğünün anlaşılabilmesi, geniş tabanlı bir uzlaşı, kapsayıcı bir mantık, yaygın bir uyum sağlayabilmek açısından vazgeçilmezdir. Bu bakımdan cemaat basınımızın rolü son derece önemlidir. Hiç kimseden sesini kısması beklenmemelidir. Aksine herkesin fikrini özgürce söyleyebileceği, sağlıklı ve yapıcı, empatiye dayalı bir tartışma ortamı büyük bir gereksinimdir. Özellikle sosyal ağlardaki dinamizmin bu sürece yansıtılması şarttır. Öte yandan toplumumuzun içerisindeki sessiz çoğunluğun varlığı da göz ardı edilmemelidir. O yaygın kesimlerin sergilediği sabır, toplumumuzun ortak aklının tezahürünün ve geniş tabanlı çözümün en büyük güvencesidir. İfade özgürlüğümüzü kullanırken, bilerek ya da bilmeyerek karalama kampanyalarının sarmalına düşmeyelim. Tartışma ortamlarında dillendirilen hassasiyetleri verime dönüştürme becerisi sergileyelim. Kişileri hedef almayı bırakıp, ilkelere ve sonuçlara odaklanalım. Bu olgunluk bize tünelin ucundaki ışığı gösterecektir. En fazla bağıranın değil, en tutarlı düşünenin, en agresif reddedenin değil, en soğukkanlı değerlendirenin muteber olduğu bir zeminde kenetlenmemizin zamanı çoktan gelmiştir.
5- Toplumumuz daha fazla gecikmeden bu sorunu çözebilecek güce ve potansiyele sahiptir. Zararın neresinden dönersek kar olacaktır. Aksi halde tüm cemaatimizin istikrarı tehlikeye düşecektir. Birlik olmadan, Patrikhanemiz’in önderliğinde nasıl daha müreffeh bir gelecek bekleyebiliriz?
Gelin, hep birlikte el ele, yürek yüreğe verelim, omuz omuza olalım, atalarımızın büyük mirasına sadık kalalım ve Kutsal Kilisemiz’in takdislerine layık olalım. Devletimizin bize sağladığı olanaklardan yararlanalım. Çocuklarımıza, gençlerimize gurur duyacakları bir kimlik aktaralım. Dayanışmamızın meyvelerini birlikte toplayalım, onları kardeşler olarak paylaşmanın tadına varalım. Bizi belirsizliklere, aşırılıklara sürüklemek isteyenlere kayıtsız kalmayalım. Sonradan pişman olacağımız maceraperestliklere kulak tıkayalım. Aklı selimde buluşalım. Güvenelim birbirimize, iki gün sonra birbirimizi Büyük Müjde ile selamlarken, bayram sevinciyle öpüşüp-kucaklaşırken yüreklerimiz açık, başımız dik olsun.
TÜRKİYE ERMENİLERİ PATRİKLİĞİ
http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F29-03-2018-կոչ-մեր-համայնքին
İlk yorum yapan siz olun