İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Լոյս տեսաւ Ռ. Հատտէճեանի նոր գիրքը «ՄԱՐԴԻԿ, ՈՐՈՆՔ ԱՆՑԱՆ ԿԵԱՆՔԻՍ ՄԷՋԷՆ»

Հաճոյքով կը հաղորդենք թէ գիրքի ձեւով հրատարակուեցաւ ու այսօրուընէ սկսեալ գրասէրներու տրամադրութեան տակ կը դրուի մեր Խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի նոր գիրքը, որ «Մարդիկ որոնք անցան կեանքիս մէջէն» շարքի երեք հատորներէն առաջինն է։
Ինչպէս ընթերցողները կը յիշեն, այս շարքին մէջ հեղինակը կարօտալից ու սիրոյ զգացումներով կը խօսի անձերու մասին, որոնք անցան իր կեանքին մէջէն ու բանով մը իրենց ազդեցութիւնը թողուցին։ Շարքը պիտի ամբողջանայ երեք հատորներով։ Գիրքին մէջ տեղ տրուած է նաեւ յիշուած անձերէն ոմանց լուսանկարներուն։

Հեղինակը կը գրէ թէ մեռնողները կը շարունակեն ապրիլ զիրենք յիշողներու շնորհիւ։ Երբ կուտանք անոնց անունները, կը փոխադրուինք դէպի անցեալ, կարօտով կը յիշենք ապրուած կամ չապրուած հին օրերը։

Գիրքը կը կազմէ  «Յուշատետր» շարքի 88րդ հատորը։ Շարքին յաջորդ երկու հատորներն ալ պիտի հրատարակուին շուտով։

http://www.normarmara.com/arsiv2018-1/090118lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın