Տօքթ. Սարգիս Ատամ
Անշուշտ թէ’, մահուան լուր մը իմանալ մարդուս ներաշխարհի մէջ ցաւի ու տխրութիւնի ծնունդ կու տայ, սակայն,երբ որ ,ազգականի մը, ծանօթի ,ընկերի ,բարեկամի ,սիրեցեալի մը մահուան լուրը իմանալն ալ աւելի յուզիչ եւ թախիծալիվ ցաւ է,դառն ու թախցալիծ վիշտ կը պատճառէ, սիրտի խոր ցաւ է,մեզի կը ցնցէ:
Երբ որ, Մուրատ Պէպիրօղլուի մահուան գոյժը լսեցի յանկարծ ցնցուեցայ ,քայքայուեցայ ու ընկճուեցայ, պահ մը լեզուս բակուեցաւ :
Մենք քրիստոնեաներս համազուած ենք որ, անցաւոր աշխարհի մէջ մարմինը ֆիզիքապէս մը մեռնի իսկ երկնային հանդերձեալ աշխարհի մէջ հոգին ի յաւետ կ՛ապրի,նոյնպէս ալ ,մեր մէջ ի յաւետ պիտի ապրի հանգուցեալ Մուրատի անթառամ յիշատակները:
Հոգելոյս Մուրատ Պէպիրօղլու.
Դուն Պոլսահայ գաղութի արժէքաւոր զաւակներէն մին էիր,լռիկ մնջիկ համայնքի օգտաշատ աշխատանքներ կը տանէիր,գլխաւոր խմբագիրը էիր համացանցային ՛՛ Հայ Թերթ՛՛ եւ նաեւ ՛՛ Հայ Լիսթ՛՛ կայքէջերուն: Ողջգոհ ու հաւասակշռեալ մտածումի տէր խոնարհ անձնաւորութիւն մըն էիր : Հեղինակն էիր բազմաթիւ յօդուածներու ու ուսումնասիրական գրութիւններու, ուսումնասիրած էիր նաեւ, Օսմանեան Սահմանադրութիւնը եւ Լոզանի Դաշնագիրը ,որոնց մասին ,2003-ին գրի առած եւ հրատարակած էիր ՛՛Թանզիմաթէն-Բարենորոգուն- մինչեւ եկրրորդ Մէշրութիյէդ-Սահմանդրութիւն- Հայոց Կանոնակարգը՛՛,իսկ 2009-ին ՛՛Օսմանեան Իշխանութեան Ոչիսլամներու Կանոնակարգը՛՛ անուն գիրքերը.
Հանգելոյս, Մուրատ,17 Փետրուար 2018 թուականին, մեզմէ անվերադարձ բաժնուած օրին տարելիցին ակնածանքով պիտի ոգեկոչուի քու բարի ու անթառամ յիշակատներդ, քու սիրեցեալ կողակիցդ, որդիներդ,թոռնիկներդ, ազգականներդ եւ ընկերներդ հողակոյտիդ շուրջ պիտի հաւաքուին ու պիտի աղօթեն, քու հոգւոյդ ,խաղաղութեան ,հանգիստութեան, լուսաւորութեան ու նաեւ եթէ’ ունիս , մեղքերուդ թողութեան համար: Կան, այնպիսի ընկերներդ ,որոնք ,շատ հեռու ափերու մէջ կ’ապրին եւ պիտի չի կարողանան քու անդարձ մեկնումի տարելիցի արարողութեան ներկայ գտնուիլ եւ հողակոյտդ այցելել: Ես,այդպիսի ընկերներդ մէկն եմ,սակայն ես նոյն այդ օրը 17 Փետրուար 2018 թուականին, քու հոգւոյդ համար պիտի աղօթեմ ու անթառամ յիշատակիդ համար մոմ պիտի վառեն:
Քու, անվերադարձ մեկնումով մեր սերուդը, Պոլսահայմտաւաորականութիւնը ,համայնքը ու Պոլսաահայ Ինթէրնեթային մամուլը ,իր լաւագոյն ու թանկագին ներկայացուցիչներէն մին կորսունցուծ: Դուն տարիներու նուիրումով , մեր համայնքային, մշակաոյթային,ու հասարակական կեանքի մէջ անհերքելի ու շահեկան դերակատարութիւններ ունեցար,բազմիցս հարցերու լուծումներ առաջարկեցիր, “Սէր” բարեգործական միութիւնը հիմնելով , ջանացիր,Պոլսահայ համայնքի չքաւորներուն ու կարոտեալներուն կարիքներու գոհացում տալ ու տօնական օրերուն նուերներ բաժել եւ այլ բազմիցս բարի գործերու հեղինակը եղար, որոնք պիտի յիշուին երախտագիտութեամբ:
Քու բիւրեղեայ մաքուր սիրտը բաբախեց ու նաեւ շինարար,յառաջադիմական ու խաղաղասէր գրիչդ ,մինչեւ իսկ կեանքիդ վերջին պահը , գրեց մեր ազգին ու համայնքին ծառայելու համար, որը մեծ առաքինութիւն մըն է: Հպարտացանք մենք քեզմով.
Գիտեմ որ, այս պահուն,քու սգակիր կողակիցդ , որդիներդ ու թոռներդ սփոփելու ու մխիթարելու, անոնց վիշտը մեղմացնելու ու սիրտերու մէջ բացած վէրքը դարմանելու համար բառերը տկար են:Սակայն,ես անոնց սրտանց կը մաղթեմ ուժ ու կորով ,այս ցաւին դիմակայելու եւ այս շատ ծանր ու անփոխարինելի կորուստի համար:
Գիտեմ որ, այս պահուն,քու սգակիր կողակիցդ , որդիներդ ու թոռներդ սփոփելու ու մխիթարելու, անոնց վիշտը մեղմացնելու ու սիրտերու մէջ բացած վէրքը դարմանելու համար բառերը տկար են:Սակայն,ես անոնց սրտանց կը մաղթեմ ուժ ու կորով ,այս ցաւին դիմակայելու եւ այս շատ ծանր ու անփոխարինելի կորուստի համար:
Դուն հանգիստ ննջէ, քու սիրեցեալ ընտանիքիդ անդամները, ազգականերդ ու ընկերրներդ կը մխիթարուին քու բեղմնաւոր կեանքով եւ պիտի հպարտանան քու թողած վաստակով ու պիտի շարունակեն նաեւ ապրիլ քու անմոռանալի ու անթառամ յուշերով:
Աստուած քու հոգիդ լուսաւոր օդեաններու արժանի ընէ,իսկ սգակիր կողակիցիդ,զաւակներուդ, ընտանեկան պարագաներուդ ու սիրեցեալներուդ , հայ մամուլին ու ”Հայաթերթ” ինթէննէթային թերթի անձնակազմին մխիթարութիւն պարգեւէ.
Յիշատակն արդարոց Օրհնութեամբ եղիցի,վաստակն ապրողաց Օրհնեալ եղիցի.Ամէն.
Աստուած Հոգիդ Լուսաւորէ
Գերմանիա
İlk yorum yapan siz olun