İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Սիպիլի Առաջին Անզուգական Ելոյթը` Լիբանանի Մէջ

Լիբանանահայ արուեստասէր հասարակութեան երկար սպասած պահը արդէն հասած էր: Արուեստասէր հայորդիներով յորդուն սրահը շնչակտուր կը սպասէր առաջին անգամ հանդիպելու պոլսահայ հանրածանօթ երգչուհի Սիպիլի եւ վայելելու անոր քաղցր ձայնը: Ծափողջոյններով երգչուհին բարձրացաւ բեմ եւ աւելի քան 2 ժամ իր զուլալ ձայնով ոչ միայն դիւթեց ներկաները, այլեւ վերահաստատեց պոլսահայ եւ լիբանանահայ գաղութներուն դարաւոր կապերը:

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով երէկ` ուրբաթ, 4 նոյեմբեր 2016-ին, Տըպպայէի «Էմիլ Լահուտ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պոլսահայ երգչուհի Սիպիլի երգահանդէսը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Համազգայինի «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբը եւ «Գայեանէ» պարի դպրոցի սաները:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Թամար Սնապեան-Սուրճեան, որ հաստատեց, թէ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած ձեռնարկը իւրայատուկ է անով, որ տասնամեակներ ետք մշակութային գեղեցիկ օղակ մը կը կազմէ Պոլսոյ հետ: «Երբեմնի Պոլիսը, որ ժառանգուած է մեզի հարուստ մշակոյթով, անքակտելի մասնիկն է մեր հաւաքական յիշողութեան», ըսաւ ան, ապա յայտնեց,  թէ Սիպիլ իր իւրայատուկ ձայնի դիւթիչ թրթռացումներուն հմայիչ դրոշմը պիտի դնէ իւրաքանչիւրի սրտին մէջ: Թամար Սնապեան-Սուրճեան դիտել տուաւ, որ Սիպիլի ընտրեալ երգերուն խօսքերը կը պատկանին արեւմտահայ եւ արեւելահայ մեծանուն հայ գրական դէմքերու, որոնց կողքին կան նաեւ ժամանակակից հեղինակներ, իսկ երաժշտական մշակումներուն եւ յօրինումներուն մէջ ալ մեծ դեր ունին երիտասարդ երաժիշտները: Խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Գայեանէ» պարի դպրոցի ղեկավարներ Կարէն եւ Ժաքլին Մակինեաններուն, «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբի ղեկավար մայեսթրօ Զաքար Քէշիշեանին, ինչպէս նաեւ ԳՈՀԱՐ-ի ընտանիքին, տէր եւ տիկին Սէմ Պալճեաններուն, Հայկական երեսփոխանական գրասենեակին եւ Համազգայինի  «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէնութեան, որոնք ճիգ չեն խնայած ձեռնարկի յաջողութեան համար:
Սիպիլ ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ. «Յուզումով սպասած եմ ձեզի հետ հանդիպելու այս պահուն: Մենք` հայերս, ինչքան ալ ցրուած ըլլանք աշխարհով մէկ, մեր սրտերը մէկ են մեր մշակոյթով, մեր հիասքանչ մայրենի լեզուով եւ մեր արեան կապով»:
Երկու բաժինէ բաղկացած յայտագիրը կ՛ընդգրկէր հայրենասիրական, ժողովրդական եւ դասական երգեր: Ուշագրաւ էին «Կարկաչ» երգչախումբին ընկերակցութեամբ «Աւետեաց երկիր» եւ «Գայեանէ» պարախումբին ընկերակցութամբ «Տեսնեմ Անին» երգերը: Սիպիլ յուզախառն զգացումներով մեկնաբանեց «Կիլիկիա» երգը: Գեղեցիկ կատարում մըն էր «Սէր» զուգերգը` Յակոբ Մկրտիչեանի հետ:
Յայտագիրի ընթացքին ցուցադրուեցաւ նաեւ Սիպիլի «Վանայ լճին» տեսահոլովակը:
Ոգեւորիչ ու գօտեպնդող էին «Ազգ փառապանծ» եւ «Մեր լեզուն» երգերը:
Սիպիլ իր երգացանկի վերջին երգը` «Գետաշէն»,  նուիրեց Արցախը պաշտպանող զինուորներուն: Հիանալի էր երգին մեկնաբանութիւնը պարախումբին եւ «Կարկաչ» երգչախումբին ընկերակցութեամբ:
Պոլսահայ երգչուհիին թովիչ ձայնը, «Կարկաչ» երգչախումբին եւ «Գայեանէ» պարախումբին միացեալ գեղեցիկ կատարումները վկայեցին հայ երաժշտութեան ներգործութեան եւ մշակոյթի առինքնող ուժի եւ գրաւչութեան մասին:
Ծափահարութիւնները երկար եւ ուժգին հնչեցին համերգի աւարտին, կարծես ոչ ոք կը փափաքէր հարազատ ու ջերմ մթնոլորտին հրաժեշտ տալ, որովհետեւ պոլսահայ իւրայատուկ ձայնը հպած եւ իր հետքը ձգած էր ներկաներու սրտերուն ու հոգիներուն մէջ:
Ձեռնարկի աւարտին Սիպիլ իր տեսահոլովակները մակագրեց արուեստասէր հայորդիներուն:

Yorumlar kapatıldı.