İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ինչ~ կը հասկնանք Սուրբ Ծնունդի եւ Աստուածայայտնութեան Տօն Ըսելով.

Ի տարբերութիւն քրիստոնէական բոլոր եկեղեցիներու այս տօնը Հայ  եկեղեցւոյ մէջ ունի երկու անուն եւ երկու իմաստ ու խորհուրդ: Ամէն տարի 6 Յունուարին Հայաստեայց Առաքելական եկեղեցին կը նշէ  երկու տօներ ,Քրիստոսի ծնունդը եւ անոր Մկրտութիւնը կամ Աստուածայայտնութիւնը , մինչդեռ ուրիշ եկեղեցիներ այս երկու տօները կը նշեն առանձին եւ տարբեր օրեր:

“Ծնունդ” բառը ,մեր մարդկային առօրեայ հասկացողութեամբ կը նշանակէ “Սկիզբ” ,”Ծագում” , սակայն Յիսուս Քրիստոսի պարագային  տարբեր է մեր մօտեցումը,քանի որ, Ան մեր հաւատքին համաձայն  ոչ միայն կատարեալ մարդ է այլեւ կատարեալ Աստուած , հետեւաբար “Ծնունդ” ը  ըսելով կը հասկնանք Անոր  մարդկային բնութեան  կամ սկզբնութիւնը Մարիամի միջոջով : Ասկէ երկու հազար տասնըվեց տարիներ  առաջ Աստուծոյ որդին իր աստուածային բնութեամբ ,առաւ նաեւ մարդկային բնութիւն եւ հանդէս եկաւ որպէս, կատարեալ մարդ եւ կատարեալ Աստուած .
Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ Ծննդեան տօնակատարութիւնտ կ’սկսի Յունուար 6-ի  նախընթաց երեկոյին եւ ճրագալոյցի Սբ.Պատարագով  կը բացուի խորանի վարագոյրը եւ եկեղեցւոյ մէջ ուրախ եւ յաղթական հնչիւններով  կը հնչէ “Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ” շարականը,ժողովուրդը այս երեկոն կը կոչէ “Խթումի Գիշեր”:
Խթումի գիշերը ,խոկումի,աղօթքի ,ներելու ,մեղքի ու յանձանքի ծանրութիւնէն թօթափելու գիշեր մըն է, որպէսզի յաջորդ օրը իւրաքնչիւրը ներողն ու ներեալը մաքուր ու խաղաղ , թեթեւ ու զուարթ սիրտով ու հոգիով դիմաւորէ մեծ տօնը:
Յաջորդ օր 6 Յունուարին կը մատուցուի Ծննդեան հանդիսաւոր Ս.Պատարգը, որուն կը յաջորդէ Ջրօրհնենքը, ի նշան Յիսուս Քրիստոսի Յորդանան գետի մէջ տեղի ունեցած Մկրտութեան : Օրհնուած ջուրը կը բաժնուի ժողովուրդին, ժողովուրդը ըմբելով օրհնուած ջուրը հաղորդակից  կը դառնայ Քրիստոսի Մկրտութեան.
Հայաստաեայց Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ Ծննդեան տօնակատարութիւնները կը շարունակեն 8 օրեր :Այս շրջանը կը կոչուի ”Ծննդեան Ութօրէք” :
Տօքթ.Ս.Ատամ

Yorumlar kapatıldı.