İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Երանաշնորհ Գարեգին Ա.Կաթողիկոսի Վախճանման 17 րդ. Տարելիցին Առթիւ

Բացառիկ Հոգեւոերական եւ Մեծ Մտաւորական Երանաշնորհ Գարեգին Ա.Կաթողիկոսի Վախճանման  17 րդ. Տարելիցին Առթիւ. ԲԱՐԻ ՅԻՇԵՆՔ ԵՐՋԱՆԿԱՅԻՇԱՏԱԿ ԳԱՐԵԳԻՆ Ա.ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ.  Տասնըեօթը տարիներ անցան  հոգելոյս Վեհափառի  վախճանման  29.6.1999 թուականէն, Հայ ժողովուրդը այս թուականէն ի վեր, ամէն  տարի  Յունիս  29 ին կը խոնարհի անոր  խնկելի ու քաղցր յիշատակին առջեւ:

Երջանկայիշատակ կաթողիկոսը ժողովուրդը խանդավառող եւ զայն իր կրօնական ու  ազգային հաւատքին մէջ  ամրացնող, հայաշխարհի սակաւաթիւ հոգեւոր մեծ առաջնորդներէն մին էր:
Հայաստանեայց  Առաքելական Ս.Եկեղեցւոյ երկու բարձրագոյն նուիրապետական աթոռներու գահակալութեան իր տարիներուն, հայ ժողովուրդի հոգին ջերմացուց,իր սիրտէն ու միտքէն բխող ամենատաքուկ ու ամենախորունկ զգացումներով, գաղափարներով, վարմունքներով, ու  ազգօգուտ իրագործումներով:
Ան եղաւ հաւատքի , ազգային նուիրումի  եւ հայ գիրի  պաշտամունք ունեցող  հաւատաւոր առաջնորդ մը,իր անհամար հետեւորդներուն, աշակերտներուն եւ հայ  հասարակութեան թողուց անմոռանալի անուն,սէր,քացր յիշատակ ու հոգեւոր դաստիարակութեան անկորուստ ժառանգութիւն.
Հմուտ Աստուածաբան,հոգեւորական,եկեղեցական, ու նաեւ մեծ գործիչ, այլեւ  տաղանդաւոր ուսուցիչ, փայլուն հռետոր,գրասէր ու գրագէտ, հայ լեզուի ոսկերիչ, մեր հոգելոյս  սիրեցեալ հայրապետը, հայ կեանքի ամենէն շքեղ ու փայլուն անձնաւորութիւններէն  մէկն էր, իր իմաստուն, խոհեմ, հեռատես, դիւանագէտ կեցուածքով, իր զուարթախօսութեամբ, իր հաղորդականութեամբ եւ իր  իմացականութեամբ, ու նաեւ իր տարած ազգանուէր ու եկեղեցանուէր  գործունէութիւնեամբ գրաւեծ ամէն տարիքի  հայուն  սիրտը  եւ դարձաւ հայ ժողովուրդի շատ սիրեցեալ վեհափառը, ազգի արժանաւոր հոգեւոր հայրը, համաշխարհային հասարակութեան մէջ ամենէն շատ ճանաչում գտած հայերէն մին՛ ու նաեւ եղաւ  հայուն  հպարտութիւնը.
Գարեգին Ա.Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը հայ եկեղեցւոյ նորագոյն շրջանի ամենափայլուն հոգեւոր առաջնորդներէն եղած է. Ան ժողովուրդի մարդ էր, ամէն մարդ կարող էր անոր հասնիլ, իսկ Հայաստանի ժողովուրդը սովոր չէր կաթողիկոսի մը ժողովուրդի մարդ ըլլալուն, քանի որ, հայաստանցիի համար կաթողիկոսը անհասանելի երեւոյթ մըն էր, հետեւաբար հայաստանցի շատ քիչեր զինքը ճանչցան ու կարողացան անոր արժանի գնահատականը տալ. Բայց մեծ մարդ էր ան, բացառիկ հոգեւորական,մեծ մտաւորական,որն ունէր հսկայական գիտական պաշար. Ան եղած է աշխարհի մի շարք կրօնական ու գիտական միջազգային  հաստատութիւններու , միջեկեղեցական  կառոյցներու, համալսարաններու պատւոյ անդամ ու պատուաւոր տօքթօր. Իր յօդուածները  հրատարակուած են միջազգային միջեկեղեցական պարբերաթերթերու մէջ :Ան միջեկեղեցական  մեծ դէմք մըն էր. Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի կեդրոնական վարչութեան փոխ-ատենապետ եւ զանազան միջազգային կրօնական ժողովներու նախագահ էր.
