İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Սրտամաշուկ ու Ազատամարտիկ Բանաստեղծ – Հայոց ՏանդԷ՚ն

 

“Իմ Կարօտած սրտի համար,ոչ մի ուրիշ հեքեաթ չկայ
Նարեկացու,Քոչակի պես, լուսապսակ ճակատ չկայ
Աշխարհ անցիր,Արարատի նման ճերմակ գագաթ չկայ,
Ինչպէս~անհաս փառքի ճամբա’,ես իմ Մասիս սարն են սիրում
                                                                                       Ե.ՉԱՐԵՆՑ”
ԵՂԻՇԷ  ՉԱՐԵՆՑԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 121-րդ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ԱՌԹԻՒ.
         (13 Մարտ 1897- 27 Նոյեմբեր 1937)
Այս օրերուս հայ ժողովուրդը կը նշէ, մեծանուն ու հանճարեղ հայ բանաստեղծ, կայսրապաշտութեան դէմ պայքարող  եւ կործանուող յոյսերու  ու իրաւունքներու ճշմարիկ պաշտպան, արձակագիր, գրական-հասրակական  գործիչ Եղիշէ Սողոմոմեան-Չարենցի ծննդեան 121- տարեդարձը .

 

 

Չարենց ծնած է, 13 Մարտ (25 Մարտ) 1897 թուականին Կարսի մէջ, ծնողները Պարսկաստանէն Իրանահայեր էին.

Եղիշէ Սողոմոնեան Չարենց 1904-1912 թուականներուն կ’ստանայ սկզբնական  իր կրթութիւնը , նախ Կարսի Ճամպազեան Հայ վարժարանի ապա վերջ Ռուսական դպրոցի մէջ: Ան հազիւ պատանի  հասակին մասնակցած է, Արեւմտահայաստանի օգնութեան փութացող “Հայ Կամաւոր Շարժումին”, ան քսան տարեկան հասակին  սկսաւ, երգել  հայ ժողովուրդի, բազմաչարչար  ու տարապելի կեանքի երգը եւ դարձաւ մեծ բանաստեղծ. Կարճ ժամանակին դարձաւ իր ժողովուդի կործանուող յոյսերուն,իրաւունքներուն ու վերածննդեան իղձերու պաշտպանը ու ազդարարը, իր գրիչով ըմբոստացաւ ու պայքարեցաւ կայսրապաշտութեան շարժումներու եւ  գրաւական քաղաքական հոսանքներու դէմ.

 

Չարենց Ա.Աշխարամարտին  մէջ բռնի ուժով ներքաշուած հայ ժողովուրդի վիճակը, 1915’ի արհավիրքը,1918-1920 թուականներու միջեւ Կարսի,Էրզուրումի մէջ հայերու ապրած ողբերգութիւններու անձամբ ականատես ըլլալով ,այս իրադարձութիւններուն բոլորն ալ  ցոլացուծ իր  ստեղծագործութիւներուն   մէջ:

Չարենց, “Ծաղիկներ հեզ կը թեքուին քամու օրօրին տակ”խորագրեալ,իր առաջին բանեստեղծութիւնով մուտք գործեծ գրական ասպարէզի կեանքին:
Հայրենիքի բախտով ու անոր վերածննդի  յոյսերով  ապրող հանճարեղ  բանաստեղծը ,1915  թուակնաին Կարսի մէջ գրի առած  ու ապա Թիֆլիսի մէջ հրատարակուած “Կապոյտ Աչեայ Հայրենիք” անուն քերթուածով, ան կը պատմէ, իր կեանքը ու հայրենիքի ճակատագիրը:
Չարենց, Հայ ժողովուրդի ապրած ողբերգութիւնէն խոր ձեւով ներշնջուեցաւ եւ  չի կրցաւ զինք մի միայն իր մշակոյթային աշխատանքներով սահմանափակել եւ 1915թուականին,որպէս կամաւոր  զինուոր արձանագրուելով  պատերազմի ճակատ գնաց: Ան,հոն տեսաւ ծննդավայրէն  փրցուած  հազարաւոր հայերու տանջանքը ու տարապանքը, անոնցմէ ներշնջուելով,1916 թուականին գրի առաւ “Տանդէական Առասպել”ը ուր բանաստեղծը կը նկարագրէ, ցեղասպանութեան սարսուռը,սարսափութիւնը, վայրագութիւնը, կոտորածը, թալանը, Գիւղերու ու քաղաքներու կործանումը.

 

Եղիշէ ազգային ողբերգութեան  ծանր տպաւորութեան տակ եւ պատերազմական իրադարձութիւններու զգացումներու ազդեցութեամբ 1916 թուականին  կը գրէ,”Վահագն”անուն քերթուածը, որը կը վերջանայ  հետեւեալ տողերով :

 

“Մեր կեանքի հիմներն, անդունը ընկան եւ արնոտ միգում ճարճատում են դեռ” :

 

Ազգային Երազ,Ամենապոեմ, Չարենցնամէ, քերթուածները, “Երկիր Նայիրի” վէպը , “Ողջակիզուող Կրակ” անուն գործերը իր ստեղծագործութիւններէն մի քանիներն են, որոնց բոլորն ալ  ահաւոր ու տխրելի մորմոնքի անյոյսութեան մէջ,յոյսի ճանապարը փնտռող զգացումերով գրի առնուած են.

 

Հայրենիքի ողբերգութիւնը, անարդարութեան մատնուիլը, կայսերապաշտական  շարժումները, Մեծ Եղեռնը եւ տանջանքները, կորսուած յոյսերը , ազատութեան ու անկախութեան կարօտը´, ժողովուրդի վիշտերը ու ոխերը, անոր ներաշխարհին ազդելով , Չարենցը մխեցին Հայրենիքի վերծննդեան ու վերականգման ազագրութեան պայքարին մէջ. Ան եղած է, ոչ թէ միայն մշակոյթային գործիչ,այլ նաեւ ազգին ահաւոր  մորմոնքի դէմ կռուող ճշմարիտ ռազմիկը.

“Ես իմ անուշ Հայաստանի արեւահամ բառն եմ սիրում” տողերը, Չարենցի հայրենասիրական զգացումներու  ու կարօտին , իր սիրտի մէջ կապուած իղձերուն փոխակերպումն է:
Չարենց  շարք մը իր գործերուն մէջ կ’արտայայտէ նաեւ այդ ժամանակաշրջանի քաղաքական  անարդարութիւնները.
1930 թուականներու Ստալինական հալածանքները ու կեանքի շատ ծանր  պայմաներն իսկ  չի կրցան Չարենցը լռութեան ենթարկել. Ան երբեք չի մոռցաւ իր հարազատ ժողովուրդի վիզին անցուած լուծը, ցաւերը, ողբերգութիւնը ու Ազատութեան ու Անկախութեան կարօտը: Ան 1936 թուականին Կոմիտասին կը նուիրէ,”Լռութիւնը Ահռելի է , Որպէս Մարմարէ Անշարժ Մի Խաչքար ” տողերով սկսող, 27 տողնոց  “Կոմիտասի Յիշատակին” անուն ու 1936-1937 թուականին “Որպէս Գորշ, դեղին տերեւներ”անուն բանաստեղծութիւները:
Չարենց 1937  թուականին ձեռբակալուեցաւ ու բանտարկուեցաւ Երեւանի բանտի մէջ, ինչ փոյթ թէ, կարճատեւ  եղաւ անոր կենդանի ներկայութիւնը վայելելու հրճուանքը,27 Նոյեմբեր 1937 թուականի Երեւանի կեդրոնական բանտի խոնաւ ու պաղ նկուշներէն մէկուն մէջ մահկանացուն կնքեց: Դժբախտաբար մինջեւ այսօր չէ ճշդուած Չարենցի գերեզմանը, ըստ պատմուածքներու , ան թաղուած է Երեւան-Էջմիածին խճուղիի հատուածին մէջ, ձորի մը եզերքը:

 

Սիրտը աղէտներով տոգորուած,փոթորկալից կեանքի տէր, անմահ բանասատեղծ Եղիշէ Չարենց անունը կը յաւերժանայ,Չարենցաւան քաղաքով,Չարենցեան Տուն-Թանգարանով,Երեւանի  զբօսայգիին մէջ երկինք բարձրացող օղակաձեւ կոթողով,Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակի մօտ Չարենցի դպրոցով . Չարենցաւան քաղաքը մինջեւ 1967 թուական կը կոչուէր Լուսաւան, այդ թուականէն  ասդին կը կրէ բանաստեղծին անունը , քաղաքամուտին կը բարձրանայ ,Եղիշէ Չարենցի հարթաքանդակուած դիմանկարը, կրակոտ, փոթորկոտ, քաջ, անվախ, խոհեմ,հպարտ ու կենդանի արտայայտութեամբ .

 

Ան իմաստուն ապրեցաւ մարգարէ մեռաւ: Հայ բանաստեղծութեան մշտավառ հոյակապ բարձունք, Չարենցի գործերը, գաղափարները, պատգամը պիտի անցնին դարէ դար, սերուդէ սերունդ, որը, ինք իր յաւերժութեան համար սա խօսքերը գրի առած է :

“Ես հիմա մի պոէտ

Ես իմ անունը Չարենց

Պիտի վառուի դարերում

Պիտի լինի բարձր ու մեծ.”
 

Ողջոյն ու Յարգանք , Խունկ եւ աղօթք անոր անմահ յիշատակին.

      Տքթ.Սարգիս Ատամ

Օգտագործուած Ակ:Հայկական Հարց Հանրագիտարան-Երեւան 1996.

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın