İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՐԱՅ ԿԱՐՄԻՐԵԱՆի ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ

Հայ Կեանքի  հանրածանօթ Մտաւորական Ուսուցչիչ, Գրագէտ  ԱՐԱՅ   ԿԱՐՄԻՐԵԱՆի  ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ  (14 Յուլիս  1920– 25 Սեպտեմբեր 2016). 
Արայ Կարմիրեան ծնած է , 14 Յուլիս 1920 թուականին  Իսթանպուլի մէջ : Եղած է Մխիթարեանի սան, ապա աւարտած է Իսթանպուլի համալսարանի ճարտարապետութեան ճիւղը, եղած է  Եկրաչափութեան ու գրահաշուագիտութեան դասատու, Իսթանպուլի Մխիթարեան Վարժանի Սանուց Միութեան նախ հիմնադիր անդամը : 

Ապա ատենապետը, եղած է նաեւ Թրքահայոց Ազգային Վարչութեան Տնտեսական խորհուրդի անդամ, Թուրքիոյ Հայոց Ուսուցչաց Հիմնարկի վարչութեան անդամ,եղած է Իսթանպուլի Ս. Խաչ Դպրեվանքի խնամակալութեան վարչական անդամ, դրոշմաթուղթի իր հաւաքածոներով շահած էր միջազգային բազմաթիւ պարգեւներ:

Ընտանիքով  գաղթած է Գանատա, Գանատա գաղթելէ տարիներ վերջ ան սկսած է հայերէն գրել ու գրական աշխարհէ ներս ծառայել իր գրելու ու վերլուծելու վարպետութեամբ: Սկսած է, հրատարակել  հատորները, որոնց կարգին՝ «Գրախօսականներ ու մտորումներ», «Երազի պէս», «Փունջ մը հայկական երգեր»: Աւելի ուշ հետեւելով իր հօր Գառնիկ Կարմիրեանին, ինք ալ յօրինած է կարգ մը երգեր:
Հայ մշակոյթի եւ գրականութեան կարող գրիչներէն եւ մեկնաբաններէն նաեւ  քննադատներէն մէկը եղող 93- ամեայ  Արայ Կարմիրեան ,25  Սեպտեմբեր  2016 թուականին  Գանատայի Մոնթրէալ քաղաքի մէջ կնքեց մահկանացուն .
Ամենակալ Տէրը իր լուսաւոր օդեաններուն արժանի ընէ իմ եկրաչափութեան  հանգուցեալ ուսուցչիչս ,իսկ ընտանեկան պարագաներուն  սրբոյ հոգւոյն մխիթարութիւն պարգեւէ
Այս տխուր առ¬թիւ  ցա¬ւակ¬ցու¬թիւն կը յայտ¬նեմ իր այ¬րիին, զա¬ւակ¬նե-րուն եւ իր ամ¬բողջ ըն¬տա¬նի¬քին:
Աստուած հոգին լուսաւորէ.Յիշատակն  արդարոց օրհնութեամբ եղեցի եւ վաստակն ապրողաց օրհնեալ եղեցի .Ամէն.
Տոքթ.Սարգիս Ատամ

Yorumlar kapatıldı.