İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՓՈՔՐԱՄԱՍՆԱԿԱՆ ԹԵՐԹԵՐՈՒ ԽՄԲԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎ

Իսթանպուլի մէջ հրատարակուող փոքրամասնական թերթերու հրատարակութեան տնօրէնները եւ գլխաւոր խմբագիրները երէկ իրիկուն ժողով մը գումարեցին։ Ժողովը կայացաւ հրեայ համայնքի շաբաթաթերթ »Շալօմ« թերթի խմբագրատան մէջ, թերթի հրատարակութեան տնօրէն Իվօ Մոլինասի հրաւէրով։

Թերթիս անունով ժողովին մասնակցեցաւ մեր հրատարակութեան տնօրէն Արի Հատտէճեան։ Ներկայ էին նաեւ »Ժամանակ« օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան, »Ակօս« շաբաթաթերթի հրատարակութեան ընդհանուր տնօրէն Եդուարդ Տանձիկեան, »Շալօմ« թերթի հրատարակութեան ընդհանուր տնօրէն Իվօ Մոլինաս եւ Վագըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան մէջ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ Մորիս Լէվի։ Յոյն համայնքի երկու թերթերու խմբագիրները, հրաւիրուած ըլլալով հանդերձ, չկրցան մասնակցիլ ժողովին։

Շուրջ երկու ժամ տեւողութեամբ ժողովի ընթացքին օրակարգի բերուեցաւ մասնաւորաբար »Պասըն իլան քուրումու«ի կողմէ փոքրամասնական թերթերուն կատարուած տարեկան օժանդակութիւնը։ Զանազան այլ նիւթերու շուրջ կարծիքի փոխանակութիւններ ալ կատարուեցան։ Ժողովը վերջացաւ մօտիկ ապագային դարձեալ մէկտեղուելու որոշումով։


http://www.normarmara.com/arsiv2018-1/070318lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın