İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Դեռ ի՞նչ պահած ես մեզի համար, Հալէ՛պ

Օրեր առաջ, երբ Հալէպէն տասներկու ամեայ պատանիին մահուան գոյժը լսեցինք, ըսինք, թէ ասկէ աւելի ծանր ո՛չ մէկ բան կայ ալ: Տասնեակ մը երիտասարդ զոհեր եւ միայն մէկ ընտանիքէ երկու զաւակի կորուստ՝ մարդկային ուղեղը ցնցող ահաւոր բան է ըսինք ու մերժեցինք հաւատալ: Մերժեցինք ընդունիլ մեր առջեւ գծուած սեւ ու դառն իրականութիւնը: Սակայն պատերազմը կարծէք հեգնելով մեզ մեր ամենածանր ցաւին մէջ անգամ՝ եկաւ ցոյց տալու իր աւելի ու աւելի դաժան պատկերը: 


Երկու երիտասարդ ընկերներ՝ Հալէպի մէջ Ս.Ե.Մ.-ի Ազատամարտ մասնաճիւղէն մեզի ծանօթ փայլուն տղաներ, գաղափարի երկու նուիրեալներ, այսօր գացին անվերադարձ: Բայց այսքանը ըսելով չենք բաւարարուիր: Դաժանութեան տարողութիւնը  ամբողջութեամբ ներկայացնելու համար պէ՛տք է ըսենք, որ անոնցմէ մէկը նորակազմ ընտանիքի ամուսին ու հայր էր, միւսը՝ ընտանիք կազմելու շեմին: Եւ այս ցնցիչ իրականութեան հեռացող ու մնացող զոհերը դարձեա՛լ մեզի ծանօթ ու սիրելի դէմքեր են:
Ս.Ե.Մ.-ի Ղնէմիէյի բանակումներուն ո՞ր մասնակիցը չի յիշեր այդ օրերու Գասպարն ու Մեղրիկը: Դեռ պատանի տարիքին անոնք խոստացած էին իրար հետ կիսել իրենց կեանքը եւ իրենց խոստումը կատարած՝ երկար տարիներ ետք: Իրենց յարաբերութիւնը պաշտօնականացնելէ քիչ անց վրայ հասած էին Հալէպի տխուր դէպքերը՝ ստիպելով անոնց հետաձգել իրենց պսակադրութիւնը: Չէ՞ որ Մեղրիկը յոյսով կը սպասէր Հալէպի դէպքերու առաջին իսկ օրերէն Լիբանանէն Հալէպ գալու ճամբուն վրայ առեւանգուած իր հօր վերադարձը: Այս տխրահռչակ դէպքը արդէն իսկ հիւծած էր աղջիկն ու իր ընտանիքը: Տարբեր կողմերէ խոստումներ կային, բայց՝ իրական ոչ մէկ բան: Մեղրիկը, սակայն, իր յոյսը պահ մ’անգամ չէր կորսնցներ.«Կը պսակուիմ, երբ հայրս վերադառնայ», կ’ըսէր ան ու կ’երազէր հօր հետ թեւանցուկ մօտենալ խորանին, ուր Գասպարը զինք պիտի դիմաւորէր:
Հայրը ոչ միայն չվերադարձաւ, այլեւ ամբողջ չորս տարի ընտանիքը ոչ մէկ լուր ստացաւ անկէ: Այսպէս՝ մերձաւորներու յորդորանքով, Մեղրիկը հրաժարեցաւ իր այդ երազանքէն -առանց երբեք հօրը ուշ կամ կանուխ վերադարձի յոյսը կորսնցնելու- եւ պսակը տեղի ունեցաւ:
Դեռ մէկ ու կէս տարի չէ անցած այն օրէն, երբ նոր յոյսերով ու երազներով Գասպար-Մեղրիկ ամոլը նոր կեանքի մը սկսաւ:
