İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՏՐ. Վերժին Տէօշէմէճեան (1902 – 6 Մայիս 1992)

Վերժին Սէմէրճեան ծնած է Արաբկիր՝1902 թուականին:Տակաւին երկու տարեկան մանուկ հասակին երկար ու տաժանելի ճամբորդութիւնէ մը վերջ կը հասնի Պոլիս իր ծնողաց Նեկտար եւ Վահան Սէմէրճեանի հետ միասին:

 

Նախակրթութիւնը կը ստանայ Գումգափուի Պէզճեան Մայր Վարժարանէն: Յետոյ կը յաճախէ Պաքըրքիւղի Պէզազեան Իտատին-Լիսէ-ուրկէ վկայուելէ անմիջապէս վերջ իր ուսուցիչներու քաջալերութեամբ կը սկսի դասաւանդել Պէզճեան, Պօղոսեան-Վարվառեան ու Պէզազեան վարժարաններու մէջ: Ինը տարիներ վերջ առանձ թողելու իր ուսուցչական պաշտօնները, կը սկսի աշակերտել նաեւ Իսթանպուլի Համալսարանի Ատամնաբուժական ճիւղին ուրկէ կը վկայուի 1934 թուականին: Իր անձնական դարմանատունը բանալով ակամայ կը ստիպուի հեռանալ ուսուցչութիւնէ:

 

Կամուսնանայ նոյնպէս ատամնաբոյժ Վռամշապուհ Տէօշէմէճեանի հետ, 1939 տարւոյ սկիզբը կունենայ մանչ զաւակ մը:

 

Այր ու կին Սիրքէճի եւ Գումգափուի մէջ կունենան զատ դարմանատուններ, սակայն կը հասնին նախ  Քսան Դասակարգի զինուորագրութիւնը եւ յետոյ Ունեւորութեան Տուրքը: Տուրքի վճարման համար ստիպողաբար ձեռքէ հանելով գործատեղիներէն մին կամփոփուին մէկ դարմանատան մէջ՝ ի Գումգափու: Ինք կը շարունակէ գործել իբր ատամնաբոյժ այս դարմանատան մէջ մինչեւ 1960 Սահակեան վարժարանի տնօրէնութեան շրջանի սկիզբը: Յետոյ գործատեղին վերջնականապէս կը փակուի իր ամուսնոյն մահուընէ վերջ 1969 ին:

 

Երբ 1951 տարւոյ Աստուածածնայ տօնին նախօրեակին կը հրկիզուի նորակազմ Պէզճեան Սանուց Միութեան խարխուլ շէնքը, իր գործակից ընկերներով – մեծամբ նախկին աշակերտներ-կընտրուի Միութեան վարչութեան անդամ եւ երկար տարիներ կը վարէ ատենադպրութեան պաշտօնը: Այդ շրջանին ի հիմանէ կը կառուցուի Միութեան նոր շէնքը որ բացումէն անմիջապէս վերջ կը դառնայ Պոլսահայ մշակութային կեանքի կարեւոր կեդրոններէն մին: Տարիներ վերջ երախտագէտ Պէզճեանցիներ այս շէնքին մեծագոյն սրահը իր անունով կը կոչեն ՝՝Վերժին Տէօշէմէճեան Լսարան՝՝:[1]

 

Պէզճեան Սանուց Միութեան վարչային պաշտօնին աւարտին այսինքն 1950 ական թուականներու երկրորդ կիսուն օրուան Հոգաբարձութիւնէն հրաւէր կստանայ վերակազմակերպելու Ս.Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Տիկնանց Յանձնախումբը որ դադրեցուցած էր իր գործունէութիւնը որոշ ժամանակէ մը ի վեր:Ընդունելով այս պատուաբեր պաշտօնը կատենապետէ արժէքաւոր եւ աշխատասէր տիկիններու խումբի մը որոնց բծախնդիր ջանքերը հիմը կը հանդիսանան յաջորդող տարիներու Տիկնանց Յանձնախումբերու գործունէութեան:Իսկ այդ շրջանին Հիւանդանոցի մէջ  իրենց կրած կապտագոյն շապիկներն ալ պատճառ կը հանդիսանան խումբին Կապոյտ Հրեշտակներ կոչուելուն:

 

1960 թուականին երբ Սամաթիոյ թաղական Խորհուրդը կը որոշէ միջնակարգի վերածել Սահակեան–Նունեան նախակրթարանը կը հրաւիրուի ստանձնել վարժարանի տնօրէնութեան պաշտօնը: Տարիներու կարօտով անմիջապէս կընդունի առաջարկը եւ կը վարէ Սահակեանի տնօրէնութիւնը լման տասնըմէկ տարիներ՝ (1960-1971) որոնց ընթացքին վարժարանը կօժտուի նաեւ լիսէի բաժնով: Լիսէի տնօրէնութեան առընթեր կը դասաւանդէ Հայերէն լեզուն եւ գրականութիւնը:

 

Հայերէն գրականութեան դասերու օգտակար հանդիսանալու նպատակաւ պատրաստած է ՝՝Հաւաքածոյ Արեւմտահայ Գրողներու՝(4 հատոր) հատոր եւ ՝Համառօտ Պատմութիւն Հայ Գրականութեան՝՝ անուանեալ գիրքերը որոնք արժանացած են բազմաթիւ տպագրութիւններու եւ կը շարունակեն իբր դասագիրք ծառայել գրականութեան աշակերտութեան:

V.D kitap 1

Անդամակցեցաւ Թրքահայ Ուսուցչաց Հիմնարկի Վարչութեան եւ այդ շրջանին Տիրատուրեան քոյրերու հետ պատրաստեցին նախակրթարաններու Դ. եւ Ե. դասարաններու հայերէն ընթերցանութեան գիրքերը:

 

Կաշխատակցեր Ժամանակ եւ Մարմարա օրաթերթերուն ինչպէս նաեւ Ս.Փրկիչ ամսաթերթին հրատարակելով բազմաթիւ յօդուածներ զանազան նիւթերու մասին:

 

Թուղթը, մատիտն ու գիրքը միշտ ձեռքը իր հոգին կաւանդէ 6 Մայիս 1992 թուականին Ս.Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցը, հողին կը յանձնուի Պալըքլըի ընտանեկան դամբարանին մէջ:

[1] Դարձեալ նոյն տարիներուն Պոլսահայ համայնքին մէջ մեծ շարժում կստեղծէ Պէզճեան Ամիրաի կիսանդրիի շինութիւնը:Գործը կսկսի Տիկին Լիլի Գօչունեանի առաջարկով,Պէզճեան Սանուց Միութեան նախաձեռնութեամբ ու Պրն,Էրօլ Սարաֆեանի քանդակած կիսանդրին կը զետեղուի Ամիրայի դամբարանին վրայ, Մայր Եկեղեցւոյ կից Ս, Յարութեան տաճարին մէջ:

Գրեց ու թարգմանեց Գրիգոր Տէօշէմէճեան

 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın