Պատրիարքարանի աղբիւրները այս առաւօտ արձագանգ հանդիսացան ուրախառիթ իրադարձութեան մը։ Այսպէս, Ս. Զատկի սեմին համայնքի օրակարգէն դուրս կը մնայ լարուածութեան տեղի տուած երեւոյթ մը։ Արդարեւ, Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը առած է ողջունելի քայլ մը։ Ատենապետ Յարութիւն Շանլը եւ իր գործակից ընկերները հանդէս եկած են օրինակելի նախաձեռնութիւնով մը։ Անոնք Պատրիարքարան այցելած են՝ Կէտիկփաշայի հոգեւոր հովիւ Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեանի պաշտօնավարութեան վայրին շուրջ ծագած տագնապի լուծման համար՝ պահանջելով Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հայրական ներողամտութիւնը։ Նորին սրբազնութիւնն ալ ընդառաջած է եղած խնդրանքին՝ ընդգծելով Աթոռի նկատմամբ յարգանքի կարեւորութիւնը։
Գումգաբուի աղբիւրները պաշտօնապէս տեղեկացուցին, որ երէկուան այցելութեան նպատակն էր լուսարձակի տակ առնել վերջին շրջաններուն Պատրիարքական Աթոռի եւ Կէտիկփաշայի թաղային խորհուրդին միջեւ ծագած առկայ հարցը, որ կը վերաբերի հոգեւոր հովիւի պաշտօնավարութեան վայրի փոփոխութեան։ Թաղային խորհուրդի ատենապետն ու անդամները ապաւինելով նորին սրբազնութեան հայրական ներողամտութեան՝ յայտնեցին, որ կը գիտակցին իրենց կատարած սխալին, որով Աթոռի տնօրինութիւններուն ու օրուայ հոգեւոր իշխանաւորին դէմ դիրքաւորուած կը համարուին։ Անոնք խնդրեցին, որ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը շարունակէ իր պաշտօնը մինչեւ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը՝ վերջնական տնօրինումը թողլով ընդհանուր փոխանորդի հայեացքին։
Իր կարգին, նորին սրբազնութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց թէեւ ուշացած, սակայն գնահատելի այս կեցուածքին համար։ Ան ընդառաջեց եղած խնդրանքին, սակայն որոշեց նաեւ հետեւիլ յարաբերութիւններու ընթացքին՝ Պատրիարքական Աթոռին հանդէպ յարգանքի առանցքով։
Զրոյցի աւարտին նորին սրբազնութիւնը կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Կէտիկփաշայի թաղային խորհուրդին աստուածահաճոյ գործունէութեան համար։ Թաղականներն ալ շնորհակալութիւն յայտնեցին նորին սրբազնութեան ու գոհունակ սրտով հրաժեշտ առին Պատրիարքարանէն։
http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F24-03-2018-ողջունելի-քայլ
İlk yorum yapan siz olun