İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ժամանակ Jamanak Օրաթերթ: ՈՉ ԵՒՍ Է ՄՈՒՐԱՏ ՊԵՊԻՐՕՂԼՈՒ

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ ե­րէկ իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է մեր հա­մայն­քի յայտ­նի գոր­ծիչ­նե­րէն Մու­րատ Պե­պի­րօղ­լու։ Դժբախ­տա­բար ան վեր­ջին շրջա­նին կը տա­ռա­պէր ա­նո­ղոք հի­ւան­դու­թե­նէ եւ ե­րէկ Ա­մե­րի­կեան հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ ա­ւան­դած է իր հո­գին՝ խոր սու­գի մատ­նե­լով իր ըն­տա­նիքն ու բա­րե­կա­մա­կան շրջա­նակ­նե­րը։

Մու­րատ Պե­պի­րօղ­լու 1942 թուա­կա­նին ծնած էր Ա­րաբ­կի­րի մէջ։ Ծննդա­վայ­րին մէջ սկսած ու­սում­նա­ռու­թիւ­նը շա­րու­նա­կած էր Սուրբ Խաչ դպրե­վան­քի մէջ։ Ա­պա յա­ճա­խած Իս­թան­պու­լի հա­մալ­սա­րա­նը, ուր­կէ վկա­յուած էր որ­պէս տնտե­սա­գէտ։ Յա­ջոր­դող տա­րի­նե­րուն ան գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լած էր հա­սա­րա­կու­թեան հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ո­լոր­տէն ներս՝ հիմ­նե­լով գո­վազդ­նե­րու գոր­ծա­կա­լու­թիւն մը։ Այդ գետ­նին վրայ ձեռք բե­րած էր դրա­կան համ­բաւ եւ հե­ղի­նա­կու­թիւն։ Մու­րատ Պե­պի­րօղ­լու հա­մայն­քա­յին կեան­քին ալ մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէր իր մտա­ւո­րա­կան պա­շա­րով։ Հե­ղի­նա­կած էր գիր­քեր եւ յօ­դուած­ներ։ Միշտ միտք կը յոգ­նեց­նէր մեր հա­մայն­քի վար­չա­կան խնդիր­նե­րուն շուրջ, մա­նա­ւանդ կե­դրո­նա­նա­լով ա­նոնց ի­րա­ւա­կան հէն­քին վրայ։

1998 թուա­կա­նի պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն Մու­րատ Պե­պի­րօղ­լու ընտ­րուած էր պատ­գա­մա­ւոր։

Այս տխուր առ­թիւ երկ­նա­յին հան­գիստ կը հայ­ցենք Մու­րատ Պե­պի­րօղ­լուի հոգ­ւոյն ու կը ցա­ւակ­ցինք իր այ­րիին, հա­րա­զատ­նե­րուն եւ հա­մայն ըն­տա­նի­քին։

Շաբաթ, Փետրուար 18, 2017

http://www.jamanak.com/content/%D5%A9%D6%80%D6%84%D5%A1%D5%B0%D5%A1%D5%B5-%D5%AF%D5%A5%D5%A1%D5%B6%D6%84/18-02-2017-%D5%B8%D5%B9-%D5%A5%D6%82%D5%BD-%D5%A7-%D5%B4%D5%B8%D6%82%D6%80%D5%A1%D5%BF-%D5%BA%D5%A5%D5%BA%D5%AB%D6%80%D6%85%D5%B2%D5%AC%D5%B8%D6%82

Yorumlar kapatıldı.