Երկար տարիներու ազնիւ բարեկամս, երբեմնի դասընկերս, որ առաւել քան 45 տարիներէ ի վեր կը բնակի Ժընեւի մէջ, հեռաձայնային խօսակցութեան մը ընթացքին կը հաղորդէր, թէ հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին առիթով, 24 Ապրիլ 2016-ին, յուշահանդէս մը տեղի ունեցած է Ցիւրիխի մէջ, կազմակերպութեամբ Հայ Դպրոցական եւ Ընտանեկան Միութեան, հայ ժողովուրդի միլիոնաւոր նահատակներու անմեռ յիշատակին նուիրուած: Բարեկամիս տուած տեղեկութեան համաձայն, այս բացառիկ ձեռնարկին եւ դասախօսութեան ներկայ եղած են աւելի քան 200 հայ եւ զուիցերիացի ունկնդիրներ:
Ապա շարունակեց բարեկամս, ըսելով. «Շուրջ 50 վայրկեան, ցոլապատկերներու ուղեկցութեամբ, գերմաներէն լեզուով՝ Կոմիտաս Վարդապետի կեանքին, ստեղծագործական հանճարին եւ երաժշտական ժառանգութեան մասին խօսեցաւ արժանապատիւ Դոկտ. Տ. Աբէլ քահանայ Մանուկեանը: Խանդավառութիւնը աննախադէպ էր…..» : Պահ մը սիրտս հպարտութեամբ լեցուեցաւ, որովհետեւ արժանաւոր եկեղեցական մը, իր ամէնօրեայ աշխատանքներուն, համալսարանական դասաւանդութեանց կողքին յաջողած էր հայ հանճարը ծանօթացնել օտար հասարակութեան — ա՛յն ժողովուրդի զաւակներուն, որոնց նախահայրերը մարդկային արժանիքներու խոր գիտակցութեամբ ու կարեկցութեամբ օգնութեան ձեռք երկարած էին ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ որբերուն եւ տարագրեալներուն:
Կարճ լռութենէ մը ետք, բարեկամս յանդիմանական շեշտով մը հարցուց. ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ այսպիսի տաղանդաւոր պատրաստուած եկեղեցական մը բանբասանքի եւ հալածանքի ենթակայ է Ժընեւի նորանշանակ եւ ո’չ ընտրեալ «առաջնորդին» կողմէ:
Պատասխանելէ առաջ, փորձեցի բարեկամս հանդարտեցնել, յիշեցնելով հայկական առածը. «պտղատու ծառին քար նետողներ շա՜տ կ’ըլլան»: Ինծի այնպէս թուեցաւ որ տուած պատասխանս գոհացուցիչ չէր, եւ բարեկամս աւելի հանգամանաւոր ու համոզիչ, տրամաբանական պատասխան մը կ’ակնկալէր ինձմէ: Հետեւաբար մեր տարիներու բարեկամութիւնը զիս կը պարտաւորէ որ այս մասին նաեւ գրութեամբ արտայայտուիմ եւ մտորումներուս հաղորդակից դարձնեմ հայ հասարակութիւնը:
Անգամ մը եւս յիշեցնենք մեր ազնիւ ժողովուրդին, որ «ձուկը գլուխէն հոտած է», եւ հետեւաբար այս նեխածութեան մէջ կրնան սնանիլ, ուռճանալ եւ ծաղկիլ միայն՝ նախանձը, անհադուրժողութիւնն ու ատելութիւնը, որոնք արդիւնք են հոգեւոր սնանկութեան եւ մտքի աղքատութեան: Անկասկած որ այլոց փայլուն յաջողութիւնները պիտի անհանգստացնեն եկեղեցական բարձրաստիճան բռնակալները, որոնք եկեղեցին վերածած են իրենց հասութաբեր հաստատութեան, անտեսելով մարդկային բարոյականութեան բոլոր չափանիշները:
