İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԲԱՐԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀ ԳԻՐՔԵՐ, ՃԱՆԱՊԱՐՀ ԲԱՐԻ

Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան

Մեր կեանքի ընթացքին, շատ բաժանումներ տեսած ենք, բարի ճանապարհ մաղթած ենք մարդկանց՝ սիրելիներու, ընկեր-ընկերուհիներու, հարազատներու: Բոլոր բաժանումները իրենց դառն եւ ուրախ զգացական  աշխարհին հետ, հասարակած գիծ մը ունին… բոլորն ալ բարի կամեցողութեան վրայ կառուցուած են: Բաժանումէն ետք, բարի մաղթանքներով կը յուսանք, որ հեռացողը աւելի լաւ «տեղ» մը կ՛երթայ:

Մեր բաժանումը տարբեր էր… մարդ չէր, որ ճանապարհ պիտի դնէինք:

Բարի ճանապարհ պիտի մաղթէինք գիրքե՜րու, ՀԱՅԵՐԷ՜Ն ԳԻՐՔԵՐՈՒ…

Այս «անշունչ առարկաներ»ով սնած ու մեծցած էինք, դաստիարակուած էինք, զանոնք շնչած էինք, ապրած էինք,  երեւակայութեան աշխարհներ ճամբորդած, հրճուած, յուզուած, եւ հպարտացած էինք անոնցմով: Հարազատութիւն մը ստեղծուած էր մեր եւ այս «անշունչ» իրերուն միջեւ:

Բայց ինչպէս Սողոմոն Իմաստուն կ’ըսէ. Ամէն ինչ իր ժամանակը ունի: Մենք ալ ժամանակի «նաւակին» մէջ տարուբերող էակներ ենք՝ յարմարուելու անոր պարտադրած քմահաճոյքներուն:

Նիւ Եորքի Հայ Կեդրոնը վաճառուած է: Բոլոր իրերը, կահ կարասիները  պէտք է դուրս հանուին նախ քան նոր տէրերու մուտքը շէնքին մէջ: Այդ դուրս դրուող իրերուն ամենէն էականը՝ ՀԱՅ ԳԻՐՔն էր:

Բայց Հայ գիրքը պէտք չէ որբանայ: Ան միշտ հոգատար ծնողի, որդեգրողի պէտք ունի:  Երբ Հայ գիրքը որբանայ, ազգի մը անկումի ախտանշաններն են որ կը բացայայտուին:

Որբութենէ ազատելու մտահոգութիւնը կլանած է բոլորս: Տուն մը, վայր մը, հոգատար շունչերու որոնումը մեր մտահոգութեանց կեդրոն է:

Իրենց մէջ արիւն ու քրտինք պարփակած, մարդկային միտք ու հոգի ամբարած այս «անշունչ» էակները  վաղը ճամբայ պիտի ելլեն Նիւ Եորքի Հայ Կեդրոնէն ՆՈՐ ՏԱՆ մը  մէջ, ՆՈՐ միջավայրի մը մէջ շարունակելու իրենց առաքելութիւնը:   Նոր սերունդեր պիտի այցելեն իրենց: Նոր սերունդներ պիտի սորվին, ոգեւորուին անոնցմով: Պիտի գուրգուրան անոնց վրայ: Պիտի չթողնե՛ն որ փոշիներու տակ ցեցոտին… որբանան: Անոնց պիտի այցելեն թէ՛ մատշաղ, թէ՛ հասուն սերունդները:

Պատմակա՞նը մեր գրադարանին եւ անոր մէջ կայք հաստատած մեր գիրքերուն:

Նիւ Եորքի Համազգայինի գրադարանը հարիւր տարուան պատմութիւն մ’ունի:

Եղեռնէն ճողոպրած եւ Ամերիկա հաստատուած առաջին սերունդը, հասկցաւ եւ գնահատեց Հայ Գիրքի ոգիի՛ն ուժը, անկէ բղխած հոգիներ լուսաւորող կենարար ճառագայթը: Նիւ Եորքի ՀՅԴ Արմէն Գարօ կոմիտէութիւնը, իր հաստատման առաջին օրէն կազմեց իր գրադարանը՝ հաւաքելով, մէկտեղելով՝ կորուստէ փրկելով այբուբենի սիւներով կազմուած Հայ մտքի տաճարները: Նիւ Եորքի նման կլանող միջավայրի մը մէջ, մեր յարգարժան ընկերները, Լէքսինկթըն Պողոտայի վրայ համեստ սենեակ մը վարձած էին, որուն մէկ պատը ծայրէ ծայր կը զարդարէին հայկական գիրքերը:

Սակայն, ինչպէս միշտ, ժամանակը աւելի արագ կը ընթանայ քան անոր պահանջներուն յարմարուիլը Հայուն կողմէ:

Այս անգամ, գիրքերը Լեքսինկթըն Պողոտայէն տեղահան եղան  իրենց տէրերուն պէս…: Պէտք էր տեղափոխուէին: Եւ եկան ծուարելու Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ առաջին յարկի սենեակը: Չեմ գիտեր ինչո՞ւ կը մտաբերեմ՝ ”ծիծեռնակը բոյն է շինում եւ շինում է եւ երգում, ամէն մի շիւղ կպցենելիս, առաջուան բոյնն է յիշում…’’ երգի բառերը:

Արմատախիլ եղող օրհնեալ սերունդը դէմ յանդիման կը գտնուէր կեանքի անողոք իրականութեան դէմ… Վերջին դարու վաթսունական եւ եօթանասունական թուականներուն այդ սերունդը իր դիմադրական վերջին  շարքերուն հասած էր: Կեանքի ալիքներուն դէմ ճակատամարտին յաղթանակը  ժամանակի՛ն կը պատկանէր այլեւս: Սակայն կորուստէ փրկեր էին իրենց վստահուած գիրն ու գրականութիւնը:

Յիսո՜ւն տարի, յիսուն տարի գուրգուրանքով պահուած գիրքերը այս անգամ նոր պատսպարան կ’որոնէին:

Բարեբախտաբար Հ.Յ.Դ.-ի եւ Հ.Օ.Մ.-ի ճիգերով գնուեցաւ Նիւ Եորքի Հայ Կեդրոնը: Այս անգամ Նիւ Եորքի Համազգայինին վստահուեցաւ գիրքերուն պահպանումը: Սերնդափոխութիւնը ժամանակին տեղի ունեցած էր: Եւ Հայ Կեդրոնին մէջ, պատկառելի դասաւորումով մը գիրքերը քով-քովի հպարտօրէն շարուեցան: Անոնց եկան միանալու նոյն թիւով նոր գիրքեր: Հինն ու նորը նոր մտերմութիւն մը ստեղծեցին:

Հետաքրքրական էր պատկերը: Գունատած, դեղնած հին գիրքերուն քովիկը եկան նոր, ճերմակ էջերով գիրքերը՝ բարեկամական, զօրակցական պայծառ պատկեր մը  ներկայացնելով: Ուշադիր աչքէ չէր կրնար վրիպիլ՝ հինի ու նորի միաձուլումը, մէջք-մէջքի տալը՝ ՅԱՐԱՏԵՒՈՒԹԻՒՆԸ:

Յիսուն տարի ետք, պատմութեան նոր հանգրուան մը կը մտնէին գիրքերը: Որբ չէին: Հոգատար ձեռքերու մէջ էին:

Նիւ Եորքի Համազգայինի գրադարանը դարձաւ այն վայրը, ուր մարդիկ իրենց գիրքերը վստահեցան՝ պահ դնելու համար ապագային համար:

Յիսնամեակ մը շարունակ, Նիւ Եորքի Համազգայինը որդիական ամենաազնիւ կեցուածքը ցուցաբերեց գիրքերուն նկատմամբ եւ այդ հիմնաւորուած էր սկզբունքի մը վրայ՝ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՏԱՄՔԻ՛Ն:

Բայց… դարանակալ ժամանակը յորձանուտ ովկեանի մը նման, ժանիքները սրած, այս անգամ ափ կու գար… առաջին թիրախը Հայոց Լեզուն էր եւ անոր հետ հարազատօրէն առնչուող եւ մերուող Հայ Գիրքը:

Նորէն տնահան պիտի ըլլային գիրքերը:

Նիւ Եորքի Համազգայինը մտահոգուած գիրքերու ապագայով, անոնց Նոր Տուն որոնեց: Տուն մը, որ ըլլար հարազատ, ոչ միայն որպէս վայր, այլ՝ որպէս հոգեւոր եւ ոգեւորող տուն: Տեղ մը, ուր գիրքերը գտնէին իրենցմով հետաքրքրուող մարդիկ: Տեղ մը, ուր Հայոց Լեզուն կենդանի ներկայութիւն էր, տեղ մը, ուր մարդիկ Հայերէն կը խօսին, Հայերէն կը մտածեն, Հայերէնով կ՛ոգեւորուին եւ Հայերէնով կ՛աճին ու կ՛ուռճանան: Տեղ մը, ուր գիրքերու բովանդակութիւնները պատմութեան շղթաներ կրնան ըլլալ՝ շաղկապելու անցեալը, ներկան ու ապագան:

Այդ իսկ մտահոգութիւններով, կապեր հաստատուեցան Արցախի Կրթական Նախարարութեան հետ՝ Ստեփանակերտի համալսարանի եւ յարակից կրթական օճախներուն մէջ պահ դնելու գիրքերը, որպէս աւանդ յաջորդ սերունդներուն համար:

Տեսնելու էր Նիւ Եորքի Համազգայնականներու եւ գրասէր բարեկամներու գուրգուրանքը երբ գիրքերը հոգատարութեամբ կը զետեղուէին արկղներու մէջ: «Յիսուն փաունտը չանցնի» կը յուշէին մէկզմէկու: Եւ այսպէս երբեմնի դարաններու մէջ զինուորներու պէս  շարուած գիրքերը, կը զետեղուէին 50 արկղներու մէջ, կը պատրաստուէին նոր ճամբորդութեան մը… դէպի Հայրենիք…Արցախ:

Ապագայի պատմաբանը պիտի նշէ գիրքերուն պատմութիւնը ըսելով՝ Յիսուն տարի Հ.Յ.Դ. – Յիսուն տարի Համազգային – մնացեալ ՅԻՍՈՒՆՆԵՐԸ՝ Արցախ… Յաւերժութիւն…

Թափառիլը աւարտած է..

Գիրքերը արկղներու մէջ քով քովի շարուած, Ուրբաթ, Մարտ 8ին, կ.ե. ժամը 4ին,

Նիւ Եորքի Հայ Կեդրոնէն ճամբայ ելան դէպի նաւահանգիստ, անկէ՝ ՆՈՐ եւ վերջնական ՀԱՆԳՍՏԱՐԱՆ…

ԲԱՐԻ ՃԱՆԱՊԱ՛ՐՀ, ՍԻՐԵԼԻ ԳԻՐՔԵ՛Ր… ՃԱՆԱՊԱ՛ՐՀ ԲԱՐԻ…


https://hairenikweekly.com/2018/03/12/34720

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın