Zabel Asadur-Hancıyan (Sibil): (1863 -1934)
21 Ekim 1863 yılında İstanbul /Üsküdar da doğdu, güçlü kalem, eğitimci, şair ve romancı Zabel Asadur -Sibil, kadınlarımızın örgütlenerek güçleneceklerine ve bu şekilde güçlü bir kimlik kazanacaklarına inanarak, ateşli kadın hakları savunucusu olarak henüz daha genç yaşlarında Anadolu Ermeni kadınlarının ve kızların sorunlarına eğildi,1879 de ”Milletperver Ermeni Kadınlar Cemiyeti”ni (Azkanıver Hayuhiantz) kurdu. İstanbul ve Taşrada, Ermeni okullarında öğretmenlik yaptı, özellikle Ermeni yetim kızların eğitimli ve bilgili yetişmeleri için çok çalıştı.
***
19.y.y FEMİNİZMİN ÖNCÜLERİNDEN ÜNLÜ ROMANCI-YAZAR ZABEL ASADUR (SİBİL) in ÖLÜMÜNÜN 82.yılı ANISINA (21 Ekim 1863- 19 Temmuz 1934).
Zabel Asadur-Hancıyan(Sibil): (1863 -1934)
21 Ekim 1863 yılında İstanbul /Üsküdar da doğdu, güçlü kalem, eğitimci, şair ve romancı Zabel Asadur -Sibil, kadınlarımızın örgütlenerek güçleneceklerine ve bu şekilde güçlü bir kimlik kazanacaklarına inanarak, ateşli kadın hakları savunucusu olarak henüz daha genç yaşlarında Anadolu Ermeni kadınlarının ve kızların sorunlarına eğildi,1879 de ”Milletperver Ermeni Kadınlar Cemiyeti”(Azkanıver Hayuhiantz)ni kurdu.
İstanbul ve Taşrada, Ermeni okullarında öğretmenlik yaptı, özellikle Ermeni yetim kızların eğitimli ve bilgili yetişmeleri için çok çalıştı. Onların hamiliğini üstlendi, onları karanlık dünyadan çıkarıp ,aydınlığa çıkmaları için çok emek verdi ,eşi Hrant Asadur ile ders kitapları hazırladı , bugün Ermeni okullarında ders kitabı olarak okutulan TANKARAN adlı kitap onun eseridir.
1894 tarihinde zamanın baskıları sonuçunda ,Sibil’in kutsal bir ibadet gibi algıladığı ”Milletperver Ermeni Kadınlar Cemiyeti” kapandı ve tüm hayalleri ve hülyaları yıkıldı, ancak çok geçmeden Anadolu bozkırlarından kopup gelen yetim,okuma yazmaya susamış Ermeni kadın ve kızların çığlıkları karşısında, bir nevi kadınların barınağı ve Okulu olan ”Birleşik Topluluk ve Okul Sever Kadınlar Derneği”( Miatzyal Ingerutyun yev Tıbrotzaser Dignantz Miyutyun)ni kurdu.
1908’de Meşrutiyetin ilanından sonra ,Milletperver Ermeni Kadınlar Derneği tekrar açıldı:1909 yılında Zabel Asadur, bu derneğin yönetim kadrosunu atılgan ve çalışkan genç ve aydın beyinlerle güçlendirdi ve ”Edebiyat Kurulu” (Kragan Tahliç) adlı heyetini kurdu , kurulun başkanlığına Zaruhi Kalemkeryan ve sekreterliğe ise Hayganuş Mark getirildi, böylece bu kurul Ermeni cemiyet, eğitim ve kültür alanlarında bal veren bir peteğe dönüştü: Değerli yazar ve feminizm öncülerinden Zabel Asadur-Hancıyan, 19 Temmuz 1934 de İstanbul da öldü , mezarı Şişli Ermeni Mezarlığındadır.
Dr.med.Sarkis Adam
19 – րդ. Դարու Հայ Իգականութիւնի -Ֆէմինիզմի Գաղափարախօսութեան ՋԱՀԱԿԻՐՆԵՐԷՆ ԶԱՊԷԼ ԱՍԱՏՈՒՐ ի (ՍԻՊԻԼ)
ՄԱՀՈՒԱՆ 82-րդ. ՏԱՐԵԼԻՑԻ ԱՌԹԻՒ
( 21 Հոկտեմբեր 1863- 19 Յուլիս 1934)
Զապել Ասատուր արեւմտահայ կին գրողներու նշանաւորներէն մին է, բանաստեղծ, վիպագիր, ու տաղաբդաւոր դաստիրակ Զապել Ասատուր Հանճեան (1863-1934 ),ծնած է,21 Հոկտեմբեր 1863 թուականին
Իսթանպուլի Սկիւտար թաղի մէջ իսկ մահկանացուն կնքած է 19 Յուլիս 1934 թուականին Իսթանպուլի մէջ: Ան համոզուած էր թէ, Կիները համախմբուելով ու կազմակերպուելով կրնան զօրանալ,զարգանալ ու անձնականութեան տիրանալ:
Դեռ տակաւին դեռահասակ տարիքին, ինքզինք նուիրեց <Հայ Կանանց Ու Որբ Հայ Աղջիկանց> հարցերու դատին:
1879 թուականին , հիմնելով , ”Ազգանուէր Հայուհեաց Ընկերութիւնը” , անդիմադրելի ուժով մղուեցաւ , գաւառներու հեռաւոր ափերու մէջ “Դպրոց” ու”Որբանոց”
կարուցելու նուիրեալ աշխատանքներուն. Ան եղաւ որբ ու խեղճ հայ աղջիկներու “Խնամակալը ու Լոյսը” : Զապել Ասատուր , Հայ կինը , այդ շրջանի տաժանելի պայմաններու խաւարէն հանելով , անոնք առաջնորդեց Լուսաւորութիւն ու Ազատութիւն: Ան լուսաւորեց մթութեան մէջ ապրող կիներու հոգիները , միտքերը , զգացումները:
Ան , յառաջադիմականութեան ճրագը ձեռքը կը փութար , հոն ուր~, “Օգնութիւն”,”Դպրոց”, “Գիրք” հեծեծանք ու աղաղակ կը լսեր.
1894 թուականին , երբ որ, օրուայ բռնապետական ճնշումի հետեւանքով , Սիպիլի Սուրբ պաշտամունքը <Ազգանուէր Հայուհեաց>ը ցրուեցաւ, Ան թեաբեկ թռչունի մը պէս տանջուեցաւ եւ յանկարծ ինկաւ իր երտասարդական երազի մը փլատակին վրայ: Անոր սիրտը կ’այրեր գաւառի անգրագէտ հայուհիներու աղաղակներով:
Ազգանուէր Հայուեանց ընկերութիւնը իրեն համար տեսակ մը ուխտ էր, երբ որ, այս ընկերութիւնը ցրուեցաւ, Անատոլուի դաշտավայրերէ փրթելով եկող հայ կանանց աղաղակներու ու պահանջքներու գոհացում տալու համար , հիմնեց “Միացեալ Ընկերութիւն եւ Դպրոցասէր Տիկնանց Միութիւն”ը, որ պիտի ըլլար հայ աղջիկներու համար <<Ուսուցչանոց ու Ապաստարան>>.
1908 թուականին , Օսմանեան Կայսրութեան Սահմանադրութեան հռչակումէն յետոյ ,”Ազգանուէր Հայուհեանց”ը վերակազմուեցաւ, ընկերութեան հիմնադիր ու նախագահուի Սիպիլ , վերաբացման հանդէսին խօսեցաւ հետեւալ սիրտի խօսքը եւ ցնցեց ամէմէն քարացած սիրտերը:
<<Պէտք է ամփոփենք մեր ամբողջ ուժը: Հոգի, Կորով, Քաջութիւն ներշնջելու համար պէտք է միանանք;Օհ’ , լալու պատճառներ շատ կան, բայց հայը , փիւնիկի պէս կը վերածնի ու ամէն ժամանակէ աւելի առոյգ, աւելի քաջակորով ,կ’ապրի անօրինակ զրկանքներու մէջ, դատապարտուած է ցաւատանջ կեանքի մը, Հայը , իր բոլոր չարչարանքներուն հանդերձ , տանջելի պայմաներու մէջ իսկ , զարգացումի ու ուսումի ծարաւն ունի որը, իր նախկիններէն իրեն ժառանգ մնացած է.Մենք , Դպրոց , Դպրոց ‚աղաղանքներուն անպատասխան ու անտարբեր չենք կրնար մնալ : Դպրոց , Դպրոց հեծեծանքները , հայուն ժառանգական յատկութիւնն է, մանաւանդ “Հայ Կնոջ”: Հայ կինը պարտուիլ , ընկճուիլ չի գիտեր, հայուհին միշտ յառաջ նետուած է, օգնելու,, պաշտպանելու ու մխիթարելու պատրաստ է.
Անատլօուի դաշտավայրերէն, “Դպրոց”, “Գիրք”ի հեծեծանքներու բարձրացած այս օրերուս , ժամանակը անցեալը յիշելով սուգ բռնելու ու լալու ժամանակ չէ, աշխատելու ժամանակ է, ամէն մարդ իր գործին ու պարտականութեան գլուխը պէտք է անցնի:
Հայը , դարեր առաջ մեծ հոգ կը տանէր , կնոջ դաստիարակութեան ու ուսման հարցին, անցեալի մէջ շատ մը օրինակներ կան :
20-րդ. դարուն մենք պիտի թողունք որ~ , հայ կինը , հող կրէ ու հերկէ եւ կամ ծառայէ ուրիշներուն, հացի չափ եւ հացէն աւելի պէտք ունի հայ կինը ուսման : Եթէ ան կրթուի , իր հացը ինք պիտի ‚շահի իր աշխատութեամբ : Մենք ուխտած ենք , մինջեւ մեր յետին շունջը պիտի աշխատինք մեր գաւառացի քոյրերուն համար, պիտի կրթենք ու պիտի բարձրացնենք զանօնք, եւ այս ուղղութեամբ պիտի իրագործուի , <Ազատութիւն>, <Հաւասարութիւն>, <Եղբայրութիւն>, <Արդարութիւն> սուրբ բանաձեւը. Ինչ~ որ ալ ըսեն ու ընեն մեզի դէմ , մեր նպատակէն պիտի չի շեղինք.( քաղուածք, Զապել Ասատուրի ճառախօսութիւնէն , 26/4/1909—Ջահակիրներ –Ե. Սիմքէշեան ).
1909 թուականին Զապել Ասատուր միութեան վարչական կազմը , լուսամիտ , յառաջապահ ու գործոն երեիտասարդ հայ կիներով զօրացուծ ու կազմեց <Գրական Դահլիճ>ը որուն նախագահն էր, Զարուհի Գալէմքէրեան ու ատենադպիրը Հայկանուշ Մարք, այսպէսով <Ազգանուէր Հայուեանց>ը վերածուած էր , փեթակի մը որ, բազմաճիւղ աշխատանքներով մշակոյթային ու կրթական <Մեղր> եր կ’արտադրեր.
Տօքթ.Սարգիս Ատամ
Yorumlar kapatıldı.