Երջանկայիշատակ Վեհափառ Հայրապետը գրագէտ ու գրասէր էր, Հայագիտական, Աստուածաբանական, Բարոյագիտական, Փիլիսոփայական նիւթերու շուրջ գրուած շարք մը գիրքերու հեղենակն էր.
Հոգելոյս վեհափառը կերտեց նաեւ սերունդներ, անոր ձեռքին տակէն  դուրս եկած մարդիկ որոնք, այսօր հայ կեանքի մէջ կարեւոր դէմքեր դարձած են.
Կարճ եղաւ անոր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան շրջանը, հայաստանցի ժողովուրդը չկարողացաւ ընկալել անոր արժանիքները  եւ չկրցաւ զինք ամբողջովին Ճանչնալ.
1932 թուականին Նշան Սարգիսեան Կիլիկիոյ  Քեսապ գիւղին  մէջ իր աչքերը լոյս աշխարհ բացաւ, 4 Յուլիս 1999 թուականի Մայր Հայրենիքի սրտին’,Սբ.Էջմիածնի հողին յանձնուեցաւ , որպէս Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոս.                        
Ամենայն Հայոց հոգելոյս կաթողիկոսը, աւազանի  անունով Նշան իր ծննդավայր գիւղին մէջ նախակրթարանի ուսումը ստանալէ վերջ 1944 ին կ՛ընդունուի Մեծի Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը, 1952 ին կ՛աւարտէ դպրեվանքը եւ կը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ, վերակոչուելով Գարեգին Աբեղայ:
1955- ին կը ստանայ վարդապետական աստիճան, պաշտպանելով <<Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Աստուածաբանութիւնը ըստ Հայ Շարականներուն>> խորագրեալ  աւարտաճառը: Կը պաշտօնավարէ դպրեվանքէն ներս նախ իբրեւ ուսուցիչ եւ յետոյ  իբրեւ տեսուչ, աւելի վերջ Անգլիոյ Օքսֆորտ Համալսարանին մէջ կը հետեւի Աստուածաբանական  բարձրագոյն ճիւղին ուրկէ կը վկայուի ներկայացնելով <<Քաղկեդոնի Ժողովը եւ Հայ Եկեղեցին>>  խորագրով աւարտաճառը եւ կը վերադառնայ Դպրեվանքի տեսուչութեան պաշտօնին:
1963- ին կը բարձրանայ Ծայրագին Վարդապետութեան աստիճանին:Եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի  1963- ին եւ Արքեպիսկոպոս 1973- ին:
1971- ին Գարեգին  Եպիսկոպոս կ՛ընտրուի Առաջնորդ Իրանա-Հնդկահաստանի թեմին:1973- ին Հայրապետական պատուիրակ կը նշանակուի Հիւսիւսային Ամերիակայի Արեւելեան  Թեմին ու տարի մը ետք Առաջնորդ կ՛ընտրուի,1977- ին  կ՛ընտրուի Աթոռակից Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկոյ, իսկ1983- ին կը դառնայ Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկոյ Աթոռին: Իսկ 1995- ին  Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս:
Հոգելոյս Վեհափառը հայ Եկեղեցւոյ կեանքի եւ գործունէութեան ծիրէն ներս միջեկեղեցական շարժումի նախաձեռնողներէն մէկն էր,եղած է նաեւ գրագէտ կաթողիկոս,անկախ իր ստորագրած հայերէն,անգլերէն,Ֆրանսերէն մեծ թիւով գրական,աստուածաբանական, եկեղեցագիտական յօդուածներէն,որոնք լոյս տեսած են,այլազան  ամսագիրներու,պաշտօնաթերթերու, հանդէսներու մէջ , ունէր նաեւ  հրատարակուած  բազմաթիւ հատորներ:
Բազմագիտակ գիտնական Հոգելոյս Վեհափառը  շատ փայլուն հռետոր մըն էր , իմաստալից  ու դաստիարակիչ  քարոզներով կ’ոգեվորեր ու կը խանդավարէր   ժողովուրդը, որոնցմէ օրինակ մըն է,Գերմանիա տուած իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին 25.Յունուար1998 թուականին  Գերմանիոյ Առաջնորդանիստ Սուրբ Մեսրոպ¨Սահակ Եկեղեցւոյ մէջ խօսած հետեւեալ քարոզը:
<< Այսօր ըլլայ խմորումի օր եւ դառնայ ուժի խմոր ձեր յառաջիկայ օրերուն,կեանքի հանգրուաններուն մէջ:
Ինչու՜,Քրիստու եկաւ, Ինչու՜,Աստուած մարդացաւ. Մէկ բանի համար,”Սէր”,,
Աստուած այնքան մեծ <<Սէր>>ունի մարդոց հանդէպ որ,ղրկեց իր Միածին Որդին ,որպէսզի ,ան մեզի փոխանցէ  Աստուծոյ “Հոգին”ու”Սէր”ը : Սէրը շինարար  եւ ստեղծագործ է,իսկ  ատելութիւնը  քանդիչ, Ամենահանճար Տէր Աստուածը սիրով ստեղծեց մարդը ու ղրկեց իր Որդին,Քրիստոս Որդին Աստուծոյ,որ ըսաւ: ՛՛ “Ես  եմ Ճշմարտութիւնը,Կեանքը  ու Ճանապարը” եւ ծառայեց մարդկութեան:
Եկեղեցիի ծառաել խոնարհութիւն մըն է Աստուծոյ: Եթէ եկեղեցին  մեր կեանքէն հանենք, մենք կ՛ըլլանք  միայն,հող ու փոշի,, :
Մարդը՛ միս,արիւն եւ ոսկոր ունեցող այն էակն է որ,ունի հոգեկան ապրումներ , թռիչքներ, գաղափարներ, ու իտէալներ,եթէ՛,անոր կեանքին մէջ հոգեկան  ապրումները եւ թռիչքները պակսին, մարդը մարդ ըլլալէ կը դադրի:
Մեր մէջ սկսած է վերանորոգութեան  շրջան մը, այս Սուրբ Խորանէն կ՛ողջունեմ  մեր վերածնունդը ու վերականգնումը:
Մի խնդացնէք՛,մեր թշնամիները, եթէ անոնք մեզ տեսնեն որ,պառակտուած ենք, բաժնուած ենք,շատ կ՛ուրախանան:
Միացէք՛,եկեղեցիի երդիքի տակ, բոլորուեցեք ձեր առաջնորդի շուրջ,մի մոռնաք ձեր մայերենի հողը ու հայրենիքը.
 Քարոզ :Գարեգին .Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի¨ 25.Յունուար1998 Քէօլն.
Հոս,նպաստաւոր կը նկատեմ, երջանկայիշատակ Գարեգին Ա.Վեհափառ Հայրապետի  մտածումներէն մի քանին մէջբերել:
Քանի որ,հայը միւռոն ունի իր ճակատին,միւռոնին փայլը լոյս պիտի դառնայ իր քայլերուն առջեւ եւ օտարութեան փոշին կեղտ պիտի չկապէ այդ ճակատին,իր ճանապարհը ուղիղ պիտի ըլլայ,իր գնացքը՜տոկուն ու յաղթ:
Իրար սիրել կը նշանակէ,իրարու օգնել,իրարու զօրավիգ կանգնիլ,իրարու ծառայել:Քրիստոս սիրեց մարդը եւ անոր համար մարդ եղաւ:Ծառայեց մարդուն ի խնդիր անոր հոգեկան երջանկութեան, անոր փրկութեան:
Աշխատութիւնը այն է երկրին ու կեանքին համար, ինչ որ է հոգին մարմնին:Հանեցէք հոգին մարդուն՛,մահ է այնտեղ: Հանեցէք աշխատութիւնը կեանքէն՛,մեռելութիւն է այնտեղ:
Եղի’ր ու մնացի’ր ուխտի ժողովուրդ: Ուխտ ,կը նշանակէ հաւատարմութիւն հանդէպ Աստուծոյ եւ հանդէպ ազգիդ:Ուխտ ընել գիտցող   եւ ուխտը կատարել կրցող ժողովուրդը չի մեռնիր: Ուխտ ընել գիտցող ու ուխտը կատարել կրցող  անհատը Աստուծոյ եւ ազգի  հաղորդութենէն աւիշ կը քաղէ եւ կը մնայ  առողջ ու տոկուն,կանանչ ու պտղաբեր: Ուխտը կը բարձրացնէ մարդը դէպի Աստուած եւ կը  շաղկապէ ազգին:
Կաղնի է հայոց ազգը: Դարաւոր կաղնի:Ու անոնք որոնք ազգին պատկանելու իրաւ, գիտակից զգայարանքը ունին,դէպի ապագան նայիլ գիտեն,չեն կրնար կտրուիլ կաղնիի բունէն ու արմատներէն,որովհետեւ կ՛աղքատանան եւ կը տկարանան առանց մեր հայրերու ստեղծագործութեան հարուստ ենթահողին եւ անկէ ծնող աւիշին:
Այսօր աշխարհի չորս ծագերուն վրայ  բոլոր ազգեր, անոնց շարքին նաեւ մեր ժողովուրդը, որոնք հողի վրայ, երկրի երեսին  հսկայական նուաճումներ կը կատարեն գիտական , ճարտարաարուեստական եւ մշակութային մարզերուն մէջ, կը պեղեն նաեւ իրենց հայրերու հողը եւ հողի ընդերքներուն մէջ կը փնտռեն արմատները իրենց գոյութեան:
Տառապանքն ու չարչարանքը, նեղութիւնն ու անձկութիւնը, մղձաւանջը վերջը չեն կեանքին,երբ այդ կեանքը իր մէջ վառ պահած ունի  յաւիտենութեան կայծը,անմահակամ հոգիին անմահարար շունչը, ամենայաղթ Աստուծոյ պատկերին ջինջ պայծառութիւնը:
Աւանդութիւնները ազգերու ինքնութեան շաղախիչ տարրերն են,որոնք երբ  անտեսուին,մոռցուին,արհամարուին, գունատութիւն եւ կերպախաթարում յառաջ կը բերեն այդ ազգերու դիմագծութեանց վրայ եւ ի վերջոյ ,դէպի նօսրացում եւ աղոտութիւն, թուլացում եւ անէացում կ՛երթան  անոնք:
Աւանդութիւնները խարիսխներ են ամրութեան եւ տոկունութեան:Հանեցէք զանոնք ժողովուրդներու կեանքէն,ազգերը կը  տատանին անարմատ եղէգներու պէս եւ կը թափին ճիւղերէն փրթած տերեւներու նման:
Այլ դադրինք թափառաշրջիկութեան ջլատիչ հոգեբանութենէն, որ մեր պատմական կեանքի չարաղէտ ու քանդարար երեւոյթներէն մէկն է եղած արդէն:Ինչպէս թօթափեցինք գաղթականի հոգեբանութիւնը,շպրտենք նաեւ գաղթականի ցուպը.: Անցեալի սխալը չկրկնենք :
 Համախումբ ապրելուն մէջն է ազգի մը ուժին աղբիւրը :Որքան  նօսրանանք այս աշխարհի չորս թեւերուն վրայ մշուշի պէս  տարածուելովþ, այնքան կը տկարանանք հովերէն տարուելով եւ ընդհանուրին մէջ մեր ինքնութիւնը կորսնցնելով:
Հայ ժողովուրդը, պիտի պահէ  երջանկայիշատակ Վեհափառ Հայրապետի  մեծաշուք անունը պանծալի, իսկ խնկելի ու քաղցր յիշատակն ալ անթառամ:
Բարձրեալն,բարին Աստուասծ,երջանկայիշատակ Վեհափառ հօր հոգին հանգչեցնէ իր լուսեղէն խորաններուն մէջ,եւ զայն ընդունի սուրբերու կարգին:
Աստուծոյ կ՛աղօթենք որ, անոր տառապած ու յոգնաբեկ  հոգին յաւերժութեան լոյսով լուսաւորուի ու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հաստատ ու անսասան պահուի.
Կը խոնարհիմ,Գարեգին .Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի  քաղծր անմոռանալի յիշատակին առջեւ.
                                                              Տօքթ.Սարգիս Ատամ
                                                               Գերմանիա

Yorumlar kapatıldı.