İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Şirinoğlu’nun bazı açıklamaları

Bedros Sirinoglunun dun Erdogan ile cemaatimizi ilgilendiren konularda onemli ve yapici bir gorusmesi oldugunu cemaat gazetelerimizden okuduk. Sirinoglu Garo Paylan icin de asagidaki sekilde beyanatta bulunmus.

Տեսակցութեան ընթացքին Պետրոս Շիրինօղլու կանգ առած է նաեւ ընդդիմադիր հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլանի խորհրդարանի վերջին ելոյթին, որ ստեղծած է լայն արձագանգ եւ ան զրկուած է երեք նիստերու մասնակցելու իրաւունքէն։ Հայկական հարցին անդրադառնալու ժամանակ ան օգտագործած էր ցեղասպանութիւն որակումը, ինչ որ մթնոլորտը ալեկոծած էր Ազգային մեծ ժողովէն ներս։ Փայլան ներկայիս իրեն դէմ սահմանուած պատժին բերումով կը պատրաստուի դիմել Սահմանադրական ատեան եւ Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեան։

Այս բոլորին առընչութեամբ Շիրինօղլու Էրտողանին դիտել տուած է, որ համայնքային շրջանակներու ջախջախիչ մեծամասնութեան կողմէ իրեն հասած են հակազդեցութիւններ։ Շիրինօղլու բացատրած է, թէ համայնքին մեծամասնութիւնը անհանգստացած է այդ ելոյթէն եւ Փայլանի խօսքերը ընդհանրապէս չեն ցոլացներ համայնքի տրամադրութիւնները։ Համայնքին մեծամասնութիւնը այդ ելոյթը կը համարէ անտեղի ու անժամանակ եւ ցաւ կը զգայ այս բոլորին բերումով։ Համայնքը համամիտ չէ այդ ելոյթին ու կը դիրքաւորուի պետութեան կողքին։ Նախագահն ալ այս բոլորը լսելով շնորհակալութիւն յայտնած է թրքահայ հայրենակիցներուն։

Yorumlar kapatıldı.