ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը Ուրբաթ եւ Շաբաթ, Մայիս 20-21ին, նախագահութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, գումարեց իր 44րդ նստաշրջանը՝ օրակարգի վրայ ունենալով նաեւ թեմակալ առաջնորդի, Կրօնական ժողովի եւ Ազգ. վարչութեան կազմերու ընտրութիւնը։ Ժողովը քննարկեց առաջնորդին եւ երկու գործադիր մարմիններուն անցեալ մէկ տարուան աշխատանքը ու նախապատրաստեց յառաջիկայ տարուան աշխատանքի նախագիծը։
Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան վեցերորդ քառամեակի մը համար վերընտրուեցաւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ։
Կրօնական ժողովի անդամ ընտրուեցան՝
– Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան
– Տաճատ վրդ. Աշըգեան
– Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան
– Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան
– Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան
– Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան
– Գարեգին քհնյ. Պետուրեան
Ազգային վարչութեան անդամ ընտրուեցան՝
– Վահէ Յովակիմեան
– Անդրանիկ Գասպարեան
– Գալուստ Յակոբեան
– Մարք Սրկ. Շիրին
– Թերեզ Քեմանճեան
– Էլօ Պոյաճեան
– Ալեք Պաղտասարեան
– Կարօ Էշկիեան
– Աւօ Քէշիշեան
Ժողովը իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախի սահմաններու պաշտպան զինուորներուն ու ժողովուրդին, եւ իբրեւ գործնական արտայայտութիւն ու մասնակցութիւն՝ ծխական շրջանները 75,000 տոլար գումար մը գոյացուցին Արցախի ի նպաստ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան զօրակցական կեցուածքին համար։
Yorumlar kapatıldı.