İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ծաղկազարդ

Մեծ Պահքի վերջին կիրակին  կը  կոչուի ՛՛Ծաղկազարդ՛՛:Հայ Առաքելական Եկեղեցին,Սուրբ Յարութեան տօնի կիրակիին նախորդող կիրակի օրը կը նշէ, Ծաղկազարդի տօնը,որը կը խորհրդանշէ, Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ քաղաք Երուսաղէմի մուտք: 2018 թուակիր տարուայ մէջ Ծաղկազարդը  պիտի տօնուի 25 Մարտ 2018 թուականին:
Երբ,Յիսուս իր աշակերտներուն հետ կ՛ուղեւորուէր դէպի Երուսաղէմ,Պետրոս եւ Յովաննէս առաքեալներուն կը յանձնարարէ որ, երթան քաղաքի մերջակայ գիւղ ,հոն փողոցի մէջ կապուած աւանակը իր քուռակին հետ բերեն:Յիսուսը անոնց կը պատուիրէ ,որ եթէ որեւ մէկը հարցնէ ,թէ ինչու կը տանին ,պիտի պատասխանեն ,որ Տիրոջը պէտք են:Առաքեալները այդպէս ալ կը վարուին: Կը բերեն աւանակը ու քառուկը եւ Յիաուս աւանակի վրայ նստած կը մտնէ Երուսաղէմ:Բազմաթիւ մարդիկ իրենց հագուստները կը փռեն անոր ճանապարհինշիսկ ոմանք ալ ձիթենիի եւ արմաւենիի ճիւղերով կը դիմաւորեն ու կ՛ողջուեն Զինքը :
Այս օրիանակով ալ Ծաղկազարդի տօնին ,եկեղեցիներու մէջ կ՛օրհնուին եւ ապա ներկաներուն կը բաննուին  արմաւէնիի եւ ձիթենիի կանանչ ոստեր,որպէսզի հաւատացեալներւ զանոնք տուն  տանին ու պահեն մինչեւ յաջորդ տարուայ նոյն տօնը:Ձիթենիի ճիւղերը խաղաղութեան եւ փրկութեան խորհուրդ ունին ,քանզի ջրհեղեղէն յետոյ ,Նոյան Տապանէն արջակուած աղաւնին վերդարձաւ ձիթենիի ճիւղը կտուցին ՛, Տապանի բնակիչներուն այդպէսով աւետելով  ջուրերու ցամաքումի մասին:
Ծաղկազարդի օրը կը կատարուի նաեւ Դռնբացիկ արարաղութիւնը: Այդ ծիսի իմաստն այն է ,որ Քրիստոս մեզ արժանի  դարձնէ փրկութեան դուռէն ներս մտնելու ,մեր խնդրանքներու ,խոստավանանքի եւ ապաշխարհութեան համաձայն:
Ծաղկազարդի յաջորդ օր, երկուշաբթի մուտք կը գործենք “Աւաք Շաբաթ”ի:
Ծաղկազարդի կիրակի օր հայ ժողովուրդը կը փութայ Եկեղեցի ,Սուրբ Պատարագի եւ արարողութեան ներկայ գտնուելու համար:Ծաղկազարդի տօնը ժողովուրդի կողմէ ամենասիրուած տօներէն մին է,որը կը կապուի նաեւ գարնան բնութեան զարթօնքի հետ:
Այս տօնը ունի նաեւ նախաքրիստոնէական արմատ մը,Արա Գեղեցիկի դիցաբանութեան հետ կապուած. Ինչպէս, աւանդութիւնը կը պատմէ, Արա Գեղեցիկի սպաննութիւնէն յետոյ Շամիրամ անոր անշունչ մարմինը կը դնէ բարձր լեռան մը գագաթին վրայ, անոր վերակենդանացումին միտումով: Այս պատահարը այդ շրջանին եղած է, մեռնող ու յարութիւն առնող բնութեան’ որպէս, խորհրդանիշ:
Ծաղկազարդի օրը ,Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Գարեգին Բ.Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի տնօրինութեամբ հռչակուած է նաեւ “Մանուկներու Օրհնութեան Օր”:
Ծաղկազարդի օր,հայոց եկեղեցիները կը զարդարուին ուռենիի եւ կամ ձթենիին ճիւղերով ,առաւոտուն կը կատարուին ժամերգութիւն եւ Անդաստանի կարգ,յետոյ օրհնուած ճիղերը “Փառք ի բարձունս” շարականի երգեցողութեամբ կը բաժնուին հաւատացեալ ժողովորդին,որոնք կը պահուին մինչեւ յաջորդ Ծաղկազարդ, հաւատալով թէ’ օրհնուած ճիիղերը, հաւատացեալներու եւ իրենց ընտանիքին համար օրհնութիւն ու յաջողութիւն կը բերեն:
Օրհնուած ճիւղերը ժողովուրդի կողմէ կը վերագրուին նաեւ որպէս, բարիքի,առատութեան պտղաբերութեան զօրութիւն:
Անդաստանի արարողութեամբ կ’օրհնուի աշխարհի չորս կողմերը, հանրապետութիւնը,հայրինքը,քաղաքները,վանքերը,
արտերը եւ բնակչութիւնը:
Ծաղկազարդի նախօրեակին երեկոյին կը կատարուի “Դռնբացիկ”ի արարողութիւնը որի ընթացքին շարականներ երգելով կը բացուի եկեղեցւոյ սուրբ խորանի վարագոյրը, խորհրդանշելով Տիրօջ երկրուրդ գալուստը:
Ծաղկազարդը կը կոչուի նաեւ “Ծառազարդ” եւ անմիջականօրէն կապուած է նաեւ “Կենաց Ծառ”ի հետ:
Տոքթ.Սարգիս Ատամ
Ակ:Ծաղկազարդ- ankakh.com
      Ծաղկազարդ-Հոգեւոր կայքէջ-ter-hamparzum.net

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın