İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍԻՐՈՅ եւ ԽՈՀԵՄՈՒԹԵԱՆ ՁԱՅՆ ՄԵԾԱՏԱՂԱՆԴ ՀԱՅ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՆԵՐԷՆ ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 140-րդ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ԱՌԹԻՒ (21 Յունուար 1878- 4 Ապրիլ 1945)

Ծնած է 1878 թ. հունվարի 21Յունուր 18782 թուականին Իսթանպուլ- Օրթագիւղ թաղամասի մէջ։ նախնական կրթութիւնն ստացած է ծննդավայրը Իսթանպուլի Ներսիսեան,Պերպերեան, Կեդրոնական  հայոց վարժարանի մէջ: 1896 թ. որպես առևտրական պաշտոնեայ կը մեկնի Եվրոպա, եւ կը հաստատուի Եգիպտոս։ Կ՛աշխատակցի արևմտահայ պարբերականներուն մէջ, իսկ 1905 թուակնին կը  հիմնադրէ «Շիրակ» պարբերականը ։

Օսմանեան Կայսրութեան Համիտեան բռնակալութեան անկումէն  յետոյ  «Շիրակը» պարբերաթերթը կը  տեղափոխուի Իսթանպուլ : Թէքեան կը հաստատուի  Իսթանպուլի մէջ ու կը մասնակցի հայ ազգային ու հասարական կեանքի իրադարձութիւններուն: 1914 թ. կրկին կը մեկնի Եգիպտոս եւ կարճ ատենէ մը վերջ, դարձեալ  կը վերադառնայ Իսթանպուլ եւ կը խմբագրէ  «Ժողովուրդի ձայն» օրաթերթը, ապա  կ՛ստանձնէ Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը։

Պո­լիս վե­րա­դար­ձը ­Թէ­քէեա­նի առ­ջեւ լայն աս­պա­րէզ բա­ցաւ ոչ միայն գրա­կան-ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տան­քի, այ­լեւ քա­ղա­քա­կան իր հա­մո­զում­նե­րուն ուղ­ղու­թեամբ գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լե­լու ա­ռու­մով։ Ա­կա­նա­տե­սը դար­ձաւ Ա­տա­նա­յի կո­տո­րա­ծին, որ խոր հետք ձգեց ­Թէ­քէեա­նի «­Հա­յեր­գու­թիւն» շար­քի բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րուն վրայ։ Ան նաեւ ե­ղաւ հիմ­նա­դիր ան­դամ­նե­րէն մէ­կը ­Հայ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան-Ա­զա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան (հե­տա­գա­յին՝ 1920ին կազ­մո­ւած ­Ռամ­կա­վար Ա­զա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան նա­խա­կա­րա­պետ­նե­րէն), որ աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ Օս­մա­նեան ­Խորհր­դա­րա­նի աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ։

Քաղաքական կեանքի պատճառներով կ՛ ստիպուեցաւ  կրկին ապաստան գտնել Եգիպտոսի մէջ, ուր մինչև կեանքի վերջը կը խմբագէ «Արեւ» օրաթերթը։

Մահացաւ 4 Ապրիլ1945 թուականին Եգիպտոս եւ թաղուեցաւ, Գահիրէի հայկական գերեզմանատան մէջ։

Վահան Թէքէեանի ստեղծագործութիւնները ,Հայ բանաստեղծութեան հարուստ աշխարհի մէջ ունին  իրենց ուրոյն ու չքնաղ  տեղը :

1901 թ. Փարիզի մէջ  հրատարակուեցաւ Թէքէյանի բանաստեղծությունների  առաջին ժողովածոն՝ «Հոգեր»ը եւ յաջորդաբար հրատարակուեցաւշ«Հրաշալի Յարութիւն» (1914), «Կէս գիշերէն մինչեւ Արշալոյս» (1919), «Սէր» (1933), «Հայերգութիւն» (1943) և «Տաղարան» (1944) ժողովածուները։

Թէքէեանի գործերը ռոմանդիզմի իւրօրինակ  համադրութիւն մըն է:Ան ոչ միայն  բանաստեղծութիւններու  հեղինակ է այլ նաեւ գրած է ,հայ գաղութային կեանքի ու ազգային -ազատագրական շարժումներու մասին պատմուածքներ ,ճանապարագրքւթիւններ,յօդուածներ:Անոր գրիչը, փիլիսոփայական  միտքը մը ունէր .Թէքէեան  թարգմանաց է նաեւ Շէքսպիրի,Վիքթօր Հիւկոյի,Օսքար Վալտի գործերը.

Թէքէեան դարձաւ հայ ժողովուրդի ճակատագրի գլխաւոր երգիչը: Տարգրութեան տարիներուն մեծ եղաւ անոր ներդրումը ,նաեւ նորահաս սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան ,ինչպէս նաեւ մշակութային աշխոյժ կեանքի ստեցծաման մէջ:

Վահան Թէքէեան ամբողջ հայութեան  հոգեմտաւոր հարստութեան մաս կը կազմէ եւ ազգային հպարտութիւն մըն է

Անոր անունով կնքուած է Հայ կրթական ու մշակութային  միութիւններ:

 

Տօքթ.Սարգիս Ատամ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın