İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ Հ.Հ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 25 ԱՄԵԱԿԸ.


Տոքթ.Սարգիս Ատամ

2016 Սեպտեմբերի 21 ին, Հ.Հ իր ետին պիտի թողու անկախութեան 24 տարիները եւ պիտի թեւակոխէ անկախութեան 25 -րդ. տարիին : Ամէն տարի 21 Սեպտեմբերին ողջ հայ հասարակութիւնը կը նշէ Հ.Հ անկախութեան օրը : Այս օրը հայ ժողովուրդի համար ամէնակարեւոր տօնի օրն է:

Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրն ընդունեցաւ 23 Օգոստոս 1990 թուականին, Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի կողմէ: 21 Սեպտեմբեր 1991 թուականին Հայաստանի ժողովուրդը ընտրեց “Անկախութիւնը” տեղի ունեցած հանրաքուէին իր վճռական “Այո”ն ըսելով: Թէեւ այդ պահին այնքան գիտակից չէին ,թէ ինչ~ է երկրի մը անկախութիւնը եւ ինչ~ ձեռքբերում ունի անկախութիւնը , բայց, Հայաստանի քաղաքացիները անկախ ապրելու կողմ քուէրկացին:

Յատկապէս մեզի նման ժողովուրդներ ,որոնք իրենց պատմութեան մէջ տիրապոտութեան տակ երկար տարիներ ապրելու ցաւերը ու տանջանքներ ապրած են իսկ, շատ կարճ շրջան մը ալ անկախ պետութիւն ունենալու բարիքները վայլած են, անոնց համար, անկախութեան տարեդարձները իւրայատուկ կարեւոր նշանակութիւն մը ունին.
Անկախութեան տարեդարձները ժողովուրդներուն եւ անոնց ղեկավարներու առիթ մը կու տան,իրենց անցեալին յետադարձ ակնարկ մը նետելու,անցեալը հաշույարդարի ենթարկելու եւ նաեւ ապագայի վերաբերեալ խորհրդածութիւններ կատարելու համար:

Հ.Հ անցնող 24 անկախ տարիներուն Հայ ժողովուրդը ապրեցաւ բազմաթիւ հպարտառիթ պահեր,իրադարձութիւններ եւ եղելութիւններ:Հայաստան, որպէս անկախ պետութիւն դարձաւ միջազգային կազմակերպութիւններու լիիրաւ անդամ,ունեցաւ բազմաթիւ երկիրներու եւ միջազգային կառոյցներու մօտ դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, զարգացաւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները, կեանքի կոչուեցաւ “Սփիւռքի Նախարարութիւն” նպատակ ունենալով Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու զարգացման խթան հանդիլանալ:Այս առումով կազմակերպուեցաւ բազմաթիւ ձեռնարկներ ու միջոցառումներ , որոնցմէ մին է “Համահայկական Օլիմպիատական Խաղեր”ը:
Անշուշտ Հ.Հ անկախութիւնը հայ ազգին շնորհեց զանազան դրական ձեռքբերումներ որոնց շարքը երկարել կարելի է:Սակայն Հայաստան, անկախութեան հռչակումէն 25 տարի վերջ այսօր իսկ ,ցաւոք սիրտի կը գտնուի բազմաթիւ մարտահրաւէրներու,քաղաքական, դիւանագիըական, տնտեսական,ժողովրդավարական, մարդկանց իրաւունքներու պահպանման եւ սօսիալական դժուարին հարցերու առջեւ եւ նաեւ մեծ տագնապները դիմաւորելու պարտադրութեան տակ: Ասոնցմէ գլխաւորը եւ կարեւորագոյներն են,”Արտագաղթ”,”Քաղաքական Անկայունութիւն” ,”Տնտեսական Վատթարութիւն”, ” Կաշառակերութիւն” եւ “Անգործութիւն” ը :
Հայաստանի տնտեսութիւնը կեդրոնացած է, 20-30 ընտանիքի ձեռքերուն մէջ,երկրի զարգացման բարիքներու եւ երկրի հարուստութեան, բնակչութեան միջեւ համաչափ ու արդար բաշխումը տեղի չունենար եւ բնակչութեան միջեւ ծնունդ կ’առնէ անհաւասարութիւն,խմբաւորումներ եւխտրականութիւններ:
Հանրապետութեան տարածքի մէջ ժողովարութիւնը ու արդարադատութիւնը կը բացակայի, գագաթնակէտին հասած անգործութիւնը, կաշառքը եւ այլ բացասական երեւոյթներ ,յատկապէս երիտասարդ սերունդը եւ նաեւ ժողովուրդի տարբեր խաւերը կը մղէ ,իրենց ապագան զանազան արտերկիրներու մէջ փնտռելու հրամայականի:
Սակայն այս բացասական երեւոյթներու պատճառով, երբեք պէտք չէ որ յուսահատութեան մատնուինք եւ երես դարձնենք Հայաստանին ու Հանրապետութեան անկախութեան:Բոլորս ալ համոզուելու ենք որ,բոլոր բացասական երեւոյթները ժամանակաւոր բնոյթ ունին եւ հայ ժողովուրդը զանոնք յաղթահարելու ուժն, կորովն ու կամքը իր մէջ ունի :
Հայ ժողովուրդի փրկութիւնը իր հաւաքական ուժին մէջն է:
Հ.Հ Անկախութեան 25-րդ տարեդարձը համայն հայութեան  շնորհաւոր թող ըլլայ:
Տոքթ.Սարգիս Ատամ

Գերմանի

Yorumlar kapatıldı.