İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Լոյս տեսաւ Ռ. Հատտէճեանի նոր գիրքը ԻՆՆԵՐՈՐԴ ՀԱՏՈՐ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ԲԱՌԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՊՏՈՅՏԻ



Լոյս տեսաւ մեր Խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի «Պտոյտ մը հայոց լեզուի բառարանին  մէջ» շարքի իններորդ հատորն ալ։ Այս հատորին մէջ ի մի կուգան շարքին  655 թիւէն մինչեւ 729 թիւ երկարող յօդուածները։ 

Փափաքողները կրնան օրինակ մը ապահովել Խմբագրատունէս։

Մօտ օրէն լոյս պիտի տեսնէ շարքին տասներորդ ու վերջին հատորն ալ, որով  ամբողջացած պիտի ըլլայ այս շարքը, որ տուրք կը վճարէ մեր հրաշալի լեզուին  ու կը ջանայ զայն առաւել եւս սիրցնել մեր ազգակիցներուն։

Ինչպէս միշտ, գիրքը տպուած է Մարմարայի տպարանին մէջ, կողքը պատրաստուած  է Արի Հատտէճեանի կողմէ։

http://www.normarmara.com

Yorumlar kapatıldı.