Ահաւասիկ այս նեխած մթնոլորտի երկունքին արգասիքն է նաեւ Գուսան Վրդ. Ալճալեանը, որ ստրուկներու դասակարգին կը պատկանի իր ողորմելիութեամբ ու հոգեւոր սնանկութեամբ: Ամենայն հայոց հայրապետին անձին մէջ տեսնելով իր զօրութիւնը, եւ ապագայի երազանքներն ու ակնկալութիւնները եպիսկոպոսացման, յանդգնութիւնը ունեցած է կարգակից օծեալի մը հասցէին աններելի բամբասանքներ տարածելու գաղութէն ներս. «Կարգազուրկ է, իրաւունք չունի քահանայ կոչուելու: Առիթ պէտք չէ տալ որ պաշտօնական վայրերու մէջ աղօթք կատարէ: Պէտք չէ զինք հրաւիրել գաղութային ձեռնարկներու եւ մանաւանդ յուշահանդէսներու առիթներով դասախօսելու», եւ տակաւին նմանօրինակ ձափռտուքներ: Այս ի՜նչ ողորմելիութիւն է. ո՞ր դարուն մէջ կ’ապրինք արդեօք: Ի պէտս զարգացելոց, վարդապետին կը թելադրենք կարդալ www.vanagan.com կայքէջի վրայ զետեղուած «Ողջամտութեան բացակայութիւնը» յօդուածը:
Լրջօրէն պէտք է մօտենալ այս հարցին, որովհետեւ նմանօրինակ երեւոյթ մը համազգային գայթակղութիւն է, եւ բոլոր անոնք որոնք «ղեկավար» դիրքերու վրայ կը գտնուին՝ պատասխանատուութեան իրենց բաժինը ունին այս անփառունակ կացութեան մէջ: Նոյնպէս նաեւ անհանդուրժելի է կրաւորական դիրքը մեր ժողովուրդին, որ չի՛ փորձեր վերականգնել իր իրաւունքները համայնքային մեր կեանքէն ներս եւ կը հանդուրժէ մենատիրութիւնն ու բռնակալութիւնը:
Թէեւ ծանօթ ենք Գուսան Վրդ.ի անցեալին՝ որպէս նախկին միաբան Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց վանքին, բայց եւ այնպէս մեր նպատակէն շեղած կ’ըլլանք եթէ մանրամասն կերպով խօսինք այդ մասին: Մեր դժգոհութիւնը սկզբունքային է եւ հետեւաբար մեր ախտաճանաչումներն ու առաջարկները համազգային են, որովհետեւ նման երեւոյթներու առջեւ գտնուած ենք եւ կը գտնուինք զանազան գաղութներու մէջ: Հայաստանեայց Եկեղեցին միշտ ալ բարդութիւններ ունեցած է իր դաժան ճակատագրին բերումով, բայց ժամանակն է որ անցեալի մեր տարակարծութիւններէն ու յուսախաբութիւններէն դաս մը քաղենք եւ վերականգնենք եկեղեցականութեան, եկեղեցւոյ եւ ազգին արժանապատուութիւնը:
Այսօր, հողմացրիւ հայ ժողովուրդը իր պատմութեան ամենակարեւոր անկիւնադարձային ժամանակաշրջանը կ’ապրի: Անհրաժեշտ է որ վերականգնենք ազգային արժէքներու իմացողութեան ապառաժեայ մեր պատուանդանը: Այսուհետեւ անյապաղ պարտինք կատարել հրապարակային քննարկումներ մեր քաղաքական, եկեղեցական եւ մշակութային վատառողջ կեանքի մասին, եւ ժողովուրդի ամբողջական մասնակցութիւնը ապահովել այս նոր զարթօնքին, որովհետեւ ժողովուրդը անտեսուած է մինչեւ այսօր եւ խաղը կը դառնայ քանի մը տասնեակ «մենաշնորհեալ» անձերու միջեւ, թէ՛ հայրենիքէն ներս եւ թէ՛ սփիւռքի տարածքին:
Հայոց պատմութեան մէջ՝ եկեղեցի, կրօնք, հայրենասիրութիւն, ազգային ինքնուրոյնութիւն եւ մշակոյթ ընդելուզած են այնպիսի շաղախով մը, որ կարելէ չէ իրարմէ բաժնել այս ներդաշնակութիւնը: Հետեւաբար՝ժամանակն է որ վերարժեւորենք Ազգին եւ Եկեղեցիին փոխյարաբերութիւնները, եւ, ո՛չ թէ ճառախօսութիւններով եւ մակերեսային մօտեցումներով, այլ ընդհակառակը՝ ամբողջական մասնակցութեամբ եւ գործօն դերակատարութեամբ լուծումներ առաջարկենք ի խնդիր մեր համայնական շահերուն:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
18 Մայիս 2016
Yorumlar kapatıldı.