Անոնք իրենց ամուսնութեան առաջին տարեդարձը նշեցին քանի մը ամիս առաջ, գրկած իրենց առջինեկը: Անոնց ուրախ ու գոհունակ դէմքերը տեսնելով ո՞վ կը պատկերացնէր, որ այսպիսի՛ աւարտ պիտի ունենար այս պատմութիւնը: Որո՞ւն միտքէն կ’անցնէր: Ո՞վ կը նախազգար, որ բարեսիրտ ու լաւատես այս երիտասարդը պիտի հեռանար այսպէս անժամանակ՝ իր ետին ձգելով զինք շատ սիրող երիտասարդ կինը ու չորս ամսական երեխան, որ հօրը յիշատակը անմահացնելու համար կարծես լոյս աշխարհ եկած ըլլար: Մեղրիկին հայրը գոնէ վերադարձի յոյս մը ձգած էր մնացողներուն: Գասպարը…: Ու Գասպարին մահազդը, ճակատին՝ պսակի օրուան նկարներէն մէկով, բարի ժպիտով…: Ու Մոսիկը, որուն համար պսակուիլը չիրականացած երազանք մնաց…:
Բարկութեամբ լեցուն են այսօր մեր հոգիները, սիրելի՛ ընկերներ: Անարդարութեան ամենամեծ դրսեւորումն է ձեր այս ձեւով մեկնումը: Գիտեմ, որ ձեր հոգիներն ալ խաղաղ չեն: Անոնք ալ ցասումով լեցուած են: Գիտեմ, ընկերնե՛ր, դուք չէ՛ք կրնար այսպիսի անարդարութիւն մը ընդունիլ: Արդէն պատերազմի անարդարութիւնը քիչ մը մեղմացնելու վճռակամութիւնը չէ՞ր ձեզ հոն՝ Նոր Գիւղի ամայութեան մէջ պահողը…:
Եթէ անցեալ շաբաթ մեր զոհերուն հետ մեր ժպիտը թաղեցինք, ապա այսօր,Գասպարին ու Մոսիկին մահով Սէրը կը թաղենք Հալէպի մէջ: Եթէ ամենամեծ ու ամենաբարի սիրոյ պատմութիւններուն վախճանը այս է, ա՛լ յոյս չունինք քեզի համար, Հալէ՛պ:
Հալէ՛պ, մեր ծննդավայրն ես եւ մեր հարիւրամեայ պատմութիւնն ես դուն, բայց հինգ տարուան ընթացքին մեզմէ խլածդ աւելի եղաւ, քան հարիւր տարի մեզ տուածդ: Ութսուն տարի առաջուան Նոր Գիւղի հիւղաւաններուն նկարները երանելի պատկեր մը կը ներկայացնեն այսօրուան աւերակներուն դիմաց: Քեզ կառուցեցինք ու շէնցուցինք մեր ճակտի քրտինքով, բայց դուն արիւն ու արցունք ալ պահանջեցիր: Եւ ստացար ի՛նչ որ պահանջեցիր, ինչքա՛ն որ ուզեցիր: Չեմ հասկնար, մեր հաւատարմութեան չա՞փը կ’ուզես ճշդել, մեր նուիրուելու ու տալու կարողութի՞ւնը: Վարդ տղաներու արիւն պահանջեցիր ու ստացար: Դեռատի կեանքեր պահանջեցիր ու դրուեցան զոհասեղանիդ վրայ, մինչեւ  որ մեզ վիրաւոր ու խեղճ բազմութեան մը վերածեցիր՝ լեցուն այրիներով ու որբերով, մաշած հոգիներով ու յոգնաբեկ մարմիններով, ճիշդ այնպէս, ինչպէս հարիւր տարի առաջ եկած էինք քեզի…: Բայց հերի՛ք է ալ, Հալէ՛պ, կա՛մ յաղթէ եւ կամ պարտութիւնդ ընդունիր: Կա՛մ ապաքինուիր եւ կամ արագ մահով խնայէ ժողովուրդիդ տառապանքը, թէ չէ այսպէս, կեանքի ու մահուան միջեւ անվերջ տապլտկելով՝ ժողովուրդդ կը մորթուի ամէն օր:
Հալէ՛պ, ո՛չ մեռելներդ այսպիսի մահուան արժանի էին, ո՛չ ալ ողջերդ՝ այսպիսի կեանքի:

Yorumlar kapatıldı.