Լոյս տեսաւ մեր Խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի «Պտոյտ մը հայոց լեզուի բառարանին մէջ» շարքի տասներորդ ու վերջին հատորն ալ։ Այս հատորը, որ «Յուշատետր» շարքի 87րդն է, կը բովանդակէ մեր լեզուի գեղեցկութեան ու ծանօթացման նուիրուած յօդուածներու վերջին շարքը որ կþերկարի 730 թիւ յօդուածէն մինչեւ 804 թիւ յօդուած։
804 յօդուածներով ուրեմն այս շարքին հեղինակը պտոյտ մը ըրաւ մեր լեզուի բառարաններուն ու գեղեցկութիւններուն մէջ, նաեւ ծանօթ կամ անծանօթ ոլորտներէ ներս, ընթերցողներուն հետ ձեռք ձեռքի, սիրտ սիրտի ման եկաւ հայոց լեզուի գեղեցիկ բառերուն միջեւ, նորութիւններ փնտռեց ու գտաւ, անդրադարձաւ եւ ուրիշներուն ալ յիշեցուց թէ որքան ալ լաւ գիտնանք մեր լեզուն, տակաւին շատ բան կայ զոր չենք գիտեր, թէ ամէն լեզուի նման, մեր լեզուն ալ ունի անպեղելի խորութիւններ, եւ թէ մէկը եթէ կը սիրէ իր մայրենին, պարտի լաւ գիտնալ զայն ու լաւ գործածել զայն։
Ռ. Հատտէճեան այս հատորին նախաբանին մէջ կը գրէ որ պտոյտը կը վերջանայ թուղթի վրայ, բայց դեռ կը շարունակուի մեր միտքերուն մէջ։ «Առիթներ պիտի չպակսին որպէսզի որքան ատեն որ այս երկրագունտին վրայ ենք, յանկարծ էջ մը բանանք սիրելի բառարանէ մը ու հարց տանք անոր թէ ինչ կայ, ինչ չկայ որպէս նորութիւն» կը գրէ հեղինակը։
Ինչպէս նախորդներուն, այս հատորին ալ կողքը ձեւաւորուած է Արի Հատտէճեանի կողմէ։ Էջադրութիւնը կատարուած է Նաիրա Սիւզմէի, փորձերուսրբագրութիւնը կատարուած է Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի կողմէ ու գիրքին տպագրութեան վրայ հսկած է Կարօ Համամճեան։
Փափաքող ընթերցողներ կրնան գիրքէն օրինակ մը ապահովել դիմելով Խմբագրատուն կամ մեր թերթի ցրուիչներուն։
Yorumlar kapatıldı.